Հայաստան Տեղեակ Պահուած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Հոլովոյթի Աւարտին Մասին
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան:
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2021-ին, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը տեղեակ պահեց` Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթի աւարտին մասին: Համաձայնագիրը լիարժէքօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 մարտ 2021-էն: Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս համաձայնագիրը նոր` գործընկերային մակարդակի կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, կը կանոնակարգէ երկխօսութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ոլորտային համագործակցութիւնը եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:
Այս համաձայնագիրը համընդգրկուն փաստաթուղթ է, որ իրաւական կուռ հիմք կը ստեղծէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համար` ուրուագծելով համագործակցութիւնը արդարադատութեան, անվտանգութեան, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու, շրջակայ միջավայրի եւ կլիմայի, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ այլ մարզերու մէջ:
Պէտք է ընդգծել, որ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին` վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը` աջակցելու այս տագնապին գծով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն:
www.aztagdaily.com/archives/498950