Արցախի պատերազմին Պաքուի յանցագործութիւնները՝ ցեղասպանութեան համազօր էին, կը հաստատէ պարոնուհի Գոքս
08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հարցազրոյց ունեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան Պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ։
Պարոնուհի Գոքս 87 անգամ այցելած է Արցախ. Արցախեան ազատամարտի օրերուն բազմիցս ելոյթ ունենալով Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին մէջ՝ վկայած է Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։
Հարցազրոյցի ընթացքին, Բրիտանացի քաղաքական գործիչը յատնեց, որ Նոյեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին ականատեսը եղած է նոր ցեղասպանութեան մը հետեւանքներուն։ Ան վկայակոչեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները՝ պատերազմի ընթացքին մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ գործադրուած վայրագութիւններն ու խժդժութիւնները։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճակատագրին, Պարոնուհի Գոքս նշեց, որ բազում եկեղեցեներ եւ խաչքարեր այսօր կը գտնուին Նախիջեւանի Հին Ջուղայի խաչքարերու ճակատագրին ենթարկուելու սպառնալիքին տակ։
Ան խստօրէն դատապարտեց ռազմագերիներու հանդէպ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը։ Պարոնուհին քննադատեց նաեւ միջազգային մամուլի կողմնակալութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ կոչ ուղղեց հայկական Սփիւռքին, որպէսզի այդ կողմնապաշտ քարոզարշաւը դիմակայելու պարտաւորութիւնը ստանձնէ։
Ան յայտնեց, որ աշխարհը այսօր երախտագիտութիւն պարտական է հայ ժողովուրդին ՝ հաւատքի ու ազատութեան առաջնագիծը պահելու համար։
Նշենք, որ Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։
Պարոնուհի Գոքսի Արցախ կատարած փաստահաւաք առաքելութեան թղթածրար-տեղեկագիրը կարդալ այստեղ։
horizonweekly.ca/en/արցախի-պատերազմին-պաքուի-յանցագործո/