Անդրադարձ – «Փորձենք Մտածել . Նոյեմբեր 9-էն Առաջ Եւ Ետք»
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021
Ստորեւ «Ազդակ» կը հրատարակէ Նորվան արքեպիսկոպոսին եւ Անի Աստուրեանին յաջորդաբար «Հայաստանը նոյեմբեր 9-էն ետք» եւ «Փորձենք մտածել» խորագիրներով յօդուածները` բովանդակութեան առումով ունենալով որոշ վերապահումներ:
Որքան ալ համաձայն ըլլանք Նորվան սրբազանին` աշխարհաքաղաքական պատճառներու վերագրելու հայկական կողմի պարտութիւնը, այդուհանդերձ, անկարելի է չնկատել վարչապետ Փաշինեանի ճակատագրական հետեւանք ունեցած դերակատարութիւնը պատերազմի հրահրման պատճառներ տրամադրելու առումով:
«Թաւշեայ յեղափոխութեան» նկատմամբ յուսադրուիլ-յուսախաբելու առումով «թաւշեայ յեղափոխականներ»-ը ամէն մարդէ առաջ իրե՛նք յուսախաբութեան մատնեցին այն զանգուածները, որոնք 2018-ին փողոց դուրս եկան` արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնելու տեսլականով:
Անցնցում իշխանափոխութեան առաջադրանքը օրինաչափ է այս բոլորէն ետք, սակայն միաժամանակ պէտք է արձանագրել, որ անցնցում իշխանափոխութեան գործընթացը արգելակողը նոյնինքն վարչապետ Փաշինեանն է, որ անձնատուական նման փաստաթուղթ ստորագրելէ ետք կը շարունակէ կառչած մնալ իշխանութեան:
***
«Փորձենք մտածել» յօդուածով ճիշդ կ՛ըսէ Անի Աստուրեանը, որ յայտարարութիւնները պէտք է ընկալել եւ մեկնաբանել համաբնագրային պարունակի մէջ: Այստեղ, սակայն, խնդիրը քաղաքական այլ ընդգծումներ ունի: Պետական բարձրագոյն պաշտօն ունեցող ոեւէ պաշտօնատար իր հրապարակային յայտարարութիւնները պէտք է յատկանշէ ծայրագոյն բծախնդրութեամբ, կշռադատուածութեամբ, եւ յատկապէս նման զգայուն թեմաներու պարագային` շահարկման ենթարկուելու նախադրեալներէ զուրկ:
Փաստօրէն Շուշիի պատկանելիութեան մասին հրապարակային հարցադրումը մէկէ աւելի անգամներ օգտագործուեցաւ եւ կը շարունակուի օգտագործուիլ Պաքուի կողմէ:
Նոյնպէս «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, որքան ալ գաղափարախօսականօրէն հարազատ թուի, այնուամենայնիւ, քաղաքական առումով, շահարկելի յայտարարութիւն է` վարչապետին կողմէ կատարուած: Աւելի՛ն. բանակցութիւններու անիմաստութիւնը հաստատող եւ պատերազմի սանձազերծման հիմնաւորում տուող քայլ: Ինչը, նոյնպէս շահարկուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ:
Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ կատարուած նմանատիպ յայտարարութիւններ վնաս հասցուցին Երեւան-Մոսկուա ռազմավարական գործընկերութեան եւ շահարկման թեմաներ տրամադրեցին Պաքուին:
Տակաւին, այլ խնդիր են ՀԱՊԿ-ի ռազմական կառոյցներուն մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչին յանկարծակի պաշտօնազրկումը, յաղթանակած բանակ ղեկավարած զօրավարներուն հեղինակազրկումները, պատերազմի ընթացքին ֆէյսպուքեան լայվերով զիրար հակասող խուճապային ելոյթները եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի, նուազագոյն ըսելաձեւով, ոչ պատշաճ պահուածքն ու անհամարժէք տնօրինումները: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ հրադադարի տխրահռչակ յայտարարութեան գաղտնի ստորագրութիւնը, մեծ հարցականներ կը ստեղծուին պարտուողականութեամբ եւ անձնատուութեամբ աւարտած պատերազմի մը` վարչապետին ունեցած տխուր դերակատարութեան շուրջ:
ԽՄԲ.
