Պլինքըն. «Քոնկրեսի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հետ Սերտօրէն Պիտի Համագործակցինք Հայաստանի Եւ Շրջանի Անվտանգային Խնդիրներու Լուծման Համար Անհրաժեշտ Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Նպատակով»
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ/
Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն կողմ է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան, մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար տրուող ելեւմտական աջակցութեան շարունակման: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած վերջին արիւնահեղութենէն ետք, մեր վարչակազմը պիտի վերաքննէ Ազրպէյճանին տրուող զինուորական աջակցութիւնը, եւ եթէ հանգամանքները խնդիրներ ի յայտ բերեն, ապա մեր վարչակազմը պիտի փորձէ սրբագրութիւններ կատարել Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի պահանջներուն մէջ: Քոնկրեսի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտօրէն պիտի համագործակցինք Հայաստանի եւ շրջանի անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով», նշած է Պլինքըն:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայկական յանձնախումբի անդամ, քոնկրեսական Պոպ Մենենտես հետաքրքրուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ի՞նչ քայլ կը պատրաստուի կատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի տեսանկիւնէն:
Պլինքըն անոր գրաւոր պատասխանած է:
aztagdaily.com/archives/496807