Անդրադարձ – Պողազիչիի Համալսարանը` Էրտողանի Նորագոյն Թիրախը
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ա. Ա.
Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգերու դէմ Ռեճեփ Էրտողանի եւ անոր գործակիցներուն կողմէ մղուող պայքարը տակաւին կը շարունակուի, սակայն` ոչ նախկին տասը տարիներու ուժգնութեամբ եւ թափով:
Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ հաստատուած աշխարհիկ կարգերու հսկիչը եւ երաշխաւորը անցնող տասնամեակներուն եղաւ երկրին ուժեղ բանակին հրամանատարական կազմը` իր բոլոր կառոյցներով եւ ամբողջ համակարգով, որ նաեւ վայելեց ՕԹԱՆ-ի եւ Արեւմուտքին ամբողջական զօրակցութիւնն ու նեցուկը, նկատի ունենալով, որ Պաղ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին Թուրքիա առաջին գիծին վրայ կը գտնուէր նախկին Խորհրդային Միութեան դէմ մղուած բազմերես եւ բազմակողմանի, երբեմն խուլ, երբեմն թաքուն, շատ յաճախ ալ բացայայտ պայքարին մէջ:
Պաղ պատերազմին աւարտով Թուրքիոյ մէջ պետական նոր համակարգ եւ մտածողութիւն ձեւաւորելու հոլովոյթին մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցան իսլամականները, որոնք նախ Էրտողանի ուսուցիչ Նեճմէտտին Էրպաքանի, ապա նոյնինքն Էրտողանի շուրջ համախմբուելով` յառաջացուցին աշխարհիկ կարգերու բուռն ջատագով եւ պաշտպան բանակին ազդեցիկ զօրավարներուն դէմ այն ճակատը, որ հետագայ տարիներուն պիտի յաջողէր ամբողջութեամբ չէզոքացնել զօրավարներուն ուժն ու հեղինակութիւնը, նաեւ` բանտերը նետել երբեմնի «հզօր» զօրավարներէն շատեր, վերջնականապէս բանակը «մաքրագործելով» քաղաքային իշխանութիւններուն մնայուն կերպով սպառնալիք համարուող ինքնագլուխ զինուորականներէն:
Աշխարհիկ կարգերու դէմ էրտողանեան ճակատին կողմէ շղթայազերծուած բուռն պայքարը, սակայն, միայն բանակին հրամանատարական եւ սպայական ընտրանիին դէմ չէր: Տարբեր մակարդակներու վրայ այս պայքարը իր դրսեւորումները գտաւ եւ անոնցմէ ամէնէն կարեւորագոյններէն մին կրթական համակարգը եղաւ: Էրտողանի որդեգրած հակաաշխարհիկ քաղաքականութեան էութիւնը հասկնալու համար պէտք է նշել, որ ինչպէս ամէնուրէք, մինչեւ 2016` էրտողանի դէմ կատարուած զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձը, թրքական բոլոր համալսարաններու նախագահներու ընտրութիւնը եւս կը կատարուէր միջազգայնօրէն ընդունուած հոլովոյթով մը: Թեկնածուները, համախոհաբար կրթութեան նախարարութեան, կը ներկայացուէին համալսարանի գիտական եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին, որ կը քուէարկէր: Եւ ո՛վ որ առաւելագոյն քուէն շահէր, նախագահ կ՛ընտրուէր: Յեղաշրջումէն ետք Էրտողան արձակեց նախագահական հրամանագիր մը եւ ջնջեց համալսարաններու նախագահներու ընտրութիւնը: Որոշումը ունէր աւելի վտանգաւոր բաժին մը: Նախագահները պիտի նշանակուէին իր կողմէ:
Եւ ահա քանի մը օրէ ի վեր Պոլսոյ եւրոպական բաժնին մէջ գործող Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան լաւագոյն հաստատութեան` Պողազիչիի համալսարանին ուսանողները եւ ակադեմական-դասախօսական անձնակազմերը բուռն կերպով կը բողոքեն Ռեճեփ Էրտողանի կողմէ Մելիհ Պուլուի համալսարանի նախագահ նշանակման դէմ: Ոստիկան ուժերու կողմէ ուսանողներուն դէմ գործածուած բիրտ ուժը առաւել պատճառ մըն է հասկնալու, թէ Էրտողան վերջնական որոշումը տուած է: Ծունկի բերել եւ իրեն հպատակեցնել Թուրքիոյ մէջ տակաւին ազատ ու անկախ կարգավիճակ մը ունեցող Պողազիչիի համալսարանը:
Համալսարանին ուսանողութիւնն ու դասախօսական անձնակազմը Մելիհ Պուլուն մերժելու բաւական համոզիչ պատճառներ ունին: Պուլու հիմնադիր անդամ է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Սարիյէր շրջանի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ փոխնախագահը` Էրտողանի կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային մարմինին: Պուլու միշտ եղած է քաղաքակապետական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներու ցանկերուն վրայ, որոնք ձեւաւորուած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ: Պուլու նաեւ հանրածանօթ է իր իսլամական մոլեռանդութեամբ:
15 մայիս 1863-ին Պոլսոյ Պեպեք շրջանին մէջ իր դռները կը բանար Ռապըրթ քոլեճը, որ տարիներուն թաւալման հետ վերածուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն հեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններէն մէկուն: Քոլեճը հիմնադրուեցաւ երկու ամերիկացիներու կողմէ` միսիոնար Սայրըս Հեմլինի եւ մեծահարուստ ուսումնասէր Քրիսթոֆըր Ռապըրթի կողմէ: Քոլեճն ալ կ՛անուանուէր հաստատութեան ֆինանսաւորումը կատարած անձին մականունով: Պէտք է նշել,որ միսիոնար Հեմլին նոյն շրջանին մէջ 1840-ին հայ աշակերտներու համար հիմնած էր Պեպեքի Սեմինարը, ուրկէ քանի մը տարի ետք ալ դուրս կու գային վարպետ հացագործներ: Բոլորն ալ հայ երիտասարդներ, որոնք յատկապէս Պոլսոյ մէջ աւելի ուշ պիտի կազմէին հայ հացագործներու կորիզը, որ ընդարձակուելով` պիտի ճիւղաւորուէր դէպի Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը:Հացագործութեամբ առաւելաբար պիտի զբաղէին սասունցիները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք ալ` Հալէպի մէջ թէ այլուր, հռչակաւոր էին: Քրիսթոֆըր Ռապըրթ եւ Սայրըս Հեմլին Ռապըրթ քոլեճը հիմնադրեցին, որպէսզի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն զաւակները կարենային ուսում ստանալ: Հետեւաբար նպատակը յստակ էր: Ամերիկեան ուսում ջամբել փոքրամասնութիւններուն զաւակներուն:Քոլէճ կրնային յաճախել նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող օտարահպատակներու զաւակները: Ռապըրթ քոլեճը, որ աւելի ուշ նաեւ ունեցաւ աղջկանց բաժին մը, Միացեալ Նահանգներէն դուրս ամերիկեան բարձրագոյն ուսման առաջին հաստատութիւնը կը համարուի:
Իր գործակիցներէն մին Պողազիչիի համալսարանի նախագահ նշանակելով` Էրտողան յստակ պատգամ կը փոխանցէր Թուրքիոյ մէջ խարխափող աշխարհիկ կարգերու պաշտպաններուն, որ Աթաթուրքի հաստատած կարգերը ժամանակավրէպ են, եւ որ` երկրին տարածքին իսլամականութեան ալիքները կարելի չէ կասեցնել: Պողազիչին, ակադեմական թէ բարձրագոյն կրթութեան իմաստով, իսլամականութեան դէմ պայքարող հաստատութիւններէն մին է, որուն տարողութիւնն ու ուժը նկատի ունենալով` Էրտողան այս միջոցին դիմած է, որպէսզի զայն եւս իրեն հպատակեցնէ: Թուրքիոյ ներքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական եւ մշակութային զարգացումներն ու իրադրութիւնները նկատի ունենալով` կարելի է անվարան ըսել, որ իսլամականութիւն – աշխարհիկ կարգեր բախումը եւ անոնց միջեւ խուլ պայքարը նոր դրսեւորումներ ունին, եւ որոնք ժամանակին թաւալման հետ կրնան ներքին անկայունութեան ազդակներու վերածուիլ:
aztagdaily.com/archives/497502