Այսօրուայ Թուրքիոյ Վան քաղաքի Մէջ Անօրինականութեան Մասին Բարձրաձայնած Քիւրտ Լրագրողներուն 15 Տարուայ Բանտարկութիւն Կը Սպառնայ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Այսօրուայ Թուրքիոյ Վան քաղաքի դատախազութիւնը կալանաւորած է քիւրդ լրագրողներ, որոնք լուսաբանած են տեղի բնակիչներու հանդէպ թուրք զինուորականներու անօրինականութիւնները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Քրտական «Mezoptamya» եւ «Jinnews» լրատուական գործակալութիւններու թղթակիցներ Ատնան Պիլենը, Ճեմիլ Ուղուրը, Շահրիան Ապին, Նազան Սալան եւ Զեյնեփ Տուրկութը 2020 Հոկտեմբեր 9-ի լուրով անդրադարձած էին զինուորականներու կողմէ երկու քաղաքացիներու ձերբակալութեան։ Վերջիններուս զինվորականները ուղղաթիռ նստեցուցած, իսկ յետոյ վար նետած էին։ Իբրեւ արդիւնք՝ ձերբակալուածներէն մէկը յայտնուած էր վերակենդանացման բաժանմունք, իսկ միւսը՝ 20 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք մահացած էր։
Լրագրողները մեղադրուած են ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու եւ ահաբեկչական խմբաւորման ծանուցում կատարելու մէջ․ անոնց կը սպառնայ մինչեւ 15 տարի ազատազրկում։
Մեղադրական եզրակացութեամբ պնդուած է նաեւ, որ վերոնշեալ քրտալեզու հարթակներուն միջոցով կը քարոզուի Թուրքիոյ մօջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող «Քիւրիիստանի բանուորական» կուսակցութեան (ՔԲԿ-PKK) գործունէութիւնը, ուստի պահանջուած է դադրեցնել այդ լրատուամիջոցներուն գործունէութիւնը։
yerakouyn.com/2021/02/17/վանի-մէջ-անօրինականութեան-մասին-բարձ/