Թուրքիոյ Նախագահականի Նոր Գլխաւոր Խորհրդականը Հայկական Հարցի Մասնագէտ Է

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր խորհրդական նշանակուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) նախկին պատգամաւոր, պատմաբան Սէյիթ Սերթչելիքը:

Թրքական «Sözcü» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ պատմաբան Սերթչելիքը hայկական հարցի մասնագէտ է:

Աղբիւրը ուշադրութիւն կը դարձնէ այն հանգամանքին, որ Թուրքիոյ նախագահականի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին հայկական հարցի մասնագէտի մը նշանակումը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամ է, եւ Ռուսիան ռազմավարական մակարդակով աւելի կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ:

«Ռուսերը ճնշեցին, նախագահականն ալ իր առաջին քայլը կատարեց»,- կը գրէ «Sözcü»-ն` նկատել տալով, որ թրքական օդուժին կողմէ ռուսական օդանաւին խոցումէն ետք Քրեմլը որոշած է Հայաստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան համատեղ համակարգ ստեղծել:

Միեւնոյն ժամանակ կը նշուի, որ ռուս-թրքական հակամարտութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին վրայ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail