Ազրպէյճանի Կողմէ Գերեվարուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան Ազատ Պիտի Արձակուի
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Միջազգային կարմիր խաչին կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնուած է, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ազատ պիտի արձակուի ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան:
Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մօտէն հետապնդեց այս աշխատանքը` մնայուն կապի մէջ մնալով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէի հետ: Վերջինս պարտականութիւն տուած է դիւանագէտի մը եւ պահանջած Հայաստանի, Իրանի եւ Մոսկուայի մէջ Լիբանանի դեսպաններէն, որ այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք ծաւալեն:
Ասոր զուգահեռ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է նաեւ Միջազգային կարմիր խաչին, ինչպէս նաեւ բողոք եւ ազատման պահանջ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դեսպանատան: Ազրպէյճանի դեսպանատունը, սակայն, չէ պատասխանած արտաքին գործոց նախարարութեան դիմումին եւ բողոքին: Վերջաւորութեան, լիբանանեան կողմի պահանջով եւ Միջազգային կարմիր խաչի միջամտութեամբ Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակման որոշումը տրուած է:
Այս ուղղութեամբ լիբանանեան կողմը պատրաստած է նաեւ իրաւական յատուկ թղթածրար, ուր հաստատուած է, որ Նաճարեան լիբանանցի է, եւ Լիբանան կ’արտօնէ երկքաղաքացիութիւնը: Այս փուլին նաեւ մնայուն կապ պահուած է ենթակային հարազատներուն հետ, եւ անոնք իրազեկ դարձած են աշխատանքի բոլոր փուլերուն:
Այսօրուան դրութեամբ որոշումը եւ խոստումը առկայ են, եւ կ’ակնկալուի, որ ան ազատ արձակուի եւ ուղղակիօրէն փոխադրուի Լիբանան:
aztagdaily.com/archives/499126