Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Դատապարտեն Էրպիլի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Դատապարտեն Էրպիլի Յարձակումը

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռափ եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայօ «ամէնէն բուռն բառերով» դատապարտեցին հիւսիսային Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրթիռային յարձակումը, որուն պատճառով քաղաքային աշխատակից մը սպաննուեցաւ եւ ամերիկացի զինուոր մը վիրաւորուեցաւ:

Նշեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Մեր կառավարութիւնները միասնաբար պիտի աջակցին հետաքննութեան, որ Իրաքի կառավարութիւնը կը կատարէ` յարձակումին պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու համար»:

Նշենք, որ հրասանդի երեք ռումբեր ինկած էին Էրպիլի օդակայանին մերձակայքը, որմէ ետք ամբողջ շրջանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած էին: Միջազգային դաշինքի բանբեր Ուէյն Մարոթօ յայտարարած էր, որ «Էրպիլի մէջ Միջազգային դաշինքի անուղղակի թիրախաւորումը պատճառ դարձաւ քաղաքային աշխատակիցի մը սպանութեան եւ վեց ուրիշներու, ներառեալ ամերիկացի զինուորի մը վիրաւորման»:

Azerbaijan continues to fight against Armenian culture in Karabakh (photo)

aztagdaily.com/archives/499600

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail