Զուգահեռներ` Քեսապի Եւ Արցախի Տեղահանութիւններուն Միջեւ
05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապ բռնագրաւումի, իսկ քեսապցիք տեղահանութեան ենթարկուեցան Թուրքիոյ հովանաւորութեան ենթակայ եւ իր զինած ու իրեն ենթակայ ահաբեկչական հրոսակախումբերուն կողմէ, երբ 2014-ի մարտ 21-ին առաւօտ անոնք ներխուժեցին շրջան` թրքական բանակին ուղղակի միջամտութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Արցախ 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին յարձակումի ենթարկուեցաւ ազերի-թուրք եւ սուրիացի, չեչեն, աֆղան հրոսակախումբերուն կողմէ: Պատերազմ էր, որ աւարտեցաւ նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի վարչապետ, տխրահռչակ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած հրադադարի-անձնատուական համաձայնագիրով` թշնամիին զիջելով Արցախի աւելի քան 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք:
Երկու բռնագրաւումները կատարուեցան նոյն թուրքին կողմէ, մին` Քեսապին, նոր-օսմանական Թուրքիոյ Հանրապետութեան, իսկ միւսը անոր կովկասեան սորթին (ինչպէս կ՛անուանէ Arm-news-ի խօսնակ` Աբրահամ Գասպարեան) Ազրպէյճանի` նոր- օսմանական Թուրքիոյ արեւելեան հանրապետութեան կողմէ:
Կարելի է թուել բազմաթիւ նմանութիւններ, նաեւ` հակասութիւններ:
Սկսինք Քեսապէն.
– Յարձակումը տեղի ունեցաւ նախապէս նախագծուած, ծրագրուած ու պատրաստուած ձեւով: Սուրիական բանակը արդէն երեք տարիներէ ի վեր կը մարտնչէր բազմատասնեակ ճակատներու վրայ` երկրին կեդրոնական, հարաւային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայ բազմաթիւ վայրերու մէջ:
– Սուրիական պետութիւնը թէ բանակը զրկուած էին բոլոր թէժ վայրերը հասնելէ, իսկ հրոսակախումբերը Քեսապէն 10-15 քմ հեռաւորութեան վրայ իրենց դէմ զսպող սուրիական բանակի որոշ միաւորներ ունէին:
– Քեսապը խաղաղ նաւահանգիստ մը կը սեպուէր, (ընդունուած` նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ), ուր ապաստանած էին Սուրիոյ զանազան վայրերէն եկած, զանազան պատկանելիութիւն ունեցող տեղահանեալներ
(Հալէպ, Հոմս, Եագուպիէ, Ռաքքա, Տէր Զօր… հայ եւ ոչ հայ):
– Թուրքիա կը ձգտէր իր տիրապետութեան տակ առնել Քեսապի մերձակայ թուրքմէն բնակչութեամբ շրջանները, որոնցմէ հարաւ-արեւմուտքի գիւղերը արդէն ինկած էին Թուրքիոյ ահաբեկիչներուն ազդեցութեան տակ, մինչ Քեսապէն հարաւ գտնուող գիւղերը կը մնային սուրիական պետութեան իշխանութեան տակ:
– Քեսապահայութիւնը, անակնկալի եկած, բռնեց տեղահանութեան ճամբան դէպի Լաթաքիա, ուր 1909-ի Ատանայի կոտորածներուն ժամանակ եւս ապահով ապաստան գտած էր. մինչ այդ սուրիական բանակին կից գործող ժողովրդային կամաւորներու գումարտակ մը («Ազգային ինքնապաշտպանութեան գումարտակ») կը բարձրանար Քեսապ, սակայն` առանց ունենալու ծանր կազմածներ (հրասայլեր, թնդանօթներ…), ինչ որ կը թուլացնէր անոնց դիմադրական կարողութիւնը. ասոր դիմաց Քեսապի (Սուրիոյ)` Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած թրքական զօրանոցներու թնդանօթները գործնապէս կ՛օժանդակեն ահաբեկիչներուն:
Այդ կամաւորներու գումարտակը դիրք կը բռնէր Քեսապէն հարաւ` արգելք հանդիսանալով ահաբեկիչներուն, որ հասնին աւելի հարաւ, ուր կային քանի մը թուրքմէնաբնակ գիւղեր:
– Քեսապ 84 օրեր մնաց բռնագրաւուած ու սուրիական բանակը մղեց զայն ազատագրելու ծանր մարտեր` տալով բազմաթիւ նահատակներ, եւ վերջնականապէս յաջողեցաւ նոյն տարուան յունիսի 14-ին:
– Քեսապահայութիւնը Լաթաքիոյ մէջ ստացաւ այնտեղի հայութեան անմիջական օժանդակութիւնն ու նեցուկը: Լաթաքիահայութիւնը տեղահանեալ ժողովուրդին դիմաց բացաւ իր սիրտն ու տունը. ժողովուրդին տրամադրուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանի սրահները, յարակից կառոյցներն ու սենեակները:
– Քեսապահայութիւնը ստացաւ Սուրիոյ Կարմիր մահիկին եւ անոր հետ գործակցող ՄԱԿ-ի Գաղթականաց գրասենեակի (UNHCR), ինչպէս նաեւ Յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան տնտեսական եւ վերականգնումի գրասենեակի կենսական նպաստները:
Անշուշտ քեսապահայութիւնը ունեցաւ իր ազգային կառոյցներուն հետ միատեղ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան, Վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինի եւ անոր Լաթաքիոյ նոյնանման կառոյցներու օժանդակութիւնը:
– Տեղահանեալ քեսապահայութիւնը անմիջապէս ստացաւ հայկական բազմաթիւ հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, քոյր յարանուանութիւններ, Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւն, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի (աշխարհասփիւռ) մարմիններ, հայկական այլ կազմակերպութիւններ…), ինչպէս նաեւ Լաթաքիա նահանգի արաբ եւ իսլամ եղբայրական ժողովուրդին օժանդակութիւններն ու նպաստները:
– Քեսապահայութիւնը նոյնպէս ստացաւ սուրիական պետութեան եւ անոր ղեկավարութեան անմիջական օժանդակութիւններն ու նեցուկը: Անոր իրավիճակով անմիջականօրէն զբաղեցաւ պետութեան գլխաւորը` յանձինս նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի: Ան Լաթաքիա գործուղեց երկրին վարչապետը եւ նախարարներու խումբ մը, որոնք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հանդիպեցան ժողովուրդին եւ պատասխանատու մարմիններուն հետ: Իսկ Լաթաքիոյ նահանգապետը առօրեայ դրութեամբ զբաղեցաւ քեսապահայութեան դժուարութիւններով ու հարցերով` քանիցս այցելելով եկեղեցի, միշտ իրեն հետ ունենալով նահանգի կառոյցներուն տնօրէնները:
– Քեսապահայութեան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովէն լիազօրուած պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներուն, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արշակ Փոլատեանը, որ քեսապահայութեան տրամադրութեան տակ դրաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նպաստը:
– Քեսապահայութեան հետ քանիցս եղան Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւներ` Բերիոյ հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը` անոր տալով նիւթաբարոյական իրենց բերած նպաստներն ու հոգածութիւնը:
Վերոյիշեալ թւումները` սկսած սուրիական բանակի մարտնչումներէն, թէ զոհուած նահատակներէն, հասնելով մինչեւ անհատ բարերարներու նախաձեռնութիւնները, խթան հանդիսացան, որ քեսապահայութիւնը հաւատայ, որ իր տեղահանեալի իրավիճակը երկար պիտի չտեւէ, եւ տունդարձը հեռու չէ:
Քեսապ ազատագրուեցաւ քեսապահայութեան տեղահանութենէն 84 օրեր ետք: Ժողովուրդին տունդարձը եղաւ փուլային` յաջորդող 6 ամիսներուն ընթացքին: Ազատագրուած Քեսապը դարձաւ սուրիական պետութեան կիզակէտը: Շատ շուտով վերականգնուեցան անոր ենթակառոյցները` ջուր, ելեկտրականութիւն, հեռաձայն… եւ այլն: Պետութիւնը ճիգ չխնայեց ամէն ինչ բնականոն իրավիճակի հասցնելու: Պակաս չեղան նաեւ կենցաղային թէ այլ նպաստները, որոնք օգնեցին, որ վերադարձած ժողովուրդը իր աշխատանքով շուտով վերականգնէ իր տունն ու այգին կամ գործատեղին:
Սուրիական պետութենէն, որ նոյն ժամանակ զբաղած էր հարիւրաւոր շրջաններ պաշտպանելու եւ կամ վերականգնելու գործընթացներով, աւելի երկար ժամանակ պահանջուեցաւ Քեսապէն 8-10 քմ հեռու գտնուող, ահաբեկիչներով տիրապետուած շրջանները վնասազերծելու, ինչպէս նաեւ Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին վերաբանալու:
Յաջորդ տարիներուն, մերթ ընդ մերթ, ահաբեկիչները Քեսապը հարուածեցին հեռահար հրթիռներով, սակայն Քեսապի սահմաններուն վրան տեղակայուած սուրիական բանակի ներկայութիւնը աւելի վստահութիւն ներշնչեց ժողովուրդին, որ կառչած մնայ իր գիւղին` շատ լաւ գիտնալով, որ Թուրքիոյ մերձակայութեամբ ապրիլը լարուած ականի մը վրան քնանալէն շատ ալ տարբեր չէր կրնար ըլլալ:
Քեսապահայութիւնը 2014-2020 կորսնցուց իր թուային պատկերին 20 առ հարիւրը, սակայն` մեծ մասամբ անգործութեան եւ այլ երկրորդական պատճառներով (մինչ հայաշատ այլ շրջաններ ունեցան աւելի մեծ թուական անկում):
Վերոյիշեալ պետական, սուրիական թէ հայկական այդպիսի գուրգուրոտ վերաբերումը, որ ցայսօր կը շարունակուի, թէկուզ շատ նուազ ծաւալով, օժանդակեցին, որ արտագաղթը ըլլայ նուազագոյն չափերով:
***
Ինչ կը վերաբերի Արցախի 2020-ի պատերազմին, փորձենք գտնել զուգահեռներ եւ հակասութիւններ` Քեսապի տեղահանութեան կամ պատերազմին հետ:
– Արցախի պատերազմը կանխատեսելի էր. արդարեւ, ամրան ամիսներուն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համատեղ ռազմափորձերը ճերմակ աղաւնիներու թէ խաղաղութեան ձիթենիի ոստեր չէին մարմնաւորեր: Եթէ Հայաստանի «քայլող» իշխանութիւնները ննջած էին կամ չէին գիտեր ասիկա, ուրեմն դատապարտելի է, իսկ եթէ իմացած էին ու իրազեկ, այն ատեն իրենց ձեռնածալ մնալը կրկնակի դատապարտելի է:
Քեսապի վրայ յարձակումը աննախատեսելի էր:
– Հայաստանի իշխանութիւնները, քաղաքականօրէն իրենցմէ վանած էին բարեկամն ու դաշնակիցը, մինչ Սուրիա արդէն գտած էր բարեկամներ, թէկուզ ամբողջ Արեւմուտքը հակադրուած էր Սուրիոյ:
Պրն. վարչապետին բարեկամ արեւմուտքը նոյնիսկ չդատապարտեց յարձակող եռանկիւն կողմը (Թուրքիա-Ազրպէյճան-ահաբեկիչներ):
– Կրնա՞յ ըլլալ, որ Հայաստանի «քայլող» իշխանութիւնները ծանօթ չէին նոր-օսմանական Թուրքիոյ ձգտումներուն, կամ անծանօթ էին Թուրքիոյ Ազգային ուխտի մանրամասնութեանց, եւ կամ չէին գիտէր, կամ չէին լսած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն բազմամեակ յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները… Ասոր արդեօք կ՛ըսե՞ն «քաղաքական հասունութիւն», երբ սովորական հայ քաղաքացին արդէն ահ ու վախի մէջ կը շարունակէ իր գոյութիւնն ու կեանքը` հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ:
– Հայաստանի ռազմունակ բանակը անզէն էր` համեմատած Ազրպէյճանի, որ օր ու ցերեկ զինուելու (արդիական կազմածներով) հապճեպին մէջ էր, մինչ Հայաստանի «հպարտ» իշխանաւորները «սեւ ու ճերմակ»-ի կամ «ասֆալթին փռելու» եւ ժողովուրդը պառակտելու ետեւ էին` թերի զինում վերագրելով «նախկիններուն»: Երկուքուկէս տարի «ատենամարզանքով» զբաղեցան իշխանութիւնները:
Եղաւ պատերազմը: Մինչ սուրիական բանակը, թէկուզ` սադայէլին հետ ձեռք երկարելու պատրաստ, ամէն գնով փորձեց երկիրը ազատել վիշապներուն բերաններէն: Ի՞նչ ըրին Հայաստանի իշխանութիւնները: Սուտ ու պատիր լուրերով, սադրանքներով քայքայեցին ճակատը ու «Յաղթելու ենք» բացագանչեցին…
– Աւարտեցաւ պատերազմը 44 օրեր ետք: Տեղի ունեցաւ անձնատուութիւն: Մինչ սուրիական բանակը ափի չափ Քեսապին եւ այլ վայրերուն համար տուաւ բազմաթիւ նահատակներ, այսօր ալ տասը տարիներ ետք ոչ մէկ պարտուողական քայլ կամ խօսք լսած ենք, կամ` զիջում արձանագրած…
– Պատերազմը աւարտեցաւ 10 հազար ու աւելի քառակուսի քիլոմեթրի կորուստով: 5000 ու աւելի նահատակներ ու 10-12 հազար վիրաւոր ու կորսուածներով: Արցախի բնակչութեան 70-80 առ հարիւր տեղահանուած է ու համարեա լքուած իր ճակատագրին ու բախտին, անոնցմով կը զբաղին անկազմակերպ կողմեր. ո՞ւր է հայրենի «հպարտ» իշխանութիւնը, ո՞ւր են միջազգային «մարդասիրական» (՞) կազմակերպութիւնները: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անտուն ու տեղահանեալ արցախցիներուն ճակատագիրը, երբ պարտուած ու աթոռներուն կառչած ու ամէն օր Հայաստանի հողերէն մասեր զիջող կառավարութիւնը լռութեան, թմբիրի կամ անտարբերութեամբ քուն եղած է:
– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հաւաքած գումարները, փոխանակ երթալու անօթեւան ժողովուրդի պէտքերը հոգալու, կ՛երթան փակելու սնանկացած (նիւթական թէ բարոյական իմաստով) իշխանութիւններուն բացը կամ «պարգեւավճարներու» կը տրամադրուին:
– Հայ եկեղեցին, հայ յարանուանութիւնները, որոնք հայոց պետականութեան ամուր կռուաններէն են, մանաւանդ` Հայ առաքելական եկեղեցին, ազգային եկեղեցին, 2,5 տարիէ ի վեր, մանաւանդ յետ անձնատուութեան, յարձակումի թիրախ են «քայլական» իշխանութիւններու թէ իշխանաւորներոն կողմէ:
Նախ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառութիւնը, ապա Ս. Էջմիածնի վեհափառութիւնը, պիտի արձանագրենք, որ ափ մը Քեսապին նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեցին եւ վստահաբար նոյնը կ՛ընեն ու պիտի շարունակեն ընել Արցախին ու արցախցիին համար:
– Ցայսօր անորոշ կը մնայ Արցախին ու արցախցիին ճակատագրական ապագան: Մինչ փոքրիկ Քեսապին համար անկարելին կարելի դարձուց սուրիական պետութիւնը ու կը շարունակէ այդպէս…
– Քեսապահայութեան տունդարձի երազը միշտ վառ մնաց. այսօր կը թուի, անմարդկային թէ անտարբեր վերաբերման հետեւանք, յուսահատութեան մատնուած Արցախի թէ Հայաստանի բնակչութիւնը դէպի ո՞ւր ուղղած է իր հայեացքը. դէպի Արարա՞տը, թէ՞…
– Սուրիոյ 10-ամեայ տագնապի առաջին տարիներուն իսկ իշխանութիւնները յաջողեցան գերպետութիւններու (Ռուսիա եւ Չինաստան), ինչպէս նաեւ շրջանային հսկայ Իրանի անվերապահ աջակցութիւնը ապահովել արեւմտեան ՕԹԱՆ-ի ճակատին դէմ. Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք զիրենք ո՞ւր կը զգան` ՕԹԱՆ-ի՞, այսինքն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, անտարբեր արեւմուտքին գի՞րկը թէ՞…
***
Կը խոստովանիմ, որ տակաւին շա՜տ ու շա՛տ ծալքեր կան Արցախի ու Հայաստանի պատասխանատու թէ իշխանաւոր շրջանակներու արարքներու թէ ընթացքներուն մէջ, որոնք գարնան ձիւնհալի նման, յառաջիկային պիտի յայտնաբերեն, թէ ինչե՜ր տակաւին պահուած կան «անձնատուութեան» ձիւնին տակ, կամ` այդ ընթացքը տակաւին ի՞նչ պատուհասներ պիտի բերէ հայութեան:
Կը խոստովանիմ, որ վեց տարիներ առաջ, որպէս տեղահանութիւն ապրած քեսապցի, շատ լաւ կը զգամ արցախցիին ցաւն ու տառապանքը. անզօր ըլլալով զանոնք ամոքելու` կը տառապինք ես ու համագիւղացիներս` երեւակայելով, նախատեսելով ու սակայն մերժելով աւելի վատը:
Մենք` Կիլիկեան Հայաստանի ու արիւնարբու թուրքին հարեւանութեամբ ապրող քեսապահայերս, որ հարիւր տարուան մէջ երեք տեղահանութիւն ապրած ենք, ամէնօրեայ սպառնալիքի տակ ըլլալով հանդերձ, ապաւինած ենք մեր` Սուրիոյ պետութեան ու բանակին հովանիին, պահած ենք ու կը շարունակենք պահել մեր համարումն ու վստահութիւնը մեր պետութեան հանդէպ:
Գուցէ եւ տուեալներն ու փաստերը չենք կրնար շօշափել, սակայն տեսած ու շօշափած ենք անոր հովանին:
Հայաստանի մերօրեայ «քայլող» իշխանութիւնները որքանո՞վ կրցած են շահիլ արցախահայութեան թէ Հայաստանի հայութեան (նոյնիսկ սփիւռքի հայութեան) համարումն ու վստահութիւնը…