Անդրադարձ – Ֆրանս-Ամերիկեան Գործակցութեան Հաւանական Արդիւնքները – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կիրակի, 24 յունուարին հեռաձայնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, որպէսզի, ինչպէս Սպիտակ տունը նշեց, «արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը»: Երկու ղեկավարները համաձայնեցան սերտ համագործակցութեան կարիքին շուրջ, ինչպէս նաեւ` միասնաբար աշխատիլ արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց առաջնահերթութիւններու, որոնց շարքին` Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի շուրջ: Ֆրանսայի նախագահը Պայտընի յայտնեց, որ իր երկիրը «Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի գործակցի իրանեան հիւլէական ծրագիրին եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ»:
Մաքրոն դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամ առաջին պետութեան նախագահը, որուն հետ Պայտըն Սպիտակ տուն մուտք գործելէ ետք հաղորդակցութիւն ունեցաւ: Էլիզէի պալատը նշեց, որ այդ իրողութիւնը «երկու նախագահներուն միջեւ սերտ գործակցութեան փափաքի ցուցանիշ է»:
Երեք օր ետք` չորեքշաբթի, 27 յունուարին տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն` Անթընի Պլինքընի, որ ի միջի այլոց Փարիզի մէջ ուսում առած ըլլալով` կատարեալ ֆրանսախօս մըն է, եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը արտայայտուեց «Ֆրանսայի` մեր հնագոյն դաշնակիցին ու այլ գործընկերներուն հետ» հետ աշխատելու իր երկրին փափաքը, իսկ լը Տրիան պնդեց Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման ու բարեփոխումներու գործադրութեան շուրջ ֆրանսական ջանքերուն վրայ:
Նշենք, որ Պլինքըն ծանօթ է լիբանանեան թղթածրարին, որովհետեւ ապրիլ 2015-ին, օրին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական, պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Մայրիներու երկիր:
Ուրուագծուած է Ուաշինկթըն-Փարիզ գործակցութիւն մը, որ բնականաբար պիտի ազդէ նաեւ Արցախի եւ Լիբանանի հարցերուն վրայ: Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռակողմ համանախագահութեան անդամ եղող այս երկու երկիրները 9 նոյեմբերին դուրս մնացին ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուած, ռուսական ինքնագլուխ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած յայտարարութեան մը շուրջ համաձայնութենէն: Մոսկուան բաւարարուեցաւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան իր գործընկերները կատարուած իրողութենէն տեղեակ պահելով. իրողութիւն մը, որ բնականաբար դժգոհ կը ձգէ իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներէն եղող Ռուսիոյ հարցով սերտ գործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած Ուաշինկթընն ու Փարիզը եւ զանոնք պիտի մղէ «սրբագրելու» ստեղծուած «անախորժ կացութիւնը»:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ապա Պլինքըն-լը Տրիան հեռաձայնային հաղորդակցութեան օրէն` կիրակի, 24 յունուարէն ի վեր հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով Լիբանանի ամբողջական փակումին դէմ բողոքի ցոյցերը վերածուեցան բախումներու` ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ:
Մինչեւ օրս շարունակուող եւ զոհ մը ու հարիւրաւոր վիրաւորներու պատճառ դարձած այդ անկարգութիւնները մտածել կու տան, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ազդեցիկ արտաքին կողմ մը այդ քաղաքի մեծաթիւ աղքատ դասակարգին ապրուստի, հանապազօրեայ հացի տագնապը կը շահագործէ եւ այդ դէպքերու ճամբով կը փորձէ ձախողեցնել կամ առնուազն իր դժգոհութեան պատգամը կը յղէ ամերիկեան, եւրոպական եւ հաւանաբար նաեւ արաբական օրհնութեամբ-աջակցութեամբ Ֆրանսայի նախաձեռնութեան մօտալուտ վերաշխուժացման նկատմամբ: Այդ արտաքին կողմը, մեծ հաւանականութեամբ, Թուրքիան է, որ վերջին տասնամեակին մեծապէս աճեցուցած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ իր ազդեցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն հազիւ երկու օր ետք, 6 օգոստոս 2020-ին Լիբանան այցելելով` շուքի մէջ ձգած էր երկու օր ետք Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայի` արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ընկերակցութեամբ Լիբանան այցելութիւնը: Ի տես այդ իրողութեան, Օքթայ օրեր ետք` 11 օգոստոսին թրքական «Սապահ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Անգարայի զայրոյթը, յուսախաբութիւնն ու նախանձը արտայայտելով` Մաքրոնը կոչած էր «շփացած պատանի», իսկ անոր Լիբանան այցելութիւնը նկատած` գաղութատիրութեան ցուցանիշ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին 13 օգոստոսին` Մաքրոնի Պէյրութ այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք, յայտարարած էր. «Լիբանան կը գտնուինք` մեկնելով եղբայրութեան յաւիտենական կապերէն եւ այդտեղ չենք լուսանկարուելու կամ տեսախցիկներու դիմաց ցուցադրութիւն կատարելու համար, ինչպէս ոմանք կ՛ընեն»:
Թրքական կողմին ջղագարութեան պատճառը Ֆրանսայի նախագահին արժանացած ժողովրդային ջերմ ընդունելութիւնն ու արձանագրած քարոզչական յաջողութիւնը չէր միայն, այլ հիմնականին մէջ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումով ստեղծուած աղէտալի կացութիւնը շահագործելով` երկիրը թրքական վերահսկողութեան տակ առնելու կամ առնուազն Լիբանանի մէջ թրքական ազդեցութիւնը մեծցնելու փորձի ձախողումը, Փարիզի կողմէ ականահարումը:
Ուաշինկթըն-Փարիզ գործակցութեան ուրուագծումը եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի գործունէութեան վերաշխուժացման ու վերջին օրերուն լիբանանեան պատասխանատուներուն ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն տուած այցելութիւններուն այդ իրողութեան զուգադիպութիւնը մտածել կու տայ, որ Լիբանանի «գուրգուրոտ մօր»` Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնը պիտի վերանորոգուի եւ աշխուժանայ, այդ ալ` Թուրքիոյ նկատմամբ առնուազն նուազ բարեացակամ եղող ամերիկեան նոր վարչակազմի զօրակցութեամբ, ինչ որ Թուրքիան կը մղէ Թրիփոլիի ցոյցերուն ճամբով քաղաքական պատգամներ յղելու եւ իր դժգոհութիւնը արտայայտելու:
aztagdaily.com/archives/497901