France TV-ն Իրանի Հայկական Երեք Վանքերու Մասին Հաղորդում Ներկայացուցած է
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
France TV-ն իր «Chrétiens orientaux» (Արեւելեան քրիստոնեաները) հաղորդաշարերուն ծիրէն ներս, այս անգամ ներկայացուցած է Իրանի մէջ գտնուող հայկական երեք վանքերու մասին ծաւալուն հաղորդում մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Panorama.am-էն:
Կը ներկայացուի Սուրբ Թադէոս վանքը, հայկական վանական համալիրը, որ կը գտնուի Իրանի հիւսիսը եւ որ անցած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Յատկանշական է, որ վերջերս՝ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 17-ին UNESCO-ն որոշում կայացուցած էր՝ Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառել Հայաստանի եւ Իրանի կողմէ համատեղ ներկայացուած «Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ուխտագնացութիւնը» յայտը:
Հաղորդավարը կը նշէ, որ Սուրբ Թադէոս վանքը հայկական ճարտարապետութեան իսկական մարգարիտն է։
Յաջորդը կը ներկայացուի Սուրբ Ստեփանոս վանքը՝ 9-րդ դարու հայկական կրօնական համալիր Իրանի հիւսիսը, 15 քմ դէպի հարաւ-արեւմուտք հեռաւորութեան վրայ Ջուղա քաղաքէն, Արաքս գետի աջ ափին բարձրացող Մաղարտա լերան լանջին։
Ասիկա նոյնպէս, 2008-ին անցած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ՝ Սուրբ Թադէոսի վանքին եւ Ծոր Ծոր վանքերուն հետ միասին՝ «Հայկական եկեղեցիները Իրանի մէջ» անուան տակ։
Այնուհետեւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցին է՝ Իրանի Սպահանի նահանգին մէջ՝ Նոր Ջուղա քաղաքին մէջ, որ կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սպահանի թեմին:
yerakouyn.com/2021/02/17/france-tv-ն-իրանի-հայկական-երեք-վանքերու-մասի/