Կարեւորը Թուրքիան, ԱՄՆ-ն եւ Մեծ Բրիտանիան Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Երուանդ Փամպուքեան

Երուանդ Փամպուքեան

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՀՅԴ անդամ, լիբանանահայ Երուանդ Փամպուքեան կը կարծէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն ժամանակավրէպ է:

«Մեզ միայն հոգեպէս կը մխիթարէ, երբ կ՝իմանանք, որ այս կամ այն երկիրը ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը, եղածը արդէն բաւական է: Կարեւոր է, որ Թուրքիան, ԱՄՆ-ն, Մեծ Բրիտանիան ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, քանի որ այս երկիրներու պետական ակունքներուն մէջ փաստաթուղթեր կան Ցեղասպանութեան մասին, այդ ժամանակաշրջանի նիւթերը այդ երկիրներու դեսպաններ հաւաքած են առաջինը, սակայն գիտենք, որ անոնք երբեք չեն ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Միւս երկիրներուն ճանաչումը մեզ ոչինչ կու տայ»,- այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Երուանդ Փամպուքեան:

ՀՅԴ անդամին խօսքով` պէտք է առաջ անցնիլ, պահանջատէր ըլլալ եւ պահանջել ոչ միայն նիւթական հատուցում, այլեւ կորսուած հողերը:

«Դեռ 50 տարի առաջ ե՛ւ հայաստանցիները, ե՛ւ Սփիւռքի ներկայացուցիչները Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին օրը կը պահանջէին կորսուած տարածքները: Այսօր Հայաստանի իշխանութիւններն ու Սփիւռքի կառոյցները պէտք է համատեղ բանաձեւ մշակեն եւ ներկայացնեն, այլապէս մնացեալը այրած սրտի մխիթարանք է»,- նշած Երուանդ Փամպուքեան:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail