Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւրոպական խորհրդարանը 20 յունուարին որդեգրած է «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը: Անոնց առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւով ի գիտութիւն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, խիստ քննադատած է խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու, սրբավայրերու թիրախաւորումը, տարանջատուող ռումբերու օգտագործումը, եւ այդ առնչութեամբ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է վաւերացնելու տարանջատուող զինատեսակներու մասին հռչակագիրը:

Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւով նաեւ ընդգծած է, որ յարատեւ կարգաւորումը տակաւին չէ գտնուած, եւ խաղաղութեան հասնելու շրջանի ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման հոլովոյթը պէտք է գործադրուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ հիմնուած ըլլայ վերջինիս Հիմնարար սկզբունքներուն վրայ:

Նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է ապահովուի հայ բնակչութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը, ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու` իրենց նախկին բնակութեան վայրեր անվտանգ վերադարձը:

Բացի ատկէ, բանաձեւով կոչ ուղղուած է պատշաճ ուսումնասիրութեան ենթարկելու մեղաւորները:

Բանաձեւի առանձին` 38-րդ կէտով Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը, որ առաւել եւս կը խաթարէ Հարաւային Կովկասի մէջ փխրուն կայունութիւնը: Թուրքիոյ կոչ ուղղուած է զերծ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ որեւէ միջամտութենէ, ներառեալ` Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւն առաջարկելու տեսքով, ետ կանգնելու իր ապակայունացնող գործողութիւններէն ու գործօն կերպով խթանելու խաղաղութիւնը: Քննադատուած է Թուրքիոյ կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն դէպի Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխումը:

«Ընդհանուր անվտագային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն-2020 թուական. իրականացման վերաբերեալ տարեկան զեկուցում» բանաձեւին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ առանձին պարբերութեան մը մէջ կը նշուի.«Եւրոպական խորհրդարանը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը»:

Այնուհետեւ մտահոգութեամբ ընդգծուած է տագնապին երրորդ երկիրներու զինուորական ներգրաւուածութիւնը, յատկապէս Թուրքիոյ միջամտութիւնն ու ապակայունացնող դերակատարութիւնը, կոչ ուղղուած է իրականացնելու միջազգային ուսումնասիրութիւն օտարերկրեայ զինեալներու ներկայութեան, տարրանջատուող զինատեսակներու եւ ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործման հարցերու առնչութեամբ:

Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային կառոյցներուն կոչ ուղղուած է չարտօնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման անպատժելիութիւնը, պնդած է այն մօտեցումը, որ անհրաժեշտ է արտօնել մարդասիրական աջակցութեան մատակարարումը վնասուածներուն, առանց ձգձգումներու իրականացնել գերիներու ու վնասուածներու փոխանակումը եւ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը:

«Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն-2020 թուական. իրականացման վերաբերեալ տեւական զեկուցում» բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական Միութեան դրացնութեան նկատմամբ ստանձնելու ռազմավարական պատասխանատուութիւն եւ կատարել ժամանակային առումով աւելի պատեհ, աւելի աշխուժ ու արդիւնաւէտ դերակատարութիւն` շարունակուող լարուած իրավիճակներու մէջ ու տագնապներու մէջ միջնորդութեան ու անոնց խաղաղ լուծման, հետագայ տագնապներու կանխարգիլման նպատակով: Ի թիւս այլ ձեւաչափերու, վերահաստատուած է ամուր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, ընդգծուած է, որ Արեւելեան Գործընկերութեան եւ Եւրոպական Միութեան դրացի այլ երկիրներու հետ համագործակցութիւնը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան համար` պայմանաւորուած այդ երկիրներու զարգացման եւ ժողովրդավարացման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան կենսական շահով: Եւրոպական յանձնաժողովին եւ արտաքին գործողութեան եւրոպական գործակալութեան կոչ ուղղուած է, ի թիւս այլ ուղղութիւններու, ամրապնդել մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւները, ներառեալ` մուտքի արտօնագիրներու դրութեան դիւրացման եւ ազատականացման միջոցով, երբ բոլոր պահանջները կատարուած են:

aztagdaily.com/archives/496676

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail