Ո՞ւր Են Մեր Արժէքներն ու Սկզբունքները. Թամար Թիւֆէնկճեան – Մէկ բան յստակ է՝ Հայ ազգն ու անոր խիղճը կարելի չէ մեռցնել
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Թամար Թիւֆէնկճեան
Քաղաքակրթուած աշխարհի պատմութիւնը կը վկայէ մարդկային արժէքներով ու սկզբունքներով դաստիարակուելու ու դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնցմով դաստիարակելն ու զանոնք հետեւողականօրէն պահպանելը էական կռուաններն են հասարակութեանց գոյութեան ու յառաջդիմութեան:
Իսկ ազգերու պատմութեան խճանկարը, մարդկային արժէքներուն ու սկզբունքներուն կողքին, զարդարուած է նաեւ ազգային արժէքներու ու սկզբունքներու սրբազան հիմնաքարերով, որոնց միաձուլումով կը կերտուի մարդուն ամբողջական տիպարը՝ որպէս բանական հրաշակերպ էակ:
Իսկ ինչո՞ւ ասոնց մասին կը խօսինք հիմա…
Արցախեան պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ, դժբախտ ականատեսները դարձած ենք մարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու գահավիժումին, որոնց աղէտալի ու անդառնալի հետեւանքներ բարդուեցան մեր ազգին ու հայրենիքին վրայ: Իրականութիւնները շրջուած ներկայացնել, խաբել, դաւաճանել, ու այս շարքին յարիր՝ մարդկային ստորացնող դրսեւորումները դարձած են մեր հայրենիքի իշխանաւորներուն հանապազօրեայ հացը: Աւելի՛ն, կորսուած են ազգի զաւակներու դատողութիւնն ու իմաստութիւնը:
Ո՞ւր խրուած են այս կնճրոտ հարցին արմատները: Ինչպէ՞ս կրնանք պեղել եւ յայտնաբերել ու վերակենդանացնել՝ եթէ կը հաւատանք, որ տակաւին հնարաւոր է:
Ազգային չարիքները մասամբ կու գան մարդոց տգիտութենէն: Թէեւ մարդիկ կը յաւակնին գիտուն ըլլալ ու ամէն ինչի մասին առատ ու բարձր կարծիք յայտնել, սակայն անոնց խախուտ հիմքը կը «բուրէ» տգիտութիւն: Դժուար է տհաս մտածելակերպի տէր անձին բացատրել այս կամ այն իշխանաւորի սխալ ու դաւաճանական քայլերը ինչպիսի՞ աւելիչ դեր ունին մեր ինքնութեան պայքարի փշոտ ճանապարհին:
Ո՞ՒՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ
Այսօր հասած ենք այս լուրջ վտանգին եզրին… Մեր ինքնութեան պայքարը վտանգուած է: Ազգը մոլորած է, ուղղութիւնը կորսնցուցած: Ունինք հսկայական անտարբեր ու տգէտ ամբոխ, որուն համար կարծէք թէ կարեւոր չէ այն, որ երկիրի իշխանաւորները ի՞նչ «արժէքներ» ու «սկզբունքներ» կ’որդեգրեն ղեկավարման համար: Նման բազմութեան համար, արժէքներն ու սկզբունքները շատոնց անցած են մոռացութեան գիրկը՝ յանուն իրենց նեղ-անձնական «շատ կարեւոր շահերուն»: Կ’ըսենք՝ շատ կարեւոր, որովհետեւ ամէն ինչ մէկ կողմ ձգած՝ անոնք տարուած են շրջափակման վերացումը ապահովելու ու տնտեսական գործարքներ իրականացնելու սին երազներով: Երեւոյթ մը՝ որ քննելն անգամ անիմաստ է, որովհետեւ ողն ու ծուծով տգիտութիւն կը բուրէ միայն: Բնականաբար այսպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր արժէհամակարգի ու սկզբունքներու բացակայութիւնը բացարձակօրէն կը տիրապետէ, սխալ ու թերի դատողութիւնը մշտական բոյն դրած են ժողովուրդի զաւակներուն մտածելակերպին ու հոգեբանութեան մէջ: Այսօրուան հայաստանաբնակ հայ մարդոցմէ մաս մը կ’երազէ Թուրքիոյ սահմանին բացուիլը: Գիտենք, որ կայ որոշ խաւ մը, որ նման երազանքէ շատ հեռու է, սակայն երբ երկիրի մը բնակչութեան որոշ մէկ հատուածը այս երազանքը կը փայփայէ տեղի տուած իշխանաւորներու քաջալերանքով ու քարոզչութեէն խաբուած, ուրեմն կարելի է երեւոյթը որոշ չափով ընդհանրացնել: Վերջին հաշուով, կրնանք ըսել թէ պայծառատեսութիւնն ու դատողութիւնը խաթարուած են, առայժմ՝ աղաւաղուած, որովհետեւ սկզբունքային ու արժէքային հիմքերը կորսուած են շատոնց:
Իշխանութեան մակարդակով չկան իսկական առաջնորդներ, որոնց համար հայրենիքի հողի տիրութեան, ժառանգութեանց պահպանման եւ մշակութային արժէքներու հարստացման սկզբունքները սրբութիւններ են: Այսօր, հայաստանցիներէն շատեր չեն կրնար տեսնել ու դատել երկիրը ղեկավարելու կոչուած անհատներու որդեգրած քայլերը կամ կատարած մանուածապատ դաւադրութիւնները: Միայն առողջ ու արթուն միտքով անհատներէ բաղկացած հաւաքականութիւնը հնարաւորութիւնը ունի իր ղեկավարութեան քայլերը արդարօրէն քննադատելու, քննարկելու, գնահատելու, իսկական ժողովրդավարական հիմքերով սրբագրութիւններ պահանջելու եւ այլն: Մէկ խօսքով, միջակութիւններով տարուող հաւաքականութեան լայն խաւը ձեռքէ կը հանէ առողջ դատողութեան հասնելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
Այսօր, մեր երկրէն ներս կը տիրէ այս իրականութիւնը՝ դժբախտաբար: Այս ոսպնեակով կը դիտենք եւ կը դատենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին տխրահռչակ այն յայտարարութիւնը. թէ «Թուրքիան այլեւս պատճառ չունի Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելու…»: Ուրեմն մենք մեր կողմէն ամէն բան լուծուա՞ծ կը համարենք Թուրքիոյ հետ: Կար ու չկար, Արցախի խնդիրը կար, զայն «աղուոր մը լուծեցինք Ազրպէյճանին հետ» ու հիմա, արդէն մոռցած ենք վերջին պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ անոր արտադրած ահաբեկչական զինեալներուն աղաղակող դերակատարութիւնը՝ կը հայցենք անհաշտ թշնամիներուն գութն ու քիչիկ մը համակրանքը: Ամէն բան աւարտած է արդէն եւ մենք հասած ենք վերջին մտահոգութեան, կը մուրանք Թուրքիոյ բարիացակամութիւնը…: Արդեօք առարկայականօրէն մտածա՞ծ ենք, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանին բացումով: Արդեօք տնտեսական առումով լուրջ քննարկման ենթարկուա՞ծ են հետեւանքները՝ երկրին վրայ, եւ ո՛չ միայն քանի մը գրպաններու: Վստա՛հաբար ոչ, որովհետեւ այս իշխանութիւնը երկիրին շահերէն մեկնած որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած: Սարսափելին, սակայն, ժողովուրդին լռութիւնն է, որ այդպիսով իրողապէս իր համամտութիւնը կը յայտնէ, ինքզինք կը զրկէ եզրակացութիւններ հանելու, վտանգները զգալու եւ անոնցմէ զգուշանալու իրաւունքէն:
Եթէ փորձենք տեսնել չոր իրականութիւնը, դատենք առողջ միտքով, կ’ունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները որոշ խոստումներով Արցախը յանձնեցին ու նոր ցեղասպանութեան մը մեղսակցութիւնը կրեցին: Արդեօք 105 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արեւմտահայաստանի հողերուն համար ալ ա՞յլ անակնկալ խոստումներ պահած են մեզի համար: Իսկ անոնք, որոնք կը պատկանին յաւիտենաս յաւիտենից իշխանութիւնը պաշտպանողներու խումբին, վստահաբար չքմեղանքի չքնաղ հնարքներ պիտի յօրինեն իրենց պաշտամունքը պատուանդանի վրայ պահելու բուռն նախանձախնդրութեամբ: Անոնք ո՛չ միայն չեն վարանիր հայրենի հողեր յանձնողը արդարացնելու ելքեր հնարելու, այլեւ հասած են արդէն իրենց սեփական սուտին հաւատալու հոգեվիճակին…:
Սթափելու եւ խոտորումը սրբագրելու պահն է…
ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Սրբագրումի հրաւէրը կը վերաբերի բոլորիս, անխտիր, իսկ իրագործելի յաղթանակը՝ միայն հայրենիքին ու ազգին: Պատմութեան դասերը շատ թարմ են ու թելադրական: Վերակենդանացնենք Սարդարապատին ու Փետրուարեան Ապստամբութեան աւանդները: Յիշենք ժողովուրդին առողջ դատողութիւնը ու անոր ձեռք բերած պանծալի արդիւնքները՝ քանի մը առիթներով: Ժողովուրդը տէրը կանգնեցաւ իր հայրենիքին: Յետոյ, համայնավար ղեկավարները պատմութեան նենգափոխումը վարպետութեամբ բեմադրեցին: Անդին, տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքը դաստիարակուեցաւ ազգային ժողովրդական ապստամբութեան հարազատ կանչով ու հայրենիքի ազատութեան պահպանման ձգտումով: Համայնավարական թաթը մինչեւ վերջ ալ շարունակեց թոյն սրսկել Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի կազմակերպած հրշագործ ու ազգանպաստ գործունէութեան՝ զայն ազգադաւ արարք ներկայացնելով ու նսեմացնելով ազգային շունչ ու ոգի ներարկող միակ կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութիւնը: Իրականութիւնը երեւան ելաւ ուշ, բայց ոչ ուշացած: 100 տարի վերջ, այսօր մենք քաղելիք ունինք Փետրուարեան Ապստամբութենէն ու անոր պանծալի արդիւնքներէն:
Արդար ու անսակարկ գործի ժամն է…
Պէտք է անհատականէն բարձրանալ հաւաքականին: Պէտք է ձերբազատուիլ մեզ ջլատող ու հիւծող տգիտութենէն, որդեգրել զարգացման ուղին: Զարգացած հաւաքականութիւնն ու ազգը ունին առողջ դատողութիւն եւ սկզբունքներ, որոնց շնորհիւ կրնայ իր գոյութեան հազարամեակները նշել: Մենք այդպիսին ենք եւ այդպէս ալ պիտի մնանք: Պէտք է հաւատանք եւ գործենք այն սկզբունքով, որ այս բոլորը անցողիկ երեւոյթներ են, ուրեմն, նպատակասլաց գործենք միայն ազգային տեսլականով:
Այսպիսո՛վ է որ կրնանք ազգերու պատմութեան էջին վրայ մեր արդար տեղը պահել: Այս պատառ, որ մնացած է որպէս մասունք՝ սուրբ հայրենիքէն, այժմ պիտի բարձրաձայնէ հողին արդար կանչը: Ազգին զաւակները, ամուր կառչած սեփական հողին, անոր զօրութեան ներքոյ պիտի պոռթկան ու ըմբոստանան որպէս մերօրեայ Արշակ թագաւորներ: Հազարաւոր երիտասարդ թարմ մարմինները ծանր վիշտով գրկած, խռոված ու բզկտուած մեր մայր հողը, որդեկորոյս մօր մը խուլ ցասումով պիտի ցնցուի ու արդար դատարանի համար «ոտքի՛» պիտի կանչէ բոլոր անոնք, որոնք հայրենիքը վաճառքի ու սակարկութեան աժան հաշիւներու վերածած էին ի սկզբանէ:
Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ո՞ւր պէտք է փնտռել ազգային արժէքներն ու սկզբունքներ:
Մէկ բան յստակ է՝ Հայ ազգն ու անոր խիղճը կարելի չէ մեռցնել:
yerakouyn.com/2021/02/17/ո՞ւր-են-մեր-արժէքներն-ու-սկզբունքները/