Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութիւնը Որեւէ Միջանցքի Ստեղծման Դրոյթ Չընդգրկեր. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակը Արձագանգած է Ալիեւի Յայտարարութեան
15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին դրոյթներ չընդգրկեր: Հայաստանի տարածքէն անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ կը մնայ բացառապէս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը՝ պատասխանելով Armenpress.am լրատուական գործակալութեան հարցին:
– Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ «Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան մէջ առկայ է յատուկ դրոյթ Նախիջեւանի միջանցքի ստեղծման մասին»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ասիկա:
yerakouyn.com/2021/02/15/նոյեմբեր-9-ի-յայտարարութիւնը-որեւէ-միջ/