Սպասելով Վահան Մամիկոնեանին – Երեսնամեակ մը ամբողջ հայերը բարդիզանական կռիւներով ցոյց տուին, որ կը մերժեն պարտութիւնը – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Սպասելով Վահան Մամիկոնեանին
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 11 փետրուարը Վարդանանց պատերազմի յիշատակի օրն էր: Ազգային ինքնուրոյնութեան, քրիստոնէական կրօնի եւ պետական ինքնավարութեան պահպանման համար մղուած պատերազմին, հայկական 60 հազարանոց փոքրաթիւ բանակը պարտութիւն կրեց անհամեմատ աւելի հզօր պարսկական 300 հազարանոց բանակին դիմաց: Հայկական բանակը տուաւ 1036 զոհեր, որոնց մէջ` սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, բազմաթիւ նախարարներ եւ իշխաններ: Նախարարներ, իշխաններ, զօրականներ ու կրօնաւորներ գերեվարուեցան: Գերեվարուածներուն մէջ էր նաեւ Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսը, եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ Երէցը եւ քահանաներ ու սարկաւագներ: Եկեղեցականները մահապատիժի ենթարկուեցան, մինչ աշխարհական գերեվարուածները ատեն մը ետք ազատեցան, որովհետեւ պարսից արքան պէտք ունէր անոնց զինուորական ծառայութեան:
Տարօրինակ չէ, որ նման պարտութեան մը յիշատակը կը տօնենք տակաւին դէպքէն 1570 տարիներ ետք: Պարտութիւնը կը տօնուի՞: Պատմութիւնը կը յուշէ սակայն, որ ֆիզիքական պարտութիւնը կրնայ բարոյական յաղթանակ նշանակել, քանի որ անարդարութեան ու բռնութեան դէմ ծառանալը, ազատութեան ու իրաւունքի պաշտպանութեան համար գիտակից մահը ընտրելը անմահութեան կ՛առաջնորդէ: Այսպէս կը պատգամէ Վարդանանց պատերազմի պատմագիրը` Եղիշէն. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:
Վարդանանց ըմբոստութեան պարտութեամբ վերջակէտ չդրուեցաւ: Երեսնամեակ մը ամբողջ հայերը բարդիզանական կռիւներով ցոյց տուին, որ կը մերժեն պարտութիւնը: Հայերու ըմբոստութիւնն ու ինքնապաշտպանութիւնը պարտադրեցին պարսից արքային վերանայիլ իր վերաբերումը եւ վերահաստատել հայոց իրաւունքները: Հայկական ինքնութեան առանձնայատկութիւնը, քրիստոնէական կրօնը, հայ ազնուականութեան աւանդական իրաւունքները եւ լիազօրութիւնները վերստին ի զօրու դարձան: Հայաստան դարձաւ արտօնեալ կարգավիճակով ինքնավար պետութիւն, կառավարուած հայ մարզպանի մը կողմէ, սակայն թագաւորին սահմանուած հարկերու վճարումով ենթակայ պարսկական կայսրութեան:
485 թուականին ձեռք ձգուած յաղթանակը հերոս մը ունի. ուրիշ Մամիկոնեան մը, Վահանը, որ պարսկական բանակին դէմ բազմաթիւ յաղթանակներէ ետք ճանչցուեցաւ իբրեւ տանուտէր հայոց եւ մարզպան Հայաստանի:
Վարդանանց պատերազմը եւ Վահան Մամիկոնեանի յաղթանակը կը տօնէինք մեծ շուքով: Դպրոցները արձակուրդ կու տային, եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուէին եւ հանդիսութիւններով, թատերական ներկայացումներով Հայաստանի ինքնուրոյնութեան պաշտպան հերոսները կը փառաբանուէին:
Պատերազմի դաշտին վրայ բանակին պարտութիւնը ազգի ու հայրենիքի պարտութիւն չի նշանակեր: Եթէ պայքարը արդար է, եթէ իրաւունքը ազգին կողմն է, պարտութեան դառնութիւնը կը փոխարինուի յաղթանակի ցնծութեամբ: Պայմանով որ ազգը բարոյապէս չքայքայուի, պայքարելու պատրաստակամութիւնը չտկարանայ, իրաւունքը վերականգնելու կամքը չմարի:
Մեր վերջին պարտութիւնը Վարդանանց օրինակով վերածենք իրաւունքի համար մղուած պատերազմին բարոյական յաղթանակի: Շարունակենք պայքարը ու սպասենք Վահան Մամիկոնեանի յայտնութեան ու Հայաստանի ամբողջականութեան վերանուաճման:
www.aztagdaily.com/archives/499179