Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Մերժենք «7-րդ Կէտ»-ի Հիման Վրայ Միջազգային Որոշումի Մասին Որեւէ Խօսք, Որ Համազօր Է Պատերազմի Յայտարարութեան Եւ Լիբանանի Բռնագրաւումին»
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Դիմադրութեան հիմնադիր ղեկավարներու նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ «7-րդ կէտ»-ին հիման վրայ միջազգային որոշումի մասին որեւէ խօսք մերժելի է եւ զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ անիկա համազօր է պատերազմի յայտարարութեան եւ օտար զինեալ ուժերու կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումին:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ լիբանանեան տագնապին միջազգայնացումը, որ կը վնասէ անոր գերիշխանութեան եւ երկրին շահերուն:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Դիմադրութեան հանգամանքն ու պատկերը աղաւաղելու նպատակ հետապնդող բոլոր փորձերուն` հաստատելով, որ այդ արշաւը չկրցաւ իր նպատակին հասնիլ:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ վարկաբեկիչ բոլոր խօսքերը արդարացուած չեն, այլ` անհիմն են ու զանոնք արձակողներուն հոգեկան վիճակը կ՛արտայայտեն:
«Հըզպալլան թիրախ դարձնելու կազմակերպուած արշաւ մը կայ, որ ֆինանսաւորուած է եւ ծրագրուած, սակայն ան ձախողած է իր նպատակին մէջ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` հաստատելով, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները պէտք է յայտարարեն այդ հետաքննութեան արդիւնքները:
Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ մէկը, որ կը մերժէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա բոլորի շահերուն համար է:
Ան մերժեց այն խօսքերը, թէ կառավարութեան կազմութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է իրանեան հիւլէական թղթածրարին` հաստատելով, որ արտաքին աշխարհին սպասելը ոչ մէկ տեղ կրնայ հասցնել այդ հոլովոյթը: «Ընդհակառակն` արտաքին ճնշումներուն կարծրացումը կրնայ մղել ոմանց, կառչած մնալու իրենց կեցուածքներուն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին պատասխանատուութիւնը հանրապետութեան նախագահին վերագրելու քայլը անարդար է:
Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը հասկնայ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ որոշ նախարարութիւններու կառչած մնալը, ինչպէս նաեւ ոմանց մտավախութիւնը` կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ գոյացնելու առումով, «սակայն այն, ինչ որ անհասկնալի է, 18 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը կազմելու գաղափարին կառչածութիւնն է, որ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող շերտերէն ոմանց կը մղէ մտածելու, թէ այդ թիւին կառչածութեան նպատակը զիրենք ջնջելն է», ըսաւ ան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ 15 տարիէ ի վեր «Մար Մխայել»-ի համաձայնագիրը կը շարունակէ գոյատեւել` Լիբանանին եւ զայն ստորագրող կողմերուն շահեր ապահովելով:
«Բայց եւ այնպէս Հըզպալլա համաձայն չէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ այդ համաձայնագիրին մասին բացայայտ կերպով կատարուած դիտողութիւններուն, որոնք այդ դաշինքին վատութիւն ցանկացող կողմերուն նիւթ կը մատակարարեն», ըսաւ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա իր դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդուած կը պահէ եւ յանձնառու կը մնայ անոնց բարելաւումին:
Շրջանային զարգացումներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անոնք հսկայական են եւ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ:
Իր խօսքը ուղղելով իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Դուն կը կատարես այն, ինչ որ կ՛ուզես: Մենք եւս պիտի կատարենք այն, ինչ որ կը փափաքինք, իսկ կարճատեւ ու սահմանափակ զինուորական գործողութիւններուն ընդարձակ պատերազմի չվերածուելու կարելիութիւնը ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել», եզրափակեց ան:
www.aztagdaily.com/archives/499435