Հայաստանը Նոյեմբեր 9-էն Ետք…
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին 9 նոյեմբեր 2020-էն ի վեր լրատուական համակարգը ողողուած է Հայաստանի վարչապետին ստորագրած փաստաթուղթին բերած անսպասելի մտահոգութիւններով:
Աւա՜ղ, թաւշեայ յեղափոխութեան հերոս Նիկոլ Փաշինեանի անունին կցուեցաւ «դաւաճան» պիտակը: Ծանր է կրել այդ մակդիրը, մանաւանդ երբ ենթական համոզուած է, որ հազարաւոր քաղաքացիներու եւ զինուորներու կեանքը խնայելու սիրոյն դիմած է այդ քայլին: Անշուշտ նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ այդ քայլին քիչ մը աւելի կանուխ դիմած ըլլար:
Պէտք է ընդունիլ, որ ո՛վ ալ ըլլար յանդգնողը ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, ուր նշուած ըլլար վերադարձնել Ազրպէյճանին հինգ առաւել երկու ղարաբաղեան ազատագրեալ հողերը, թէկուզ Մինսքի խաղաղ բանակցային ճամբով, նոյնն է, ենթակայ պիտի արժանանար «դաւաճան»-ի անբաղձալի կոչումին: Այլ ճանապարհ կա՞ր արդեօք վերոնշեալ հողերը վերադարձնողի մը համար` խուսափելու այդ սեւ ճակատագիրէն կամ կոչումէն: Թերեւս:
Մեկնելով Աւետարանի պատգամներու թելադրութենէն` հեռու ինձմէ վարչապետը դատել իբրեւ «դաւաճան», «յանցաւոր» կամ «մեղաւոր»… Բայց նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը փափաքելի է դիտարկել բարոյական տեսանկիւնէն: Ըստ ինքեան այդ փաստաթուղթը կը պարունակէ ստորնութիւն: Քանի որ ամենադոյզն իրաւունքն անգամ զլացուած է պատերազմը կորսնցնող կողմին` Արցախին: Ոտնակոխուած է արդարամտութիւնը: Մինչդեռ նոյնը չըրին 30 տարի առաջ Ազրպէյճանին, երբ կորսնցուց պատերազմը, ոչ մէկ ձեւով իրաւազրկեցին զայն իբրեւ պատերազմը կորսնցնող կողմ, ընդհակառակը շեփորեցին` անիրաւ իրաւունքները պաշտպանելով…
Ասոր կ՛ըսեն` երկու չափ, երկու կշիռ: Հիմա այն, ինչ որ բացայայտ է, Փաշինեանին պարտադրեցին ստորագրել նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը: Սա կը նշանակէ, թէ ստորագրողին ստիպեցին ստորին արարք գործել:
Այսօր աշխարհի դատաստանին առջեւ Փաշինեանը կրողն է այդ արարքին ճակատագիրը: Այսպէս է աշխարհի կարգը: Արարքի մը պատիւը կամ անպատուութիւնը դերակատարին կը վիճակուի: 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեան լուսաւոր պատիւը վիճակուեցաւ իրեն, դերակատարն էր: Ներկայիս ալ նոյեմբեր 9-ի տխուր համբաւը իրեն կը վիճակուի, քանի որ ասոր ալ դերակատարն է: Հետեւաբար, իրեն կը մնայ այս կացութեան մէջ բարոյական վերաբերմունք դրսեւորել, մեկնիլ ինքնակամ եւ յօժար կերպով` վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացնելով: Այսպիսով ցոյց տուած պիտի ըլլայ իր յարգանքն ու ընկալումը բարոյական արժէքներու հանդէպ: Վստահաբար գիտակցելու է, որ եթէ շարունակէ մնալ պաշտօնին վրայ, այլեւս պիտի չկարենայ վայելել այն բարձր հեղինակութիւնը, զոր կը վայելէր թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ:
Վիլի Պրանտ` գերմանացի վարչապետը, երբ իմացաւ, թէ Կիւնթէր Կիյոմ` իր անմիջական բարձր պաշտօնատարը, որ նաեւ իր մտերիմ թղթածրարներուն տեղեակ անձն էր, լրտես մըն էր, անմիջապէս, նոյն օրն իսկ հրաժարեցաւ վարչապետի իր պաշտօնէն, հակառակ իր կուսակցութեան գլխաւոր պատասխանատուներու թախանձագին խնդրանքին, որ շարունակէ իր պաշտօնը, քանի որ Կիւնթէրի լրտես ըլլալուն իր անգիտացումը իր մեղքը չէր, այլ ատիկա իմանալը անվտանգութեան ծառայութիւններու պարտականութիւնն էր: Հակառակ այս իրողութեան, Վիլի Պրանտ մերժեց շարունակել` ըսելով. «Երկրի մը վարչապետը սպառնալիքի վտանգին հետ պէտք չէ երբեք դէմ յանդիման գտնուի: Այդ պատճառով ալ կը հրաժարիմ»:
Այսպէս կ՛ըլլայ հայրենիքի շահերուն եւ բարոյական արժէքներու պաշտպան պատասխանատու ղեկավարը:
Այսօր Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական վիճակը նոր ձեւաւորումներու կ՛ենթարկուի: Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան, իւրաքանչիւրը կ՛ապահովէ իր շահերը` հեղինակազրկուած եւ զոհ դարձած փոքրիկ Հայաստանի կռնակէն: Բողոքի հայկական ձայնը լռած է: Կարծէք Հայաստանի մէջ պետութիւն չկայ:
Վերոնշեալ այս պետութիւնները մեզմէ աւելի լաւ հասկցան, որ հայերը անցնող 30 տարիներուն ընթացքին չկրցան հեռատեսութիւնը ունենալ պետական համակարգի վերաշինութեամբ զբաղելու: Մեր իրերայաջորդ իշխանութիւններէն ոչ մէկը փորձեց մտածել երկիրը բարոյական արժէքներու վրայ հիմնելու, իրարու զօրակից դարձնելու Հայաստանի հասարակութիւնը ընկերատնտեսական արդար իրաւունքներու ոգիով դաստիարակելու, զարգացնելու երկիրը կաշառակերութենէ զուրկ տնտեսութեամբ, պետական կարգն ու կանոնը ժողովրդավարական շինիչ դրութիւններու վրայ հաստատելու մասին, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանը տնտեսապէս, ռազմականօրէն եւ գիտականօրէն: Անկախութիւնը մենք ըմբռնեցինք` հողը լքել, ամերիկեան վիզա առնել եւ Քալիֆորնիա հաստատուիլ:
Քիչ մը յոյս ունեցանք թաւշեայ յեղափոխութենէն: Չէ՞ որ անոնց տեսլականն էր բարոյական արժէքներու վրայ դարբնել հասարակութիւն մը, որ կոչուած պիտի ըլլար վերը ըսուած այդ բոլոր բարեկարգութիւնները իրագործելու` սատարելով պետական ուժեղ համակարգի մը գոյառութեան: Պիտի զարգացնէր ժողովուրդին մէջ պետական մտածողութիւնը: Բայց պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, թէ դեռ շա՜տ հեռու ենք անկաշառ հոգեբանութեան տէր ժողովուրդ մը ըլլալէ եւ պետական մտածողութիւն ունենալէ:
Փարիզի մէջ, հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի ողբերգութեան ցաւակից եւ սգակից, որպէս համեստ մի ոմն եկեղեցական, խնդրանքս էր այսօրուան իշխանական խումբէն, որ իրավիճակին վերանայէր: «Իմ քայլական»-ներու պարտքն է` իբրեւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւն, խորհուրդ տալ վարչապետին
ազնուօրէն հեռանալ եւ իրենք ալ մտածեն զիջելու իրենց դիրքերը, որովհետեւ ի վիճակի չեղան արգելք հանդիսանալու աղիտալի որոշումներու, հետեւաբար նոր սկիզբի մը կերտման սիրոյն, չխանգարեն ստեղծուելիք անցումի կարելիութիւնները, որպէսզի այդ անցումը ըլլայ խաղաղ, եղբայրական եւ միասնական մթնոլորտի տակ: Մի՛ վարանիք այս «զիջում»-էն: Պարկեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վեհանձնութիւնը կը պահանջէ ասիկա` յանուն վիրաւոր եւ վտանգուած ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:
Օգուտ չունի անդրադարձը աւերակումէն ետք: Չէ՞ք տեսներ ի վնաս Հայաստանի տրուած որոշումները ի՜նչ արագութեամբ կ՛ընթանան:
Հոգեւոր դարձ հայոց ազգին:
Փարիզ, 2 փետրուար 2021
Փորձենք Մտածել
ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Ինչո՞ւ այս վերնագիրը: Որովհետեւ երբեմն կը թուի, որ դադրած ենք մտածելէ, եւ յուզականութիւնը այնքա՛ն տիրապետող դեր կը խաղայ մեր ազգային կեանքին մէջ, որ հրամցուող ամէն լուր դեղահատի պէս կը կլլենք. կը հաւատանք անոր` առանց հարցադրումի, առանց գիտակցելու անոր ծագման եւ տարածման դրդապատճառներուն:
Հայ ժողովուրդի հսկայ բաժինը ահաւո՛ր ցնցում մը ապրեցաւ նոյեմբեր 9-ին եւ անկէ ետք: Հազարաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու լուրը կսկիծ յառաջացուց բոլորին մօտ: Մտածելը, որ մայր մը ամէն օր կը զգայ անուշիկ զաւակին ձգած պարապը, որ` կին մը կը սգայ ամուսնոյն կորուստը, որ` տղեկ մը կամ աղջնակ մը կը հարցնէ `«Հայրիկը ո՞ւր է. ինչո՞ւ չի գար», թոյլ չի տար, որ միտքը առարկայականօրէն մօտենայ հարցերուն: Յուզումը կը խեղդէ կոկորդը, լալու փափաքը կը փոթորկէ հոգին, եւ բարկութիւն, ընդվզում, նոյնիսկ չարութի՛ւն կը գրաւեն էութիւնը: Այդ բարկութիւնը տեղ մը պէտք է յանգի, եւ աւելի դիւրին բան չկայ, քան` ամբաստանել ներկայ իշխանութիւնները, պետութիւնը եւ ղեկավարը: Չէ՞ որ իրենք էին այդ օրերու իշխանութիւնները:
Արդ, նոյնիսկ եթէ իրաւացի են բարկութիւնն ու յուզումը, սակայն կ՛արժէ վայրկեան մը կենալ, հեռաւորութիւն պահել անմարսելի պարտութենէն եւ մտածել:
Առաջին բանը, որուն կ՛անդրադառնայ մտածել փափաքողը, երկու յստակ բեւեռներու գոյութիւնն է: Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամփի օրերուն հանրութիւնը բեւեռացած էր երկու կարծիքներու շուրջ, եւ ոմանք սիրահարած էին Թրամփին, իսկ ուրիշներ կը քամահրէին զայն, այսօր հայաշխարհին մէջ կը տեսնենք նոյն երկփեղկումը: Ոմանք Հայաստանի վարչապետը դաւաճան կը նկատեն եւ կը պահանջեն, որ ժամ առաջ մեկնի, մինչ ուրիշներ կը պաշտպանեն զինք եւ կ՛ըսեն, որ նոր ընտրութիւններու պարագային, կրկին պիտի քուէարկեն ի նպաստ անոր: Մէջտեղ գտնուողները` անոնք, որոնք փինկ-փոնկի կամ թենիսի խաղ մը դիտելու պէս իրենց գլուխները մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ կը դարձնեն, անո՛նք տեղ եւ ձայն չունին հրապարակին վրայ. Վա՛յ որ հարցականի տակ առնեն տարածուող սխալ լուր մը. «Դո՞ւն ա՜լ, Մարգարիտ» (իմա՛, դո՞ւն ալ դաւաճան ես):
Ինչպէս Թրամփի պարագային, վարչապետ Փաշինեանի պարագային եւս Դիմատետրը եւ ընկերային այլ ցանցեր խթանեցին կարծիքներու տարբերութիւնը եւ թոյլ տուին սանձարձակ կեցուածքներու դրսեւորումը. տարածուեցան սուտ լուրերը, գրգռուեցան կիրքերը մարդոց կողմէ, որոնց մտադրութիւնները յետին նպատակները բնաւ երբե՛ք լրջօրէն չքննուեցան կարդացողներուն կողմէ: Վարչապետը վերածուեցաւ հրէշի, իսկ իր կինը` հրէշուհիի: Եւ տո՛ւր թէ կու տաս` ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղեցաւ ամէնէն կարեւոր հարցէն ու կեդրոնացաւ մէ՛կ կիզակէտի վրայ:
Այն տպաւորութիւնը սկսանք ունենալ, որ մեր թշնամին Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան չեն, անոնք իրենց անօդաչու սարքերը չեն ղրկած Արցախ, անոնք քիմիական նիւթերով չեն յարձակած մեր հերոս տղաներուն վրայ: Մոռցանք ռուսը, որ թակարդի մէջ ձգեց մեզ եւ Թուրքիոյ հետ գործակցեցաւ ի՛ր հաշիւներուն համար: Մոռցանք Իսրայէլը, որ առօք-փառօք հարստացաւ ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի մը զաւակներուն վրայ ղրկուելիք նորագոյն մահասփիւռ սարքեր ծախելով իր սիրասուն բարեկամին: Մոռցանք Ամերիկան, որ մատը մատին վրայ չդրաւ եւ այսօր երես ունի շնորհաւորելու Ազրպէյճանը իր ամբողջական սահմաններուն վերատիրանալուն համար. մոռցանք եւրոպացիները, որոնք ձայն-ձոյն չհանեցին պատերազմի ատեն, բացի քանի մը մլաւիւններէ, որովհետեւ, ինչպէս մի՛շտ, այս անգամ ալ իրենց տնտեսական շահերուն, քարիւղին եւ կազին մասին կը մտածէին:
Ու մոռցանք, որ անցնող քսանվեց տարիները վատնուած էին. չէի՛նք պատրաստուած պատերազմի, չէինք գնած պէտք եղած զէնքերը, կողոպտուած էր երկիրը, պարպուած էր Հայաստանը:
Ո՞վ էր մեր միակ, մեր հիմնակա՛ն թշնամին. Նիկոլ Փաշինեանը: Եւ ո՛վ որ համարձակէր նախկին վարչամեքենաները յիշել, կամացուկ մը «կը քշուէր» հրապարակէն նորոյթի վերածուած խօսքով մը` «Ա՛լ կը բաւէ յիշեցնէք նախկինները» կամ` «Հասկցանք` նախկինները. ո՛վ էր վարչապետը պատերազմի ժամանակ, դուք անո՛ր նայեցէ՛ք»:
Ահաւասիկ մեր մտածելու ունակութիւնը: Յանկարծ բոլո՛ր թերթերը սկսան տպել նոյնանման յօդուածներ: Նախկինները, ճիշդ է, կատարեալ չէին, բայց Փաշինեանն է դաւաճանը. Փաշինեանը անողնաշար է, Փաշինեանը պէտք է սպաննուի, Փաշինեանը պէտք է դատուի:
Գիտակցող եղա՞ւ, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած էր, ինչո՛ւ պատահած էր, ինչպէ՛ս պատահած էր: Անշո՛ւշտ որ գտնուեցան քանի մը տասնեակ հոգի, որոնք փորձեցին ասդին-անդին մտածում տարածել: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դժբախտաբար ինկաւ այն մե՜ծ ծուղակին մէջ, որ կը կոչուի Դիմատետր եւ լրատուական միջոցներ:
Անոնք, որոնք միամիտ էին կամ ժամանակ չունէին բոլոր լուրերը կարդալու եւ ստուգելու անոնց ճշգրտութիւնը, ինկան հաւաքական թութակութեան մէջ:
Օրինակնե՞ր` շա՜տ: Օրը նոր, խեղաթիւրուած լուրը` նոր: Ահա՛ երկու նմուշ:
Վարչապետը ըսաւ` «Շուշին տժգոյն քաղաք է»: Ինչպէ՛ս կրնայ այսպիսի բան ըսել: Կը նշանակէ` Շուշին չի սիրեր, կը նշանակէ Շուշին չի յարգեր: Անշուշտ որ առաջին անգամ այս նախադասութիւնը լսողը կրնայ բնական հակազդեցութիւն մը ունենալ, ինչպէս կ՛ունենան մարդիկ, որոնց ընտանիքի մէկ անդամի հասցէին վիրաւորական խօսք մը կ՛արձակուի: Բայց այդ բոլո՜ր վիրաւորուածները վայրկեան մը մտածեցի՞ն, թէ ի՛նչ համաբնագրի (context) մէջ կը զետեղուէր այդ խօսքը: Ճիշդ ի՛նչ ուզել ըսած էր այդ խօսքին տէրը: Պարկեշտ եւ մտածող մարդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր: Ըսել չէր ուզեր, որ Շուշին գեղեցիկ չէր, սիրելի չէր, սրտի մօտիկ չէր: Պարզապէս կը ներկայացնէր փաստարկում մը, որուն միտք բանին վերիվարոյ հետեւեալն էր. «Եթէ Շուշին այդքա՛ն կը սիրէիք, ինչո՞ւ քսանվեց տարուան ընթացքին չշինեցիք ենթակառոյց մը, չբնակեցուցիք շրջանը, չամրացուցիք տնտեսութիւնը»: Ա՛յդ էր ըսուածը եւ ինքզինքին հետ հաշտ մէկը համաձայն կ՛ըլլայ անոր. խնդիրը այն է սակայն, որ վարչապետին շատո՜նց չհամակրող ուժերը այնպէս մը պատրաստուած են, որ առիթ չեն փախցներ իւրաքանչիւր խօսքը խեղաթիւրելու եւ իրենց պատրաստած ատելութեան թունաւոր կարկանդակը ամէն կողմ ղրկելու` իսկապէ՛ս հայրենասէր եւ միամիտ մարդոց հոգիին եւ մտքին հետ խաղալու համար:
Վարչապետը ըսաւ. «Դուք գիտէ՞ք, որ Շուշիին 96%-ը ազերի բնակչութիւն ունեցած է»: Այս նախադասութիւնը ի՞նչ առիթով, ե՞րբ եւ ի՞նչ տրամաբանական հոսքի մէջ արտաբերուած էր: Ան, որ Ազգային ժողովին հետեւեցաւ սկիզբէն մինչեւ վերջ, հասկցաւ, որ վարչապետը տիկին Զոհրապեանի մէկ հարցումին կը պատասխանէր եւ յստա՛կ, իրապաշտ վերլուծում մը ընելու վրայ էր: Բայց ի՞նչ ըրին ապատեղեկատուութեան «մասնագէտները»: Անմիջապէս կտրեցին առաջին բաժինը, կտրեցին ետեւի բաժինը, եւ, հո՛փ, «Տեսէ՞ք, չ՛ամչնար նոյնիսկ. կ՛ըսէ, որ Շուշին ազերի քաղաք է»: Եւ եղան նողկալի արտայայտութիւններ, փաստարկումներ. իրենք զիրենք լուրջ մտաւորականի տեղ դրած մարդիկ պէտք զգացին հի՜ն դարերու երթալու եւ ցոյց տալու համար, որ Շուշին հայկակա՛ն էր իր եկեղեցիներով, իր մշակոյթով եւ իր ծոցին մէջ ծնած նշանաւո՛ր հայերով: Արդեօք… մէկու մը մտքէն անցա՞ւ, որ պրն. Փաշինեանին ըսածը Շուշիի դարերէ ի վեր հայկական ըլլալուն հետ կապ չունէր. անշո՛ւշտ որ Շուշին հայկական է, քանի որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Տարօրինակ ազգ ենք. մէկ կողմէն կ՛ըսենք`
«Պէտք չէր ըսեր Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», միւս կողմէ, առանց նոյնիսկ հասկնալ փորձելու ըսուածը, քաջն Նազարի դրօշը պարզած, թերթերու «փողոցները» իջնելով` կը պոռանք` «Տեսա՞ք, տեսա՞ք թրքամոլը, որ Շուշին ազերի կը համարէ»: Բարեբախտաբար մնացած են տակաւին հատ ու կենտ հայատառ թերթեր, որոնք ընդդիմանալով պատմութեան նենգափոխման` հրատարակեցին ամբողջ համաբնագիրը եւ մտածել ուզող ընթերցողը կրցաւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել ուզած էր պրն. Փաշինեան: Պատմական իրողութիւն է, որ 1920 թուականին ազերիները կոտորած էին Շուշիի հայերը. 1992-ին բնակչութեան 92%-ը ազերի էր: Կարելի՞ է ժխտել պատմական ճշմարտութիւնը: Հարցը, որ իրապաշտօրէն կը դրուէր, հետեւեալն էր. վերջին պատերազմը կեցնելու փորձերու ընթացքին Ազրպէյճանը պայման դրած է վերադառնալ 1992-ի ժողովրդագրական կարգավիճակին. այսինքն` բոլոր ազերի փախստականները վերադարձնել Շուշի: Պրն. Փաշինեան բնականաբար մերժած է այդ պայմանը, որովհետեւ տարածուած լուրերուն հակառակը փաստող «Շուշին առանց ազերիներու» տարազին կառչած է, եւ պատերազմը շարունակուած է, եւ հիմա ազգի դաւաճան է, եւ Շուշին ծախած է… նուազագոյն տրամաբանութիւն ունեցողը հոս պէտք է կենայ, լա՜յն շունչ մը առնէ եւ աւելի լուրջ մտածէ… Արդեօք ի՞նչ եղած պիտի ըլլար զինք դաւաճան կոչողներուն կեցուածքը, եթէ ընդունած ըլլար Շուշին ազերի փախստականներով լեցնելու պայմանը… անշուշտ մի՛շտ դիւրին է յետադարձ ակնարկ նետելով դատումներ կատարելը եւ թէական պատկերացումներով ամբաստանութիւններ ընելը:
Հիմա պիտի կարծէք, որ այս տողերը գրողը «փաշինեանական» է. եթէ «փաշինեանական» չէ, անպայմա՛ն սորոսական է. եթէ սորոսական չէ, վստահաբար հրեայ ամուսին, եղբայր, ազգական կամ բարեկամ ունի: Այնքա՛ն պարզունակ դարձած է մեր մտածելու ձեւը, որ խղճալի ենք: Դարձած ենք ըսի-ըսաւի ջաղացքի ջուր լեցնողներ. վերածուած ենք մարդիկը պիտակաւորող գործիքներու: Չե՞նք ամչնար:
Կրնաք հանգիստ ըլլալ. ո՛չ փաշինեանական եմ, ո՛չ սորոսական. ո՛չ ալ հրեայ ազգական ունիմ: Ծախուած ալ չեմ, ինչպէս` շա՜տ շատեր, որոնք այսօր հրապարակը տակն ու վրայ ըրած են եւ հայ ժողովուրդը` ա՛յս վիճակին ձգած: Կրնամ նոյնիսկ թուել պրն. վարչապետին տկարութիւնները, որոնցմէ հիմնականը անմիջապէս հակադարձելու անկարողութիւնը կամ չկամութիւնը եղաւ. ան պէտք էր իսկոյն պարզաբանած ըլլար միտքը եւ յստակօրէն արտայայտած ըլլար ինքզինք: Տակաւին շա՜տ ուրիշ թերութիւններ ունի, բայց մտածել փորձող ոեւէ գիտակից հայ պէտք է դադրի պետութիւնը տկարացնելէ եւ մտածէ թակարդէն դուրս ելլելու մասին:
Մենք դարերով պետութիւն չենք ունեցած, չենք վարժուած պետութիւն ունենալու եւ կառուցելու: Պոլշեւիկեան լուծին տակ ապրած ըլլալով` կորսնցուցած ենք մարդոց հանդէպ վստահութիւն ունենալու կարողութիւնը եւ վերածուած ենք զիրար այպանող, իրարու դէմ դաւ լարող մեքենաներու: Վայրկեան մը դիտենք մեր շուրջը. ո՞ր երկրի թերթերուն մէջ կը տեսնենք «Էմանուէլը աս ըսաւ, Ճոն այդ ըրաւ, Անճելան եկաւ». չե՛նք տեսներ, բայց հայ յօդուածագրերը կրնան այնքա՜ն դիւրութեամբ գրել «Նիկոլը, Սերժիկը, Արայիկը», կարծես անոնք իրենց թաղի ընկերները եղած ըլլան. խօսելու այս ձեւը ախտաբանական է ինքնին եւ մտածել կու տայ, որ մենք չենք գիտեր յարգել մեր պետական այրերը, եւ իւրաքանչիւրս մէյ մէկ նախագահ ենք` վճիռներ արձակող այս կողմ եւ այն կողմ: Հիմա պիտի ըսուի` «Բայց ի՛նք պարտութեան տարաւ մեզ, ի՛նք ստորագրեց անպատուաբեր համաձայնագիրը»: Այո՛, պրն. Փաշինեանը ստորագրեց այդ տխրահռչակ համաձայնագիրը, բայց պէտք չէ մարդոց ուշադրութիւնը մի՛ միայն իր վրայ կեդրոնացնելով` փորձել ճողոպրիլ դատաստանի ցանցերէն:
Որովհետեւ եթէ դատաստան պիտի ըլլայ, բոլորի՛ն համար պէտք է ըլլայ: Մենք բոլո՛րս դաւաճանած ենք մեր ազգին եւ պէտք է խուսափինք քաւութեան նոխազ փնտռելէ: Վերջ ի վերջոյ, հայկական բանակի պարտութիւնը կարելի չէ բեռցնել մէ՛կ անձի ուսերուն, երբ ան դեկտեմբեր 2018-էն մարտ 2020 հազիւ տասնհինգ ամիս ունեցած էր հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու երկրէն ներս: Մարտ 2020-ին աշխարհը հարուածած ժահրը անկարելի դարձուցած էր երկիրներու բնական կառավարումը աշխարհի բոլո՛ր պետութիւններուն համար: Պէտք է քննել, թէ ինչպէ՛ս 2012-էն ետք, մինչ թշնամիները միլիառներ կը ծախսէին ամէնէն արդիական զէնքերը ձեռք բերելու համար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը բաւարարուած էր անորակ եւ հնամենի սարքեր ապսպրելով իր դաշնակիցէն:
Եթէ իսկապէս հաշտ կ՛ուզենք ըլլալ մենք մեզի հետ, եթէ իսկապէ՛ս պարկեշտ ենք եւ ուղիղ մտածողութեան տէր, ապա պէտք է սկսինք հարցերուն եւ լուրերուն մօտենալ այլ կերպ: Անհրաժեշտ է մաղէ անցընել մեզի եկած բոլոր լուրերը եւ կարդալ բոլո՛ր թերթերը, մէկդի նետել գռեհիկ լեզուով գրուած յօդուածները եւ անարգական արտայայտութիւնները (գինով է, հոգեկան հիւանդ է, խելագար է, կնոջ ստրուկն է), կուրօրէն չհաւատալ սուտերուն եւ զոհ չերթալ սադրանքի:
Ժամանակը եկած է, որ կոյրերը կամ կոյր ձեւացնողները բանան իրենց աչքերը, խուլերը կամ խուլ ձեւացնողները լարեն իրենց ականջները, համրերը կամ համր ձեւացողները դառնան խիզա՛խ եւ բանան իրենց բերանները:
Հարցերուն պէտք է մօտենալ անաչառ եւ անվախ ձեւով. պէտք է թոյլ տալ, որ մարդիկ հակառակ կարծիք արտայայտեն, որովհետեւ կարծիքներու բախումը առողջ է եւ կրնայ սփռել լո՛յս խաւարին մէջ խարխափող մտքերուն վրայ:
Պէ՛տք է փորձել մտածել:
aztagdaily.com/archives/499781