ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Մասին Սէուտական Նախաձեռնութեամբ Որոշումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Մասին Սէուտական Նախաձեռնութեամբ Որոշումը

23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ «խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթի` պաշտպանելու համար կրօնական վայրերը»: Նախագիծը ներկայացուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, որ կը ծրագրէ այդ նպատակի աջակցութեան համար միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպել:

Որոշումը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «կրկնապատկելու համաշխարհային մակարդակի վրայ բոլոր մակարդակներուն վրայ հանդուրժողականութեան եւ մարդու իրաւունքներու, կրօններու եւ հաւատքներու բազմազանութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան ջատագովման իր ջանքերը»:

ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մոալլեմի յայտնեց, որ «կրօնական վայրերը խաղաղութեան վայրեր են, որոնք անհատներու պատմութիւնն ու ընկերային բազմազանութիւնը կը ներկայացնեն»` աւելցնելով. «Ցաւալի է վտանգուած կամ քանդուած տեսնել այդ կրօնական վայրերը` ըլլան անոնք իսլամական մզկիթներ, քրիստոնէական եկեղեցիներ, հրէական տաճարներ կամ հինտուներու կամ սիխերու մեհեաններ»` դատապարտելով անոնց դէմ որեւէ յարձակում:

ՄԱԿ-ը այս որոշումով կը դատապարտէ «կրօնական վայրերու դէմ բոլոր բռնարարքները, սպառնալիքները, քանդումները, վարկաբեկումները կամ վտանգումները», ինչպէս նաեւ «որեւէ արարք, որուն նպատակը կրօնական որեւէ վայրի քանդումը կամ զայն բռնի ուժով փոխելն է»:

Որոշումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը կը հրաւիրէ գումարելու համաշխարհային խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցին ՄԱԿ-ի գործակալութիւններն ու անդամ պետութիւնները, քաղաքագէտներ, կրօնական առաջնորդներ, կրօնական կազմակերպութիւններ, լրատուամիջոցներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ առնչակից կողմեր:

Տակաւին չէ ճշդուած թուականը խորհրդաժողովին, որուն նպատակը, ըստ որոշումի բովանդակութեան, պիտի ըլլայ «օգնել քաղաքական աջակցութիւն ապահովելու քայլերու, որոնց նպատակը ՄԱԿ-ի կրօնական վայրերու պաշտպանութեան ճամբու քարտէսը ամրապնդելն է»:

Սէուտական այս նախաձեռնութեան աջակցած են շուրջ երեսուն պետութիւններ, որոնց շարքին` Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը, Մարոքը, Փաքիստանը եւ Վենեզուելան:

Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները եւս բանակցութիւններու ընթացքին բովանդակութեան մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարելէ ետք համաձայն գտնուեցան որոշումին: Եւրոպական Միութիւնը մասնաւորաբար նշեց, որ պէտք է յարգել խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ անհաւատութեան իրաւունքը:

Aztagdaily.com/archives/496840

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail