Յունական Պատմական Փաստաթուղթ մը՝ 18 Փետրուար 1921-ի Համաժողովրդային Ապստամբութեան Վերաբերեալ

Յունական Պատմական Փաստաթուղթ մը՝ 18 Փետրուար 1921-ի Համաժողովրդային Ապստամբութեան Վերաբերեալ

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ, ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ:

«Ազատ Օր»-ը առաջին անգամ ըլլալով կը ներ­կա­յաց­նէ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պա­հո­ւած փաս­տա­թուղթ մը, որ առն­չո­ւած է 18 ­Փետ­րո­ւար 1921-ին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան հետ։

1921-ի ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պոլ­շե­ւի­կեան դա­ժան տի­րա­կա­լու­թեան դէմ ապս­տամ­բու­թեան ծա­գու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող ­Յու­նաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան գրա­սե­նեա­կը հե­ռա­գի­րով կը տե­ղե­կաց­նէ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան՝ ժո­ղովր­դա­յին պոռթ­կու­մին մա­սին։ ­Լու­րը նա­խա­պէս ղրկո­ւած է ­Պա­թու­մի յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մին կող­մէ ­Պոլ­սոյ յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ա­պա վեր­ջի­նը կը հե­ռագ­րէ Ա­թէնք՝ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան սպա­սար­կու­թեան։

­Հե­ռա­գի­րին մէջ գրո­ւած է հե­տե­ւեա­լը.- «­Ձեզ կը յայտ­նեմ ստո­րեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած թիւ 176 հե­ռա­գի­րը, ղրկո­ւած ­Պա­թու­մէն պա­րոն Ս­քե­ֆե­րի­սին կող­մէ սոյն ամ­սո­ւան 9-էն .- ­Հա­յե­րը, օգ­տա­գոր­ծե­լով ռու­սա­կան բա­նա­կի զբա­ղու­մը Վ­րա­ցի­նե­րու դէմ մար­տե­րուն մէջ, տա­պա­լե­ցին պոլ­շե­ւի­կեան վար­չա­կար­գը։ ­Պա­րոն Վ­րա­ցեան կազ­մեց նոր ­Կա­ռա­վա­րու­թիւն, եւ յայ­տա­րա­րեց, թէ ար­տա­սահ­մա­նի ­Հայ­կա­կան նախ­կին բո­լոր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ներ­կա­յաց­նել նոր ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։
­Վո­ցիս»։

­Սոյն հե­ռա­գի­րը, ինչ­պէս նաեւ մեծ թի­ւով կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կապ ու­նին մաս­նա­ւո­րա­բար 1918-1921 տա­րի­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Կի­լի­կիոյ ա­ղէ­տին հետ կը գտնո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնց­մէ մաս մը մատ­չե­լի է հան­րու­թեան առ­ցանց կեր­պով, յատ­կա­պէս պատ­մու­թեան ո­լոր­տի գի­տաշ­խա­տող­նե­րու ու հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րու հա­մար, եւ որ­պէս կա­րե­ւոր աղ­բիւր կրնան ծա­ռա­յել պատ­մա­կան այդ ժա­մա­նա­կաշրջա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար։

Յունական Պատմական Փաստաթուղթ մը՝ 18 Փետրուար 1921-ի Համաժողովրդային Ապստամբութեան Վերաբերեալ

yerakouyn.com/2021/02/18/յունական-պատմական-փաստաթուղթ-մը՝-18-փետ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail