Ատրպէյճանի Ռուս Արքեպիսկոպոսը Ալիեւին Հաճելի Ըլլալու Համար Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ատրպէյճանի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Վլատիքա արքեպիսկոպոս Ալեքսանտր անցեալ ամիս հարցազրոյց մը տուաւ «Քրիստոնէութիւնը Այսօր» (Christianity Today) ամսագիրի թղթակից Ճէյսըն Քէսփըրին՝ անամօթաբար տարածելով ատրպէյճանական քարոզչութիւն՝ վատաբանելով հայերը եւ գովաբանելով Ատրպէյճանը։ Ան խօսեցաւ աւելի շատ բռնապետ Իլհամ Ալիեւի խօսնակի պէս, քան՝ Աստուծոյ ծառայողի. հոգեւորական մը, որ առանց տատանելու իր հոգին կը ծախէ սատանային․․․: Զարմանալի չէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը անմիջապէս տեղադրեց անոր հարցազրոյցը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:
Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսը սկսաւ իր հարցազրոյցը՝ ըսելով. «Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 1500 տարուան խզումը բարդացուցած է յարաբերութիւնները: Մենք ունինք ընդհանուր սուրբ գիրքեր եւ աւանդոյթներ, բայց յարաբերութեան մէջ չենք»։
Ռուս արքեպիսկոպոսը գիտակցաբար ստեց` ըսելով. «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիները եւ գրադարանները պահպանուած են: Խաղաղութեան պայմանագիրի հաստատման պարագային՝ այդ յուշարձանները դարձեալ կ՛օգտագործուին, այնպէս, ինչպէս պէտք է»։ Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսը կը սխալի: Պաքուի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներ չկան:
Տարօրինակ է, որ ռուս արքեպիսկոպոսը մեղադրեց հայերը «իրենք զիրենք խաբելու» յանցանքով: Ան ըսաւ, որ հայերը «շատ կը ցաւին, որ ստիպուած եղած են հեռանալու» Ատրպէյճանէն: Արքեպիսկոպոսը հաւանաբար մոռցած էր Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ հատուածներու մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ անմեղ հայերու դէմ գործադրուած կոտորածները:
Պատասխանենլով հարցումին, թէ արդեօք ան կը փափաքէ՞ր հեռաձայնել Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ռուս արքեպիսկոպոսը հեգնանքով պատասխանեց. «Ես անոր հեռաձայնին թիւը չունիմ (ժպտելով)»:
Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրուցավարին մէկ հարցումին՝ ռուս արքեպիսկոպոսը դարձեալ ստեց՝ ըսելով. «Պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու պահուն: Մենք ունինք շատ տխուր փաստեր՝ Ատրպէյճանի տարածքին հայկական ուժերու գործողութիւններուն մասին: Ունինք հայկական կողմին ձեռքով սպաննուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներ, հետեւաբար, որո՞ւն պէտք է դիմել «ցեղասպանութիւն» բառով», ապա ան աւելցուց․ «Ատրպէյճանցիները իրենց սիրտին մէջ ատելութիւն չունին»՝ մոռնալով վերջին պատերազմին ընթացքին ատրպէյճանցի զինուուորներուն կողմէ հայերու գլխատումները, տակաւին չխօսելով Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ աւելի կանուխ տեղի ունեցած ջարդերուն մասին:
«Քրիստոնէութիւնը Այսօր» ամսագիրը կը յայտնէ, որ Արցախեան վերջին պատերազմին սկիզբը, ռուս արքեպիսկոպոսը «ստորագրեց ատրպէյճանական միջկրօնական նամակ մը՝ շնորհաւորելով նախագահ Իլհամ Ալիեւը ռազմական յաղթանակներուն առիթով»:
Պատասխանելով այս հակահայկական յայտարարութիւններուն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կոշտ նամակ մը յղեց ռուս ուղղափառ արքեպիսկոպոսին՝ քննադատելով զայն իր կեղծ մեղադրանքներուն համար. բամակին մէջ առաջնոդ Տէրտէրեան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» ամսագիրին ձեր տուած հարցազրոյցին պատասխանելը կը դիտուի իբրեւ ժամանակի եւ ջանքերու կորուստ, որովհետեւ կ՛ըլլայ պատասխան մարդու մը, որ զուրկ ըլլալով խոնարհութենէ, պատմական գիտելիքներէ, կը փորձէ խեղաթիւրել պատմական անվիճելի փաստերը, սակայն առաջին հերթին կը խեղաթիւրէ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ: Աւելին, ձեր ամբարտաւանութիւնը բաւական զարմանալի է Տիրոջ՝ Քրիստոսի հովիւին համար: Դուք կը խօսիք միասին ապրելու ուղիներ փնտռելու մասին: Անշուշտ, մենք համաձայն ենք, որ երկու կողմերն ալ պէտք է միասին ապրելու ուղիներ գտնեն: Սակայն, երբ մէկ դար առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երկիրը՝ սպաննելով մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր, կը մերժէ ընդունիլ ակնյայտ փաստերը, եւ, բացի այդ, բացայայտօրէն կ՛աջակցի Ատրպէյճանին, դժուար է համատեղ կեանքի ուղիներ գտնել: Աւելին, երբ նոյն երկիրը կը ղեկավարէ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, կ՛ուղարկէ յատուկ նշանակութեան իր ջոկատները, կը հաւաքագրէ հազարներով արմատական իսլամիստներ՝ քրիստոնեայ հայերը սպաննելու համար, դժուար կը դառնայ հաշտուիլը: Երբ այդ երկրի ղեկավարը կը խոստանայ «շարունակել կատարել այն առաքելութիւնը, զոր մեր պապերը դարեր շարունակ կատարած են Կովկասի մէջ (Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, 24 Յուլիս, 2020), չէ՞ք կարծեր, որ հաշտութեան փորձերը կասկածի տակ կ՛առնուին: Դուք կ՛ըսէք, որ հայերը ատելութեամբ լեցուած են Ատրպէյճանի հանդէպ: Երբ ատրպէյճանական բանակի սպան կը կացինահարէ հայոց բանակի քնացած սպան եւ հետագային այդ ոճիրը կը ներուի անոր՝ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ, ապա ան ոչ միայն կ՛ազատի պատիժէն, այլեւ նոյն նախագահին կողմէ կը ստանայ Ատրպէյճանի «հերոս»ի կարգավիճակ, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ դուք տաք ատելութեան սահմանումը։ 26 Մայիս, 2020ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը յայտարարեց, որ «ըստ իրեն, Ռամիլ Սաֆարովի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատիժ չկիրարկելը եւ, փաստօրէն, զայն անպատիժ ձգելը՝ ատելութեան հողի վրայ կատարած ծանր յանցանքին համար, ոչ մէկ արդարացում ունի»։ Արդեօք իսկական ատելութիւն չէ՞ ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթերու կանխամտածուած տարածումը, թէ ատրպէյճանցի զինուորները ինչպէ՛ս ցնծալով կը սպաննեն, մաշկազերծ կ՛ընեն եւ կը գլխատեն հայ ռազմագերիները։ Դուք կը պնդէք՝ ըսելով. «Ատրպէյճան ունի բազմամշակութային ընկալման բարձր մակարդակ եւ կը պահպանէ իր կրօնական յուշարձանները: Պաքուի մէջ հայկական եկեղեցիները եւ գրադարանները պահպանուած են»: Ինչպէ՞ս կրնաք այսպիսի անխոհեմ բան պնդել, երբ գոյութիւն ունի տեսանիւթ՝ Նախիջեւանի մէջ հայկական խաչքարերու նպատակային ոչնչացման վերաբերեալ, որ համակարգուած կերպով կ՛իրականացուի՝ տարածաշրջանին մէջ հայկական ժառանգութեան բոլոր հետքերը ընդմիշտ ջնջելու նպատակով: Դուք կ՛ըսէք, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բաւարար ջանքեր չի գործադրեր խաղաղութեան հաստատման համար։ Յիշեցնեմ, որ 2010ին, Գարեգին Բ.ը ուղեւորուեցաւ Ատրպէյճան, հանդիպում ունեցաւ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի (Ատրպէյճանի մեծ մուֆթի) եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ յառաջացնելու համար: Ձեր հարցազրոյցի պատասխաններուն արձագանգելը իսկապէս անօգուտ է, որովհետեւ պատմութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ յարգանքի բացակայութիւնը ակնյայտ է»:
Ասոնք սուր խօսքեր են՝ ուղղուած մէկ հոգեւորականէն միւսին։ Ես կ՛առաջարկեմ, որ մնացեալ հայ հոգեւորականները եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նամակներ գրեն Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլին, որ բացառիկ իրաւասութիւն ունի Ատրպէյճանի ռուս ուղղափառ քրիստոնեաներուն նկատմամբ՝ բողոքելով Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսի ամօթալի յայտարարութիւններուն դէմ։
Զարմանալիօրէն, 25 Յունիս 2017ին, Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսը Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանին կողմէ պարգեւատրուեցաւ մետալով՝ միջկրօնական երկխօսութեան խթանման եւ ամրապնդման գործին մէջ իր նշանակալի աւանդին համար: Քիրիլ պատրիարքը իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ կը գովաբանէ Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսը՝ «յատուկ նրբանկատութեամբ եւ դիւանագիտական հմտութիւններով իր աշխատանքը այդ երկրին մէջ (Ատրպէյճան) կատարելուն» համար, «ուր իրարու հետ կողք-կողքի կ՛ապրին զանազան դաւանանքներու եւ ազգութիւններու ներկայացուցիչներ»:
Ակներեւ է, որ հայերու մասին այսպիսի կեղծ յայտարարութիւններ ընելէ ետք, Ալեքսանտ արքեպիսկոպոսր ձախողած է իր «միջկրօնական» պարտականութիւններուն մէջ: Քիրիլ պատրիարքը պէտք է յորդորել, որ ետ վերցնէ անոր տրուած մետալը:
Հասկնալի է, որ Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսը կը փորձէ հաճելի ըլլալ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւին: Այսուամենայնիւ, Աստուծոյ ծառայողը պէտք չէ ստէ որեւէ պատճառով կամ որեւէ պարագայի: Քիրիլ պատրիարքը պէտք է ըսէ Ալեքսանտր արքեպիսկոպոսին, որ պարտի ներողութիւն խնդրել իր սուտերուն համար, այլապէս պէտք է
զայն զրկէ հոգեւորականի աստիճանէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