Անդրադարձ. Միացեալ Նահանգներու Ընթացաւարտ Նախագահին Թելադրանքները Նորընտիր Նախագահին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ. Միացեալ Նահանգներու Ընթացաւարտ Նախագահին Թելադրանքները Նորընտիր Նախագահին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ նախագահ Տոնալտ Թրամփի ազգային ապահովութեան թելադրանքները նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընին, 152 էջերու մէջ ամփոփումը լոյս տեսաւ 14 յունուար 2021-ին (1), (From Trump to Biden: The Way Forward for US National Security, Edited by John Hannah & David Adesnik, January 2021,Foundation for defense of democracies, FDD)։ Գրութիւնը պատրաստած են «Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հիմնարկ»-ին փորձագէտները:

Ըստ Ուիքիփետիային, ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան այս հիմնարկը, որ 2001-ին հիմնուած է Ուաշինկթընի մէջ՝ իբրեւ ոչ հասութաբեր քաղաքականութիւն մշակող մտածողներու խումբ (think tank), արձանագրուած է իբրեւ լոպիիստական կազմակերպութիւն: Թէեւ անոնք կուսակցական թեքում չունին, սակայն ծայրայեղ պահպանողական են (hawkish neoconservative) եւ շատ մը ուսումնասիրողներու կողմէ կը նկատուին Միացեալ Նահանգներու մէջ իսրայէլեան լոպիին մէկ մասը (2):

1. Հարաւային կազի միջանցքին խորհրդատու մարմինին ժողովը, ուր կ՛երեւին 18 երկիրներու դրօշակներ, ներառեալ՝ ամերիկեանը, Պաքու, 20-2-2019, նկարը՝ գիրքէն: 2. Հայաստանը շրջանցող խողովակաշարերը եւ երկաթուղին:

Գիրքը կը բաղկանայ հետեւեալ 28 բաժիններէն. Նախաբան, Ներածական, Աֆղանիստան, Չինաստան, Եւրոպա, Հնդկաստան, Իրան, Իրաք, Իսրայէլ, Լատին Ամերիկա, Լիբանան, Հիւսիսային Քորէա, Ռուսիա, Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, Թուրքիա, Եմէն, Զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման կանխարգիլման համաձայնութիւն, Համակարգչային-համացանցային միջավայր, Պաշտպանութիւն, Ուժանիւթ, Հըզպալլայի համաշխարհային վտանգը, Մարդկային իրաւունքներ, Միջազգային օրէնք, Միջազգային կազմակերպութիւններ, Ազգային տնտեսական ապահովութիւն, Սիւննի ժիհատականութիւն, եւ Եզրակացութիւն:

Արդէն իսկ տեղեկագիր-թելադրանքին միայն այս երկիրներուն-նիւթերուն մասին գրելը կը բացայայտէ հեղինակներուն ի նպաստ Իսրայէլի կողմնակալութիւնը, որ փաստօրէն երկար տարիներ գրեթէ առանցքը կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան: Իւրաքանչիւր նիւթ-երկիր երեք մասի բաժնուած է՝ 1. Այժմու քաղաքականութիւն, 2. Քննարկում եւ 3. Յանձնարարութիւն:

Այստեղ պէտք է հաստատել, որ յաճախ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան գերուժեղ գործակալութիւնը (CIA) իր յատուկ օրակարգով կը գործէ, պաշտօնական յայտարարուած քաղաքականութենէն անկախ, սակայն՝ ընդհանրապէս կառավարութեան սեղմ շրջանակի մը գիտակցութեամբ:
Հայաստանը նշուած է միայն ուժանիւթի գլխուն մէջ, իբրեւ անուղղակի, հաւանական վտանգ արեւելք-արեւմուտք կազի միջանցքին (էջ 86-87), ստորեւ՝ այս բաժինին  թարգմանութիւնը եւ վերլուծումը.

«Այժմու քաղաքականութիւն: Վերջին տասնամեակին հսկայական շեղում կատարուեցաւ ուժանիւթի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ, երբ Միացեալ Նահանգները համաշխարհային քարիւղի եւ բնական կազի արտադրութեան առաջին դիրք բարձրացան: 2008-2018 Միացեալ Նահանգներու քարիւղի արտադրութիւնը կրկնապատիկէն աւելի եղաւ, եւ ան զուտ կազ ներածողէն զուտ արտածողի անցում կատարեց: (Միացեալ Նահանգները ցարդ կը պահէին իրենց ուժանիւթի պաշարները եւ իրենց աշխարհատարած ընկերութիւններուն միջոցով կ՛օգտագործէին, տակաւին կ՛օգտագործեն, օտար երկիրներու քարիւղի ու կազի պաշարները, ՅՉ):

«Սակայն այս փոփոխութիւնը չջնջեց Ուաշինկթընի միջազգային ուժանիւթի քաղաքականութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: 2020-ի գարնան քարիւղի շուկայի անկումը (կարգ մը երկիրներու մէջ՝ զերոյէն ցած) ցոյց տուաւ, որ քարիւղի գիները տակաւին մեծ ազդեցութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան վրայ. ցած գիները, որոնք կը վնասեն ամերիկեան արտադրողներուն, այժմ նո՛յնքան սպառնալիք են, որքան բարձր գիները՝ նախապէս:

«Թրամփ փորձեց քարիւղի տակառին գինը պահել $40-$55-ի միջեւ, որպէսզի ամերիկեան կամ համաշխարհային տնտեսական անկում տեղի չունենայ, աշխատելով գլխաւոր արտադրողներ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսիոյ հետ: Այժմ գիները բարձրանալու ընթացքի մէջ են համաճարակին պատճառով:

«Բնական կազի պարագային, կառավարութիւնը աշխուժօրէն քաջալերեց ամերիկեան հեղուկ բնական կազի արտածումը եւ շարունակեց նախորդին ճիգերը՝ հաստատելու միջազգային խողովակաշարերու ծրագիրներ, բարելաւելու համար ուժանիւթի ապահովութիւնը իր դաշնակիցներուն, յատկապէս Եւրոպային:

«Իր նախորդներուն նման, որոնք կը ձգտէին նուազեցնել Եւրոպայի կախուածութիւնը ռուսական կազէն եւ ամրապնդել նախկին խորհրդային պետութիւններուն անկախութիւնը (Ռուսիայէն*), Թրամփի վարչակազմը կ՛աջակցէր դէպի Եւրոպա խողովակաշարերու երկակի քաղաքականութեան: Առաջինն էր «Հարաւային կազի միջանցք»-ի հաստատումը Ազրպէյճանէն Եւրոպա: Երկրորդը՝ զուգահեռաբար անկոտրում կերպով դէմ կենալ Ռուսիայէն Եւրոպա կազ հայթայթող նոր խողովակաշարերուն, ներառեալ՝ «Հիւսիսային հոսք 2»-ին եւ ընդլայնումը «Թուրքհոսք»-ին:

«Թափ տալու համար «Հարաւային կազի միջանցք»-ին, ամերիկացի պաշտօնատարներ աշխատեցան իրենց եւրոպացի գործընկերներուն հետ՝ հարթելու համար օրինական եւ աշխարհաքաղաքական խոչնդոտները Իտալիոյ մէջ եւ շարունակեցին բարձրագոյն մակարդակով նեցուկ կանգնիլ ծրագիրին: Նպատակ ունենալով «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարի ամբողջացումը կասեցնել, որ Ռուսիայէն ուղղակի Գերմանիա (երկրորդ խողովակաշարն է*) կազ պիտի մատակարարէ առանց այլ երկիրներէ անցնելու կառավարութիւնը ծանր պատժամիջոցներով սպառնաց (Ռուսիոյ*), եւ Քոնկրեսը յաւելեալ պատիժներ որդեգրեց»: Կ՛արժէ նշել, որ Գերմանիան ռուսական կազի արտերկրի մեծագոյն յաճախորդն է:

3. «Հիւսիսային հոսք 2»-ի Պալթիք ծովու ընդծովեայ խողովակաշարը: 4. Ռուսիայէն ուղղակի Գերմանիա կազի խողովակաշար 1-ի եւ ընթացքի մէջ եղող 2-ի քարտէսը:

«Վերջապէս, Թրամփի վարչակազմը նպաստեց Արեւելեան Միջերկրականի աւազանին մէջ ուժանիւթի համագործակցութեան: Սակայն վերջերս շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու քանի մը դաշնակիցներուն միջեւ պայքար յառաջացաւ (Ֆրանսա, Յունաստան, Թուրքիա*): Ընդհարումը գերիշխանութեան կը վերաբերի (ծովային սահմաններ*), սակայն կը դրսեւորուի ծովային պեղումներու եւ անոնց արգելք հանդիսանալուն մէջ: Թրամփի վարչակազմը հովանաւորեց ծովային սահմանագծումը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, սակայն ո՛չ Թուրքիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ, ուր ընդհարումը կը շարունակէ զարգանալ: Նմանապէս, վարչակազմը աշխուժօրէն զօրավիգ կանգնեցաւ արեւելեան Միջերկրականի կազի համագումարին (Իտալիա, Յունաստան, Կիպրոս, Եգիպտոս, Յորդանան, Պաղեստին եւ Իսրայէլ, կեդրոնը՝ Գահիրէ*), որուն սակայն չհրաւիրեց Թուրքիան:

«Քննարկում: Միացեալ Նահանգներու քարիւղի եւ բնական կազի արտածումը նկատառելի նպաստ բերաւ համաշխարհային ուժանիւթի ապահովութեան, աւելցուց հասանելիութիւնը ուժանիւթի բանալի շուկաներուն մէջ եւ բնական կազի նոր ներածողներուն մատչելի դարձուց: Վերջին 25 տարիներուն Ուաշինկթընի երկկուսակցական ուժանիւթի քաղաքականութիւնը առաջնորդեց հաստատելու արեւելք-արեւմուտք (Հարաւային նրբանցք*) ուժանիւթի փոխադրութեան նրբանցքը՝ Եւրոպան կապելով Կասպիցին (ի վնաս Ռուսիոյ*):

«Ռուսիոյ մասնակցութիւնը կազի բանալի շուկաներուն մէջ, ինչպիսին է Թուրքիան, նուազեցաւ: Ուստի, Ռուսիան օգուտ կը քաղէ շրջանային (Հարաւային Կովկաս*) անկայունութենէն, որ կ՛ականահարէ (ուժանիւթի*) նոր աղբիւրէն մատակարարումը, այնպէս՝ ինչպէս յուլիս 2020-ի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական ընդհարումը, որուն ընթացքին Երեւանը, որ պաշտպանութեան դաշնագիր ունի Ռուսիոյ հետ, փորձեց նրբանցքին նայող բլուրները գրաւել (տես՝ այս բոլորին մասին յօդուածներս (3)(4)(5)(6)(7)(8)(9)Հակառակ այս մագլցումին եւ լիակշիռ պատերազմին, որ բռնկեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սեպտեմբեր 2020-ի վերջաւորութեան, Հարաւային կազի միջանցքը 2020-ի վերջաւորութեան դարձաւ լիուլի գործածական:

«Յանձնարարութիւն: Միջազգային գլխաւոր խողովակաշարերուն պարագային, աշխուժօրէն պաշտպանել Հարաւային կազի միջանցքին նուաճումը, որ արեւելք-արեւմուտք միջանցքն է Կասպից ծովէն դէպի Եւրոպա: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է ուսումնասիրէ 2020-ի Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմը եւ միջոցներ առաջարկէ պաշտպանելու համար միջանցքը եւ այս ուղղութեամբ գործակցի իր դաշնակիցներուն հետ»: Վերջ ուժանիւթի բաժինին:

Այս ուսումնասիրութիւնը կը շեշտէ հետեւեալը.
ա. Ամրապնդել նախկին խորհրդային պետութիւններուն անկախութիւնը Ռուսիայէն: Հայաստանի պարագային, այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն էր, որ հակառուս քաղաքականութիւն վարեց, եւ 44-օրեայ ահաւոր, անբացատրելի ու դաւադիր պատերազմէն ետք, կամայ թէ ակամայ, աւելի՛ կապուեցաւ Ռուսիոյ: Այժմ երկու կողմերուն ձեռնտու է այս դաւաճան իշխանութիւնը: Միացեալ Նահանգները չեն ուզեր կորսնցնել իրենց «մարդը», որ շարունակէ գործադրել իր հրահանգները: Իսկ միւս կողմէ՝ Ռուսիան չ՛ուզեր կորսնցնել այս պարտուած խամաճիկը, որ այժմ իրենց բոլոր հրահանգները կը գործադրէ ու կը ստորագրէ…Ուրեմն, պէտք է ակնկալել շարունակուող ամերիկեան ճնշումներ՝ հեռացնելու համար Հայաստանը Ռուսիայէն, այսինքն՝ փակել Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական զինուորական խարիսխները:

բ. Տաւուշի շրջանի յուլիս 2020-ի Հայաստան-Ազրպէյճան ընդհարումը նկատի առնուած է իբրեւ Ռուսիոյ դաշնակից  Հայաստանի կողմէ  Հարաւային միջանցքին նայող բլուրներու գրաւում եւ սպառնալիք, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ի մտի ունենան եւ պաշտպանեն խողովակաշարերը: Շատ յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներուն նպատակը Ռուսիան քաղաքականապէս, զինուորապէս եւ տնտեսապէս տկարացնել է: Հարաւային հոսքը տնտեսապէս ի վնաս Ռուսիոյ է, իր կազի յաճախորդները պակսեցան, սակայն 44-օրեայ պատերազմը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը քաղաքականապէս եւ զինուորապէս աւելի՛ ամրապնդեց:

գ. Միացեալ Նահանգները դէմ են բոլոր երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ուր ինք խանգարիչ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ: Ռուսիայէն ուղղակի Գերմանիա «Հիւսիսային հոսք 2»-ի երկրորդ խողովակաշարը, որ կազ պիտի մատակարարէ առանց այլ երկիրներէ անցնելու, դէմ է Միացեալ Նահանգներու շահերուն, քանի որ առանց իրեն՝ Գերմանիան ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն կրնայ ունենալ եւ տնտեսապէս կը նպաստէ Ռուսիոյ:

21 յունուար 2021

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1)  https://www.fdd.org/wp-content/uploads/2021/01/fdd-monograph-from-trump-to-biden.pdf

(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/Foundation_for_Defense_of_Democracies

(3  )https://www.aztagdaily.com/archives/478351   «Ազրպէյճան Կը զգուշացնէ Եւրոպան, Կասպեան Ուժանիւթի Արտածումի Հաւանական Վտանգէն՝ Հայաստանի Հետ Տագնապին Հետեւանքով»

(4)  https://www.aztagdaily.com/archives/486567   «Միացեալ Նահանգները Եւ Արցախի Դէմ Տեղի Ունեցող Պատերազմը»

(5) https://www.aztagdaily.com/archives/487136   «Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Ա.»

(6)  https://www.aztagdaily.com/archives/487443   «Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Բ.»

(7)  https://www.aztagdaily.com/archives/489920   «Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը Եւ Ռուսիան»

(8)  https://www.aztagdaily.com/archives/491890   «Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի Յաղթանակը՝ Սորոսին Եւ Հայերուն Պարտութիւնը»

(9)  https://www.aztagdaily.com/archives/291562   «Արցախը, Քարիւղը Եւ Փորձագէտները»

Արցախի այժմու հերոսներէն Ալպերթ Յովհաննիսեան – գործ՝ Արին Չէքիճեանի, խառն ներկ եւ աւազ, 9 Հոկտեմբեր 2020 – haroutchekijian.wordpress.com

aztagdaily.com/archives/497638

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail