Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ. «Մեր Կարմիր Գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնն Է»
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ` 27 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը: Հանդիպումին ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակեցին արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին շրջանային կայունութեան ապահովման եւ այդ ուղղութեամբ կառուցողական փոխադարձ գործակցութեան ոգիով աշխատանքը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ մարդասիրական խնդիրներու շուրջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ տակաւին անլոյծ կը մնան բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եւ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ: Հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցան երկկողմանի օրակարգի հարցեր` գոհունակութիւն յայտնելով առկայ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան առնչութեամբ` ընդգծելով տարբեր մակարդակներուն մէջ կապերու եւ փոխադարձ այցելութիւններու առաւել աշխուժութեան կարեւորութիւնը: Կողմերը երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ ջանքեր գործադրելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:
Նախարարներ Այվազեան ու Զարիֆ հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ` մտահոգութիւն յայտնելով շրջանին մէջ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղակայման առնչութեամբ: Շրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ նախարար Այվազեան կարեւոր նկատեց Իրանի հետ սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու երկխօսութիւնը այս ուղղութեամբ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին եւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն:
Երկու հանդիպումներուն նախարար Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան կը հասկնայ Հայաստանի մտահոգութիւնները եւ պատրաստ է օժանդակելու մարդասիրական ջանքերուն` դիտել տալով, որ Հայաստան Իրանի լաւ դրացի է, երկու երկիրները ունին շրջանային ընդհանուր մտահոգութիւններ` շեշտելով, որ երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով կան համագործակցելու կարելիութիւններ:
Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան շատ կարեւոր կը նկատէ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը յարգէ ու կը հետեւի, որ բոլոր ժողովուրդներուն կրօնական եւ այլ իրաւունքները միշտ պաշտպանուած ըլլան: «Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն է, որուն մասին մենք յստակ արտայայտուած ենք», շեշտեց ան: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել զարգացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:
aztagdaily.com/archives/497385