Կարմիր Խաչը Այցելեց Գերութեան Մէջ Գտնուող Մարալ Նաճարեանին
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 –
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կարմիր Խաչի աշխատակիցները Ատրպէյճանի մէջ, 12 Փետրուարին այցելեցին գերի առնուած Մարալ Նաճարեանին: Լիբանանի Կարմիր խաչի աշխատակիցները Մարալի ընտանիքին տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս մասին, իսկ անոր քոյրը՝ Անի Նաճարեան, այս լուրը փողանցեց «Նիուզ»ին։
Ան ըսաւ, որ Կարմիր Խաչէն տեղեկացուցին, որ Մարալը լաւ վիճակի մէջ է:
Անին հերքեց ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Մարալը գերութենէն ազատած է. ան կը խնդրէ կեղծ տեղեկութիւններ չտարածել:
Յիշեցնենք, որ Մարալը գերի առնուած էր 10 Նոյեմբերին, Բերձորի մէջ, ուր գացած էր իր անձնական իրերը առնելու։
Եւրոպական դատարանը հաստատած էր, որ Մարալը կը գտնուի Ատրպէյճան՝ իբրեւ գերի։
Նշենք, որ Մարալ Նաճարեան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկքաղաքացի է։
asbarez.com/arm/384625/կարմիր-խաչը-այցելեց-գերութեան-մէջ-գտն/