Ինչեր Պէտք Չեն Եւ Ինչեր Պէտք Են Ժողովրդավարական Կարգեր Ունենալու Համար – ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Art-A-Tsolum – Depictions of Agriculture – 7,500 years old petroglyphs of ukhtasar mountains armenia

Ինչեր Պէտք Չեն Եւ Ինչեր Պէտք Են Ժողովրդավարական Կարգեր Ունենալու Համար – ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

0205armineԱմերիկայի Միացեալ Նահանգները աշխարհի ամենահին ու կայացած ժողովրդավար երկիրներէն է: Անոր կառավարման ուղին հիմնուած է երեք, իրարմէ անկախ, ճիւղերու վրայ՝ օրէնսդրական, գործադիր եւ դատական: Կառավարման այս ձեւի հիմքն է Հանրապետութիւնը։ Որպէսզի կառավարման ընթացքին տեղի չունենայ չարաշահում կամ ուժայիններու անարդար վերիշխող գործարք, մէկ ճիւղը իրաւասու է հսկելու միւսին, անգլերէնով՝ Checks and Balances:

Այսպիսով Ամերիկայում երբեք չի կրնար տիրել միապետութիւն, որմէ Ամերիկայի հիմնադիրները յաջող կերպով ձերբազատուեցան Անգլիայի թագաւորութենէն:

Ցաւօք, Հայաստանը ըլլալով բոլշեւիկեան միապետութեան ճնշող միանձնեայ կառավարման իրաւայաջորդը, չկարողացաւ իրական ժողովրդավար իշխանութիւն ձեւակերպել: Յայտնուեց իբր ժողովրդավար կարգեր հաստատող անձ, Փաշինեանի տեսքով, որի իշխանութիւնը ցաւօք վերածուեցաւ ԱՆՁԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ իշխանութեան մը, որ տուաւ, ինչպէս տեսանք, իր ազգակործան արդիւնքը:

Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը յայտնուեցաւ տապալուելու անդունդի եզրին, բայց բարեբախտաբար դիմացկուն գտնուեցաւ ու դիմացաւ այդ փորձանքին, ի հեճուկս Թրամփի միահեծան երազանքներուն:

Ներքեւը կը ներկայացնեմ ժողովրդավար կառավարման կէտերը, համառօտ․

  1. Ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլայ, երբ ղեկավարները միայն կը փառաբանուին, առանց նաեւ քննադատուելու:

2.Ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլալ, երբ կառավարողները իրենք կը գրեն սահմանադրութիւնը, իրենց սեփական շահերէն մեկնելով:

  1. Ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլայ, երբ հաւասարութիւնը միայն խօսքով կը յայտարարուի, բայց իրականութեան մէջ տիրողը անհաւասարութիւնն է:
  2. Ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլալ, երբ պիւրոկրատները (դիւանակալները-Խմբ․) շատ աւելի կարեւորութիւն ունին քան քաղաքացիները, քան հիմնարկներու փրոֆեսորները…
  3. Ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլայ, երբ միայն իշխողներն ու իրենց շրջապատը հնարաւորութիւններ ունին բարգաւաճելու:

Ճշմարտապէս Հայաստանի ՆԱԽԿԻՆ իշխանութեանց քաղաքականութեան բացայայտումը չէ վերը նշածներս:

 

ԻՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Ժողովրդավարութիւնը համակարգ մըն է, որ անվերապահօրէն եւ հրապարակաւ կը քննադատէ ղեկավարներու թերացումները, անհեթեթութիւնները, նոյնիսկ եթէ այդ ղեկավարները ըլլան կառավարական բարձր պաշտօնեաներ…

Պէտք է իւրաքանչիւր քաղաքացի ազատ ընտրելու իրաւունք ունենայ: Օրէնքին պէտք է ենթարկուին բոլորը, ներառեալ պետական գործիչներ:

Քաղաքացիները իրաւունք պիտի ունենան գիտնալու, թէ իրենց ղեկավարները ինչպէ՞ս կ՛ապրին, ի՞նչ կը մտածեն, ի՞նչ բաներով կը զբաղին:

Քաղաքացիները իրաւունք պիտի ունենան պահանջելու պաշտօնազրկումը անարժան ղեկավարներուն:

Օրէնքը պէտք է պաշտպանէ քաղաքացին՝ կաշառակերութեան, անիրաւութեան, բռնակալ եւ շահամոլ ղեկավարներուն դէմ:

Այս բոլորին իրագործումը հնարաւոր է ակնկալել այսօրուայ Հայաստանի իշխանաւորներէն, երբ ունենանք անկախ դատարան, հիմնուած ճիշդ շարադրուած Սահմանադրութեան վրայ եւ ոչ թէ, այն ինչ որ գրուած էր նախկին իշխանաւորներուն շահերուն համաձայն:

asbarez.com/arm/384195/ինչեր-պէտք-չեն-եւ-ինչեր-պէտք-են-ժողովրդ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail