Հայաստանի կործանման գործիքները այլեւս միայն սահմանէն անդին չեն գտնուիր, այլ կը գործեն նաեւ սահմանի ա՛յս կողմը՝ իշխանութեան բարձրադիր դիրքերէն
Երբ Ձուկերը Ցամաք Ելան
15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Այս ի՞նչ տարօրինակ վերնագիր է» մտածեցիք վստահաբար: Խօսքը ձկան ծովէն դուրս գալու մասին է: Ձուկը ինչպէ՞ս ծովէն (կամ պարզապէս՝ ջուրէն) դուրս պիտի ելլէ, ինչո՞ւ պիտի ելլէ. կը մեռնի, այսինքն ան կը մեղանչէ բնութեան հիմնական օրէնքին՝ կեանքի ինքնապահպանման սկզբունքին դէմ. սկզբունք եւ օրէնք, որոնք հաւասարապէս ի զօրու են բոլոր էակներու, բուսական թէ անասնական, ինչպէս նաեւ մարդկային մտքին եւ հոգիին տեսականօրէն մասնատելի բոլոր ոլորտներուն համար. կրօնի, առարկայական գիտութեան, փիլիսոփայութեան համար՝ անցեալին, այսօր ու յաւիտեանս յաւիտենից: Իսկ եթէ պատահի, որ ձուկը իսկապէս ջուրէն դուրս գայ կամաւոր կերպով, կը նշանակէ, որ ձկան կամ իր շրջապատին մէջ, կամ երկուքի՛ն ալ պարագային սխալ բան մը կայ:
Վերնագիրը արտասովոր տեսաժապաւէնի մը անունն է պարզապէս: Կիպրացի յոյն բեմադրիչ Միխալիս Քաքոյեանիս արդէն իր «Յոյն Զորպան» ժապաւէնով աշխարհահռչակ դարձած էր. նոյն ժապաւէնի մինչեւ այսօր մարդկային ոգեկան ուժին վրայ հիացողները խանդավառող համանուն գործի երաժշտութեան կերտիչը՝ Միքիս Թէոտորաքիս նոյնչափ եւ աւելի հռչակ կուտակած էր: Երկուքը միասին իրենց, պէտք է ըսել իր ատենին աննկատ անցած ստեղծագործութիւնը, անգլերէնով անունը՝ «The day the fish came out» ( https://www.youtube.com/watch?v=t-C9GgDfvfQ ) ժապաւէնի վերջաւորութեան, հռչակաւոր՝ հարիւր հազարաւոր խաղաղասէր երիտասարդներ խմբած Woodstock-էն երկու տարի առաջ, յունական ծովեզերքի մը վրայ կը ներկայացնեն երիտասարդական չնաշխարհիկ ու տիեզերական նոյնանման տօնախմբութիւն մը. խենթ պարի մը ձեռնարկած են, որ ակնթարթային կերպով վերջ կը գտնէ, երբ յանկարծ… ձուկը ծովէն դուրս կ՛ելլէ, իսկ բարձրախօսը ինքզինք բազմաթիւ անգամներ կրկնելով՝ կը հնչէ՝ «Խնդրե՛մ, ուշադրութի՛ւն» ահազանգը: Ձուկերը ծովու ջուրին մակերեսը ելած են անկենդան՝ թունաւորուած ըլլալով շողարձակ նիւթերով. ատենին բնապահպանական արդէն խմորուող միջազգային շարժումի մը աշխարհի ուժեղներուն ռահվիրայական աւետիս մը՝ ազդարարութիւն մը:
Ժապաւէնի երեւակայական բաժնին կը պատկանի յատկապէս վերջաւորութեան տեղի ունեցող երիտասարդական քեֆը: Մնացեալը գրեթէ ամբողջութեամբ մերկ իրականութիւնն է, հարկաւ՝ գեղարուեստին արտօնած անխուսափելի պատշաճեցումներով: Ժապաւէնին հրապարակ իջնելէն տարի մը առաջ՝ 1966-ի յունուարին, սպանական Միջերկրականի ծովեզերեայ Փալոմարես ձկնորսական գիւղակի երկինքին մէջ ամերիկեան ռազմական երկու օդանաւեր, մէկը հսկայ, իսկ միւսը՝ հսկան վառելանիւթով մատակարարելու կոչուած աւելի մանր, թեքնիք թերութեան մը պատճառով իրարու կը բախին. երկուքն ալ կը ջախջախուին. անձնակազմերու ընդամէնը տասնմէկ անդամներէն եօթը կը մահանայ:
Ահաւոր վիճակ կը ստեղծուի, երբ յայտնի կը դառնայ, որ մեծ օդանաւը (մինչեւ օրս գործածութեան մէջ եղող ռազմավարական B-52 մը) կը փոխադրէր թիւով չորս ջրածնային ռումբեր: Մէկը ինկած է ծով. զայն գտնելը, դուրս բերելն ու ապահով տեղ փոխադրելը կը տեւէ երկուքուկէս ամիս: Երեքը կ՛իյնան ցամաքի վրայ: Անոնցմէ երկուքի դասական (ո՛չ կորիզային) բաժինի պարզ պայթուցիկը կը պայթի՝ ռումբի շողարձակ նիւթերու (առաւելաբար՝ փլիւթոնիոմ) մէկ մասը սփռելով մօտ երկու քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մը վրայ. շողավարակ գետինը (շուրջ երկու հազար թոն սպանական հող) կը հաւաքուի եւ կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Քարոլայնայի շողարձակ թափօններու պահեստանոցը՝ այդտեղ յաւիտենապէս հանգչելու: Ռումբերէն մէկը միայն կը մնայ անեղծ:
Քաքոյեանիսի ժապաւէնը կ՛երեւակայէ ու կը նկարագրէ վերջին ռումբի կարելի մէկ ոդիսականը: Գիւղացի զոյգ մը մեծ ուրախութեամբ կը գտնէ ռումբը՝ կարծելով, որ առասպելական գանձի մը տէրը դարձած է: Երկուքը ամէն միջոցի կը դիմեն պողպատեայ պարունակը բանալու: Երբ վերջապէս կը յաջողին բանալ, անշուշտ յուսախաբ կ՛ըլլան՝ տեսնելով, որ իրենց հարստութիւնը հաւկթաձեւ անհրապոյր քարերու հաւաքածոյ մըն է: Կ՛որոշեն զանոնք սնտուկով ծովը նետել. ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար կինը քարերու մէկ մասով իր գրպանները լեցուցած է: Տուն վերադարձի ճամբուն վրայ հեռուէն կը նկատեն, որ տունը մարդ եկած է. հաւանաբար՝ սնտուկին տէրերը: Ամուսինը կ՛երթայ դէպի տուն, իսկ կինը կ՛երթայ իր գրպանը մոռցուած քարերէն ձեւով մը ձերբազատելու. զանոնք կը նետէ գիւղի ըմպելի ջուրի աւազանին մէջ: Ջուրը խողովակներն ի վար կը հասնի ուրախ ու զուարթ երիտասարդներու ծովեզերեայ զբօսավայրը: Եւ այսպէս ձուկը ջուրէն դուրս կու գայ. իսկ ջրաւազանի ջուրը սպառած երիտասարդներու ճակատագիրն ալ բոլորին համար արդէն յստակ է:
Զուգահեռներ կարելի՞ է գտնել Քաքոյեանիսի երեւակայութեան եւ ներկայի հայկական իրականութեան միջեւ: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ հայերս ատենէ մը ի վեր, բայց մանաւանդ՝ վերջին հինգ վեց ամիսներու ընթացքին, զարմանալիօրէն ջուրէն դուրս նետուելու եւ վերջնականօրէն արեւուն տակ, ցամաքի վրայ չորնալով՝ այդտեղ յաւիտենական պարահանդէս մը վայելելու խաբկանքի մը գիրկը նետուած ենք: Ռումբերը ինկած են, մեզ հետաքրքրող ռումբը բացուած է, քարերը ջուրերուն մէջ նետուած են, ձուկերը մակերես ելած են, մեզի նշա՛ն կ՛ընեն նոյնիսկ, իսկ մենք խմիչքի գաւաթները ձեռքին՝ նոյն խենթ պարը կը շարունակենք՝ մեր շուրջը հաւաքուած փայլփլուն աչքերով գայլերու վոհմակները անտեսելով: Ինքնապահպանման բնազդը այնքա՞ն բթացած է:
Ե՞րբ պիտի արթննանք մահացու այս թմբիրէն: Ժամանակը կ՛անցնի եւ ամբողջ երկիր մը՝ մե՛ր երկիրը, վայրկեանէ վայրկեան կը խրի իր պատասխանատուներու ձեռքով սարքուած արհեստական ճահիճին մէջ: Պատմութիւնը կրնա՛յ, որոշ յստակ պայմաններու տակ եւ մանաւանդ՝ յարատեւ ու մտասեւեռ պայքարով, պարտուածները յաղթականի վերածել. բայց ան չի՛ ներեր անտարբերներուն:
ՀՀ իշխանութիւններուն յարած կարգ մը երեսփոխաններու վերջերս կատարած յայտարարութիւնները կասկած չեն ձգեր, որ Հայաստանի կործանման գործիքները այլեւս միայն սահմանէն անդին չեն գտնուիր, այլ կը գործեն նաեւ սահմանի ա՛յս կողմը՝ իշխանութեան բարձրադիր դիրքերէն. մէկուն Շուշին Շուշային հետ շփոթելը պատահականութեան արդիւնք չէ, միւսին Գարեգին Նժդեհին ֆաշիստի կոչում շնորհելը ալիեւեան արտայայտութիւն է (գոնէ ցեղապաշտ տիտղոսուէր): Ստրկածին խաղաղութեան բազմացող ջատագովներու աղմկարար քարոզչութիւնը մեզի կը յուշէ, որ կը մօտենայ այն օրը, երբ ի մօտոյ կրնայ կրկին հնչել ատենին ՀՀ վարչապետի բերնէն անակնկալ ելած «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» դիւանագիտական գոհարը՝ այս անգամ իր աւելի անկեղծ տարբերակով՝
«Հայաստանը Ազրպէյճան է եւ վերջ». գոնէ՝ տէ ֆաքթօ: Եւ ասիկա կ՛ըլլայ իսկապէս երկանց ՎԵՐՋԸ: Վերջ ի վերջոյ, ինչո՞ւ համար միայն Արցախն ու Սիւնիքը պիտի օգտուին խոստացուող բարիքներէն՝ կայուն խաղաղութենէն, տնտեսական բարգաւաճութենէն եւ բաց դուռերու ընծայելիք բոլոր բարիքներէն: Հարաւային Կովկասը պիտի դառնայ շրջանի Զուիցերիան. իր երեք համայնքներով՝ վրացիներով, թաթար ազերիներով եւ թուրքերով: Իսկ հայե՞րը. Աստուած գիտէ, թէ այս անգամ աշխարհի ո՛ր կողմը գացած պիտի ըլլան:
Այս ահազանգը ատենէ մը ի վեր հրապարակի վրայ է: Սպասելով Կոտոյին՝ հայկական պետականութեան գոյութիւնը լրջօրէն կը վտանգուի. եթէ հիմա չշարժինք, այս հազարամեակին ա՛լ հայկական պետութեան հետք չի մնար քարտէսին վրայ (տե՛ս Արա Նռանեանի «Սպաննել ստրուկին» առարկայական յօդուածը՝ https://www.aztagdaily.com/archives/498888 կամ https://www.arfd.am/droshak/#305 ): Շատ ժամանակ չմնաց հայոց պետութիւնը փրկել կարենալու համար եռամեակէ մը ի վեր ժրաջան կերպով պատրաստուող աղէտէն:
***
Ձուկերը մակերես ելած են եւ անհոգ կը ծփան՝ թեթեւ ալիքներուն շարժումներուն հետեւելով, նազանքով պարելով: Մենք ալ մե՛ր պարը կը շարունակենք: Պարածնիս գոնէ քոչարի՛ ըլլար:
Պէյրութ, 14 փետրուար 2021
www.aztagdaily.com/archives/499223