21 Փետրուարը Մայրենի Լեզուի Օր Է. Մայրենի Լեզուներ Վտանգուած Են. Յ. Պալեան

21 Փետրուարը Մայրենի Լեզուի Օր Է

21 Փետրուարը Մայրենի Լեզուի Օր Է. Մայրենի Լեզուներ Վտանգուած Են. Յ. Պալեան

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

ԹՈՂ ՅԱՒԵՐԺ ԼԻՆԻ՛ ԵՐԹԴ, ՄԱՅՐԵՆԻ

Փետրուարի 21, 2020-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղին մէջ կայացաւ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառում, որ կազմակերպած էր Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը:

      *

                Քանի մը լեզուներ պիտի դառնան միջազգային:

Բազմաթիւ մայրենի լեզուներ պիտի անհետանան:

                Համաշխարհայնացում, գիտութեան եւ սպառողական ընկերութեան յառաջացուցած նոյնացում, զբօս-ժամանցի ընդհանրացում եւ միօրինականացում, համակարգչային հնարաւորութիններ եւ ընկերային ցանցեր, հաղորդակցութիւններու համար գործածուող  լեզուի տեսակները կը նուազեցնեն:  Ընթացքը այն է, որ քանի մը լեզուներ պիտի ըլլան միջազգային, միւսները պիտի դատապարտուին գաւառականի վիճակին կամ անհետանան:

                Մարդու հոլովոյթի ընթացքին ստեղծուած լեզուները փոխհասկացողութեան հրաշալիքներ են, բնութիւնը ճանչնալու եւ անոր հետ խօսելու, հոգեվիճակներ արտայայտելու, կրողները՝ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեան: Իւրաքանչիւր լեզու ունի իր յատուկ ոգեկանութիւնը, հանճարը: Լեզուներու զանազանութիւնը մարդ տեսակի երեւումին եւ դարերու ընթացքին ձեռք բերած հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան ինքնայատուկ միջոցն է, զոր կը ստանանք մայրերէն, ընտանիքէն, ընկերութենէն: Այս պատճառներով կը խօսինք մայրենի լեզուի մասին, մեր ծիներուն չափ կարեւոր մեր ինքնութեան կազմաւորման համար:

                Որպէսզի օր մը մարդկութիւնը չդառնայ անինքնքնութիւն արտադրող եւ սպառող ընկերութիւն, պէտք է պահել լեզուներու այլազանութիւնը, եւ հաւաքականութիւնները իրենց տարբերութիւններով հարստացնեն համամարդկային ընտանիքը: Կը կրկնուի, որ լեզուներ կ’անհետանան, եւ իրենց հետ կը տանին աշխարհայեցողութեան, մտածելու եւ զգալու ձեւեր, աւանդութիւններ, օր մը թերեւս հասնելու համար անապատային անգոյն պատկերի:

                Աշխարհի ամենէն շատ խօսուած լեզուներն են չինարէնը, սպաներէնը, անգլերէնը, հինտին, արաբերէնը, փորթուկերէնը, պենկալին եւ ռուսերէնը: Ներկայիս կան շուրջ 5000 լեզուներ: Տասնըհինգ օրը լեզու մը կը մեռնի: Լեզուներու 50 տոկոսը անհետացման վտանգի ենթակայ է,  90 տոկոսը մինչեւ դարավերջ կրնայ կորսուիլ, եթէ զանոնք պաշտպանելու համար նախաձեռնութիւններ չըլլան:

                Լեզուն դարերու ընթացքին կազմաւորուած միջոց է: Ան կը պահէ մեր նիւթական եւ աննիւթական մշակոյթը: Տէր ըլլալ մայրենի լեզուին միայն լեզու մը սորվիլ չէ, ան պաշտպանութիւնն է մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու ինքնութեան, ժողովուրդներու միջեւ հասկացողութեան, հանդուրժողութեան եւ երկխօութեան, յարգելով տարբերութիւնները:

                Ինչո՞ւ շեշտել մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը: Ան ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնութիւն ունեցող հաւաքականութեան մուտքի դուռն է: Օտար լեզուն որդեգրելով, կամովին կամ պարտադրաբար, կը խզուինք մեր իւրայատկութենէն: Երբ կը կորսուի մայրենին, կ’որդեգրուին մտածելու ուրիշ ձեւեր եւ աւանդութիւններ, ժամանակ մըն ալ կը պահուին կարգ մը յիշատակներ, կը սկսի այլասերումը, եւ ապա կ’այլասերինք:

                Թիւերու լեզուն սարսափ կը պատճառէ: Մոլորակի բնակչութեան 40 տոկոսը զրկուած է իր խօսած եւ հասկցած լեզուով ուսում ստանալու հնարաւորութենէն: Այսինքն անոնց լեզուները վաղ թէ ուշ պիտի կորսուին:  Այս խնդիրը հետաքրքրուողներուն եւ մտահոգուողներու համար նորութիւն չէ: Հարց այն է, որ վտանգուած լեզուներու ժողովուրդները պիտի ընդունի՞ն իրերու դանդաղ կամ արագ հոլովոյթը, թէ՞ պիտի հակազդեն պահելով իրենց ինքնութիւնը, տէր ըլլալով իրենց մշակոյթին, շարունակութիւն ըլլալով եւ չայլասերելով:

                Միջազգային ճշմարիտ համագործակցութիւնը միայն նիւթական միջոցներու փոխանակութեամբ սահմանափակել անգիտացումն է մարդուն որպէս արժէք, զայն համարել սոսկ արտադրող-սպառող: Այսինքն՝ իրաւ մարդկային իրաւունքը ջնջել ասդին-անդին մեր պոռացած արժէքներու տախտակէն:

                Փետրուար 21ը  Մայրենիի միջազգային օր յայտարարել որոշած է Մ․Ա․Կ․-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի Խորհրդաժողովը, նոյեմբեր 1999ին: 16 մայիս 2007ին, Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր Ժողովի ընդունած որոշումով, Անդամ Պետութիւններուն եւ Քարտուղարութեան կը թելադրուէր քաջալերել բոլոր ժողովուրդներու խօսուած լեզուներու պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը:

                Սեփական լեզուով խօսիլ, գրել, ստեղծաւգործել եւ յարաբերիլ արժանապատուութեան էական խնդիր է: Գիտակից յարգանք՝ սեփական անձին հանդէպ, նաեւ՝ մերձաւորին եւ հեռաւորին: Իւրաքանչիւր լեզուատէր ժողովուրդ ինք ձեռք պիտի առնէ իր ինքնութեան եւ ժառանգութեան խնդիրը:

                Հետեւաբար նաեւ՝ հայը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

                Կ’ըսենք, որ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒ Է: ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԲՆԱԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷ ԶՐԿՈՒԱԾ Է, կը նմանի օտարութեան մէջ մշակուող տարաշխարհիկ (exotic) բոյսի: Արեւմտահայերէնով գրող-արտայայտուողներ կը նուազին, յաճախ ան դադրած է մշակոյթ ստանալու եւ ստեղծելու միջոց ըլլալէ, կը նմանի համեմի: Դիպուկ է եօթանասուն տարի առաջ Շաւարշ Միսաքեանի կատարած բնորոշումը, «հաց պանիրի հայերէն»՝ ստուար մեծամասնութեան համար: Այս հաստաումը չ’անտեսեր հաւատաւոր փոքրամասնութիւններու հոսանքն ի վեր նաւարկելու հերոսական ճիգը: Բայց իրողութիւնները յամառութեամբ կը խօսին… Սփիւռքը հետզհետէ նուազ կը պաշտպանէ Արեւմտահայերէնը, անոր կենսագործման միջավայրը, ժողովուրդը, ստիպողաբար օտար լեզուներու եւ մշակոյթներու մէջ է: Յամառող բջիջներ կան, բայց բախտաւոր պարագային, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ շաբաթավերջի հաճոյք է, ան ալ ոչ միշտ:

                Թող թոյլ տրուի ըսել, որ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ՀԱՅԵՐՈՎ ԲՆԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է, ՈՉ ԹԷ ԿՈՐՍՈՒԵԼՈՎ, ԱՅԼ՝ ԱՅԼԱՆԱԼՈՎ: Վասն գործնականութեան եւ թիւր կեղծ յառաջդիմութեան, հայերէնի մէջ անիշխանական եղանակով ներմուծուած են եւ կը շարունակեն ներմուծուիլ ռուսերէն, թրքերէն, ամերիկերէն եւ այլ լեզուներէ բառեր, ասութիւններ, կարծէք հայերէնը ըլլար նախնական լեզու: Փոխանակ հայերէնը պաշտպանելու իր ինքնուրոյնութեամբ, չես գիտեր ո՞ր ստորակայութեան զգացումի տուրք տալով, լեզուի աղճատումը կ’արդարացուի ըսելով, որ լեզուն կը յառաջդիմէ: Օտար լեզուներ չգիտցող հայը եթէ լսէ խօսուած հայերէնը կամ կարդայ թերթերը, չի հասկնար:

Վտանգուած են հայերէն զոյգ մայրենիները:

                Համազգային անտարբերութիւն կայ վտանգին դիմաց: Մտահոգուողներ եւ թումբ կանգնելու ճիգ ընողներ փոքրամասնութիւն են, ներսը եւ դուրսը:

Այս գոյապահպանական խնդիր է, ուստի՝  ազնիւ քաղաքական:

                Այսօր կը դիմագրաւենք քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ առողջապահական լուծման կարօտ խնդիրներ, բայց անպատասխանատուութիւն պիտի ըլլայ ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻ(ՆԵՐ)ն ոչ անմիջական եւ էական չհամարելու անփութութիւնը, թաքնուելով մասնակի եւ սահմանափակ նախաձեռնութիւններու շպարի ետին:

                Եթէ Հայաստան եւ Սփիւռք տէր չկանգնին ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻին, մեր փոխարէն այդ ճիգը ուրիշ ոչ ոք պիտի ընէ: Այս գոյութենական-քաղաքական համահայկական անյետաձգելի հիմնահարց է: Ղեկավարութիւնները տէր պէտք է կանգնին ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻին: Այս չընել հաւասար է  կամաւոր օտարման (alienaton), որուն դէմ պայքարը գրասենեակներէ եւ սրտցաւ փոքրամասնութեան շրջանակներէ դուրս պէտք է բերել:

                Կրկնենք լաւ հնչող բառը՝ պայքարը քաղաքականացնել:

                Այսօ՛ր: Գիտնալով՝ որ «վաղը միշտ ուշ է»:

Մտածեցի. ինչո՞ւ, Իջեւանի օրինակով, Հայաստանի Ազգային Ժողովին, թերթերու խմբագրատուներուն եւ «սուպերմարկետ»-ներու մէջ ալ չկազմակերպել ՄԱՅՐԵՆԻի նուիրուած նման ձեռնարկներ:

yerakouyn.com/2021/02/17/21-փետրուարը-մայրենի-լեզուի-օր-է-մայրեն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail