Հայ Դատի նոր միջնաբերդը. Խմբագրական – Հորիզոն – Վահան Յովհաննիսեան

Հայ Դատի նոր միջնաբերդը. Խմբագրական – Հորիզոն – Վահան Յովհաննիսեան

10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Հայ դատի գրասենեակները պէտք է աշխատեն այնպէս, ինչպէս իտէալական արտաքին դիւանագիտութեան դէպքում է, որովհետև միայն այդ դէպքում կարելի կը լինի արդիւնքների հասնել»

Վահան Յովհաննիսեան

Տասնամեակներէ ի վեր, աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կիզակէտը հանդիսացած է հա ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազգային ձգտումներու իրագործումը եւ Պատմական հայրենիքի հողատարածքին վրայ պետութիւն ունենալու հայ ազգի իրաւունքը։

Միացեալ հայրենիքի տեսլականով գործող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը այսօր վերոնշեալ ուղին ու գործելաձեւը կը շարունակեն, յատկապէ՛ս Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, միաժամանակ կերտելով Սփիւռքի ազգադրոշմ ինքնութեան ռազմավարութեան ձևաւորումը։

Վերջին տասնամեակին, Պաքուի եւ Անգարայի համակարգուած հայատեաց քարոզարշաւին լծորդուած են թրքական եւ ատրպէյճանական սփիւռքի համայնքները, Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Ովկիանիոյ եւ Եւրոպայի ցամաքամասերը, ներառեալ Գանատան, ուր երկու երկիրներու պետական ներկայացուցչութիւններու կողմէ հետեւողական ու ծրագրուած գործընթաց կը տարուի պատմութիւնը խեղաթիւրելու ու ապատեղեակատուական արշաւներ սանձազերծելու։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հայկական հարցի լուծման գծով նպատակամղուած սեւեռակէտ կը հանդիսանայ այն իրողութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ անժամանցելի պատասխանատուութիւնը քննարկման ենթակայ երբեք չեն կրնար ըլլալ եւ առ այդ կը պահանջէ լիակատար հատուցում՝ Ցեղասպանութեան իբր արդիւնք բռնագրաւուած պատմականօրէն հայկական հողատարածքներու եւ ազգային, մշակութային ու հոգեւոր բնաջնջուած կամ իւրացուած կառոյցներու ու յուշարձաններու համար:

Կրնանք աներկբայօրէն հաստատել, որ տասնամեակներու ընթացքին, համեստ պայմաններով հանդերձ, Գանատայի Հայ Հատի յանձնախումբը տիտանեան աշխատանք ու ձեռքբերումներ իրագործած է, 80-ական թուականներու նահանգային խորհրդարաններու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներէն մինչեւ յաջորդաբար 2002 եւ 2004 թուականներու Գանատայի վերին պալատի եւ դաշնակցային խորհրդարանի ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերն ու օրինագիծերը։

Գիտարուեստի նորօրեայ զարգացումներուն եւ քարոզչական յարափոփոխ աշխարհակարգի մը մէջ ըլլալով հանդերձ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը քարոզչական իր մարտավարութիւնը ինքնավերասահմանման ենթարկելով այսօր կը բանակցի պետական մակարդակի բարձրագոյն օղակներուն հետ։

Լոպպիյինկը ու քարոզչական բանակցութիւնը յարատեւ եւ հետեւողական գործընթաց է, որ դադար չունի եւ պէտք չէ ունենայ, մանաւա՛նդ հայ ազգին համար, որ այսօր գտնուելով աշխարհաքաղաքական ամենէն բարդ իրադրութեանց մէջ, ստիպուած է յաւելեալ ինքնամղումի ենթարկելու իր քարոզչական կռուանները, ստիպուած է միշտ զգաստօրէն դիմագրաւել նորանոր մարտահրաւէրները, յատկապէ՛ս արցախեան պատերազմէն ետք, որպէսզի մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ քանդակուած մնայ, կորուսեալ հայրենիքին ու կորուսեալ ծննդավայրին իրաւատէրը ըլլալու անժամանցելի պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 15 տարիէ ի վեր, որպէս ազդեցիկ քաղաքական եւ քարոզչական կառոյ, կը գործէ տեղեկատուական եւ յարաբերական բնագաւառներէն ներս:

Այսօր, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի Շրջանային ժողովներու ընթացքին ընդունուած յստակ բանաձեւումներու լոյսին տակ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ պաշտօնական պայմանագրութեամբ գնեց կալուածային շէնք մը, որ շուտով պիտի դառնայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նստավայրն ու աշխատանքային գրասենեակային համալիրը։

Հայ Դատի Օթթաուայի այս նոր միջնաբերդը, կու գայ յաւելեալ աւիւն ներարկելու աւելի քան 70 տարուան համագանատական Հայ Դատի աշխատանքներուն։

Արեւմուտքի մէջ Հայ Դատի Օթթաուայի մարտկոցը՝ հայութեան պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդման հաւատարիմ, քարոզչական գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ հայրենատիրութեան առաքելութիւնը։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail