Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիններ եւս կ՛անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ… Մինչեւ Ե՞րբ Եւ Մինչեւ Ո՞ւր… ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԵՆԿՃԵԱՆ
02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԵՆԿՃԵԱՆ
Կը կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիններ եւս կ՛անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ…»:
Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ` «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»…
«Գլխուն եկած»-էն ետք, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին, ապա կը մոռնանք կամ կ՛ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք» եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր զիջում այսպէ՞ս պիտի պարտադրուի մեզի, եւ մենք դժկամելով, բարկութեամբ, անհանգստանալով ու ըմբոստանալով` վերջապէս պիտի ընդունի՞նք եղածը, այսպիսով ստեղծելու նոր… սովորութիւն մը:
Ինչո՞ւ ազգովին այս կացութեան մէջ դրուած ենք այսօր: Ի՞նչ ձեւով վերջ պիտի տրուի այս իրավիճակին: Ազգային տագնապին դիմաց, ի՞նչ է մեր հաւաքական պատկերացումը, եթէ ունինք: Իբրեւ դարաւոր պատմութիւն կերտած ազգ, որ ունինք հազարամեակներու արդար պայքարով եւ աշխատանքով ձեռք բերուած հայրենի հող եւ կ՛ապրինք անոր շատ փոքր մասին վրայ, նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք` պահպանելու մեր իրաւունքները, միաժամանակ գիտակից` մեր պարտականութիւններուն:
Այսօր վտանգուած է մեր երկրի եւ ազգի գոյութիւնը: Արդեօք ի վիճակի՞ ենք ազգի գոյութեան ի խնդիր պայքարելու (տակաւին չենք ըսեր` կենաց մահու կռիւ մղելու): Մեր պատասխանատուութեան գիտակի՞ց ենք: Ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին խորութիւնը ըմբռնելու իմաստութիւնը կամ զգօնութիւնը ունի՞նք: Գիտե՞նք մեր ընելիքը, եւ` ո՛չ միայն խօսելիքը: Այս հարցումները դատապարտողի կամ քննադատողի մօտեցումով չենք արձանագրեր, սակայն ասոնք անյապաղ պատասխան պահանջող ու հաւաքական զօրաշարժ թելադրող հրամայական են:
Հետեւելով մայր բնութեան` կը նկատենք, որ անիկա կ՛առաջնորդուի արդար օրէնքի մը համապատասխան եւ կ՛ուղղուի դէպի կատարեալ հաւասարակշռութիւն ու ճշգրտութիւն: Մարդկային ու ազգային կեանքերն ալ` իբրեւ անբաժան մասնիկները մայր բնութեան, կ՛ենթարկուին այդ սրբազան օրէնքին: Մեր ազգային կեանքին պատմութեան դաժան երեւոյթները կը կրկնուին, եթէ մենք չենք կրցած զանոնք վերածել ուսանելի դասերու: Միւս կողմէ, իբրեւ ազգ կամ երբեմն` հաւաքականութիւն, նոյն տարրական սխալը կը կրկնենք ա՛յն պարագային, երբ չենք անդրադարձած կատարուածին:
Այսպէս, սերտենք մեր պատմութեան ընթացքին կրկնուող երեւոյթներուն նրբութիւնները: Հոն պիտի գտնենք վրիպած եւ կրկնուած սխալներ, ապա` առանց առողջ քննադատական-քննարկման փուլեր ու ժամանակաշրջաններ: Շատ արդար է մտածելը, որ արդեօք ուրիշ ազգեր նոյն ընթացքին չե՞ն ենթարկուիր կամ արդեօք անթերի ու առողջ քննական ընթացքո՞վ կը կերտեն իրենց պատմութեան փառքը:
Վստահաբար ո՛չ, սակայն անոնք յաճախ մեզի պէս անդունդի եզրին չեն կանգնած, այսինքն թուրքը անոնց գլխուն վերեւը չէ, կամ աւելի ճիշդ կ՛ըլլար ըսել` անոնց թշնամին թուրքը չէ: Հետեւաբար մեր սխալը տասնապատի՛կ ազդեցութեամբ կը դառնայ կործանարար մեր ազգին համար: Անթոյլատրելի է սխալիլ, երբ կը գտնուինք անդունդի եզրին, իսկ մեր սորված պատմական դասերէն օգտուիլը լրջագոյն հրամայականն է օրհասական ու աղէտալի պահէն դուրս գալու համար:
Թէեւ բնական է, որ վերջին ծանօթ դէպքերէն ետք ապրինք հիասթափութեան եւ յուսահատական պահեր, բայց երբեք իրաւունք չունինք ընկրկելու ու անձնատուր ըլլալու: Մեր ազգը իր գոյութեան վիպական օրերը շատոնց ապրած է: Դեռահաս մը չէ, որ տարուի զգացական վերիվայրումներով ու խարխափի: Հասուն ու սպիտակահերի տարիք ունինք ազգերու պատմութեան մէջ: Ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ` «Մեր գլուխէն շատ տաք ու պաղ անցած է», հետեւաբար սխալներ թոյլատրելի չեն մեզի: Կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրէն, ինչո՞ւ չէ, մեր բոլորէն կը պահանջուին կատարեալ ուշադրութիւն եւ իմաստութիւն: Դոյզն անուշադրութիւնն անգամ այսուհետեւ կործանարար է այն պատառիկին համար, որ հարիւրամեակներու զոհողութիւններով ու արիւնով կերտուած ու պահպանուած է:
Ազգային հաւաքական անփութութեան եւ անհեռատեսութեան գինը շատ սուղ վճարեցինք, երբ փորձեցինք բնութեան արդար օրէնքը անտեսել կամ կարճատեսօրէն շրջանցել: Աչքաթող ըրինք մեր հայրենիքի սրբութիւնները ոտնակոխողներուն աններելի արարքները (չըսելու համար ուրիշ բան): Անգիտակ ու ոչ մասնագէտ անձնաւորութիւններու յանձնեցինք ճակատագրական որոշումներու պարտականութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական շահերը մեզի թելադրեցին ըսել. «Ինծի ի՛նչ. ի՛նչ կ՛ուզեն` թող ընեն»:
Այս տրամաբանութիւնը յաճախ իբրեւ լոզունգ գործածեցինք` պատճառաբանելով. «Մեր ձեռքէն բան չի գար, թող իրենք մտածեն, պահանջեն, պաշտպանեն…», որովհետեւ կարծէք թէ այս կեցուածքը մեզի ալ ձեռնտու էր… Իսկապէս որ… Ո՞վ պիտի խանգարէ իր տաքուկ ու ապահով նստավայրը: Հաւաքականօրէն հաշիւ չպահանջեցինք հայ ազգին պատմութիւնը նսեմացնել փորձողներէն: Ազգովին չսաստեցինք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն հրաժարողները:
Մեղմ եւ սոսկ անհատական արձագանգներու սահմաններուն մէջ պահեցինք կրօնն ու մշակոյթը նուաստացնողները սանձելու արարքները: Հետեւաբար պէտք չէ շատ զարմանալ այսօրուան իրավիճակին համար: Մեր սնուցածն է, որ հիմա կը վերադառնայ մեզ յօշոտելու: Մեր հաւաքական երէկը մեզ հասցուց այսօրուան վիճակին, ու չենք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ մեզ եւ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ…
Խօսի՞նք, եւ ի՞նչ` անոնց մասին, որոնք լիովին հաւկուր դարձած են այսօր: Անոնց ազգային խիղճին սլաքը շատոնց բթացած է, երբ անոր կողմնացոյցը Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի դարպասները ծեծած է` ի գին ազգային արժանապատուութեան:
Ո՛չ, ամէն բան մութ չէ, ամէն բան անգոյն պէտք չէ տեսնել: Համոզուած ենք, որ ազգային մտածողութեան բիւրեղացումը հրամայական մըն է, որուն համար բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի աշխատանք պէտք է տարուի բոլոր ոլորտներուն եւ մակարդակներուն վրայ: Ազգային հաւաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ոգին հիմնաքարն են ազգ-հայրենիք տաճարին:
Այս արժէքը կարելի չէ հիմնաւորել ազգային սովորական զգացական երեւոյթներու դրսեւորումով, այլ մեր կամքը պէտք է խարսխուած ըլլայ ազգային հետեւողական տեսլականի վրայ, սեւեռած` հեռահաս ծրագիրներու եւ նպատակասլաց գործունէութեան ուղեգիծով:
Ազգայինը կրնանք պահել միայն ազգովին…
9 յունուար 2021
Լոս Անճելըս
Aztagdaily.com/archives/497892