«Քոնկրեսը Պէտք Է Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը, Իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը` Դարձեալ Ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Բանակցութիւններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Շիֆ
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հայկական ընկերութիւնը զարգացուցած է տարբերութիւններ, ճառերով կը դաւանինք որ նոյն ենք, շարունակութիւն ենք, բայց մեր կենցաղով, համոզումներով, մշակոյթով եւ ակնկալութիւններով նոյն չենք, տարբեր ենք, այլազան ենք, յաճախ՝ անհաշտելի հակառակ:Յ. Պալեան/
Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատական քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ «Ասպարէզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, թէ Քոնկրեսը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է դարձեալ ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցութիւններուն մէջ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է դարձեալ կատարէ իր այն գլխաւոր դերը, որուն համար ստեղծուած է: Մեզմէ շատեր տարիներ շարունակ զգուշացուցած են, որ Ազրպէյճանին արտօնուած է իրականացնել իր սադրիչ զինուորական գործողութիւնները, եւ այդ ընթացքին Մինսքի խմբակի անդամները, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը, միայն երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէին վերջ տալու բռնութեան», նշած է քոնկրեսականը:
Ան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ այս զինուորական արշաւին դիմելը ունէր մէկ նպատակ` ուժի կիրարկումով փոխել քարտէսը:
«Խնդիրը տակաւին լուծուած չէ: Բազմաթիւ հիմնախնդիրներ կան, որոնք կը վերաբերին տարածքային հարցերուն, պատերազմական գերիներուն, պատերազմական յանցագործութիւններուն, պատմամշակութային կոթողներուն վնաս հասցնելուն: Այս առումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է սկսի աշխատիլ եւ գործընթացի սկսի այս խնդիրները լուծելու համար: Ասիկա այն ամէնն է, որուն, յոյս ունիմ, նոր վարչակազմը (Միացեալ Նահանգներու, «Ա.») ձեռնամուխ պիտի ըլլայ եւ առաջնահերթութիւն պիտի տայ: Մենք չենք ուզեր, որ այս հարցերը Ռուսիան կամ Թուրքիան լուծեն: Ատիկա իրականութեան մէջ ճիշդ այն է, ինչ որ տեղի ունեցած է այս պարագային: Մենք կ՛ուզենք, որ Մինսքի խմբակը որոշումներ տայ, որպէսզի մենք ունենանք երկարատեւ եւ իմաստալից խաղաղութիւն: Արցախի հարցը Մինսքի խմբակի թղթապանակին մէջ է, եւ կապ չունի, թէ ասիկա Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանին հաճելի՞ է, թէ՞ ոչ: Այս հարցին լուծումը Մինսքի խմբակի առաքելութիւնն է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգները պէտք է ներգործական ղեկավարութիւն ցուցադրեն: Ի հարկէ, Ֆրանսան եւս մեծ առաջնորդ էր այս հարցին մէջ: Հաշուի առնելով վերջինս` մենք պէտք է համագործակցինք Ֆրանսայի հետ: Յստակ է մէկ բան` Արցախի հարցը չէ լուծուած: Կնքուած է ժամանակաւոր զինադադար, որ դարձեալ կը խախտուի Ազրպէյճանի կողմէ», ըսած է քոնկրեսականը:
Շիֆ իր խօսքին մէջ շեշտած է նաեւ, որ շարք մը այլ քոնկրեսականներու հետ նախապէս Քոնկրես ներկայացուցած էին օրէնսդրական թղթածրար մը, որով պէտք էր ճանչցուէր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախութիւնը:
«Երբ կը խօսինք ինքնորոշման մասին, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ Ազրպէյճանին չարտօնենք ցեղային զտում կատարել այս շրջանին մէջ ապրող մարդոց դէմ: Ես յոյս ունիմ, որ այդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը դարձեալ պիտի ներկայացուի եւ պիտի յառաջ մղուի Քոնկրեսին մէջ: Ասիկա կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ ճնշումը պահելու համար այն նպատակով, որ Մինսքի խմբակը սկսի գործել: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը` խաղաղութեան հոլովոյթի հասնելու բանակցութիւններու բացակայութեան պարագային:
«Միացեալ Նահանգներ պէտք է յստակօրէն նշեն, թէ այստեղ Ռուսիա-Թուրքիա գործողութիւն պէտք չէ ըլլայ: Նոր վարչակազմը (Ամերիկեան, «Ա.») պէտք է սկսի այնտեղէն, ուր կանգնած էր` պատժամիջոցներու կիրարկում Թուրքիոյ դէմ` «Էս-400» ռուսական համակարգերու ձեռքբերման համար, որով ան փաստացիօրէն խախտած է իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր իր պարտականութիւնները», մանրամասնած է ազդեցիկ քոնկրեսականը:
aztagdaily.com/archives/496805