9/10 Նոյեմբերէն Ի Վեր Եւ Անկէ Ետքի Համար. Յ. Պալեան
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Միջազգային հանրութեան համար Արցախի հակամարտութիւնը վերջ գտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ: Բառը մեկնաբանութեան կը կարօտի: Պարտուածին հետ կնքուած համաձայնութիւնը այդպէս ալ չէ, անոր ուրիշ անուն պէտք է տալ: Պարտուած Հայաստանը կատարուած իրողութիւնը ընդունած է:
Հայ ժողովուրդը պարտութիւնը վերջնական կը համարէ՞:
Արցախի հարցը խորհրդային տնտեսական զարգացման հարիւր տարի առաջուան ծրագրումի հետեւանք է: Արցախի տնտեսութիւնը, աշխարհագրութեան պարտադրանքով, կապուած է արեւելքի եւ հարաւի, հասկնալ՝ Ատրպէյճանի, այս պատճառով ալ ան որպէս ինքնավար մարզ կցուած էր Ատրպէյճանի: Հայաստանի եւ Երեւանի հետ հաղորդակցութեան ճամբաներ չկային: Այս կամայական անջատումը ստեղծած էր նոր իրաւունք՝ իրաւազրկման հիման վրայ, ինչ որ 9/10 նոյեմբեր 2020ի «համաձայնութեամբ» գործադրութեան կը դրուի:
Խորհրդային տնտեսական եւ ազերիական նուաճողական տեսակէտին կը հակադրուի կարեւոր այլ տեսակէտ մը. Արցախի հարցը պատմական իրաւունքի եւ լենինեան սկզբունքով իսկ ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքի հարց է:
Եթէ միջազգային իրաւարարութիւն մը պիտի վճռէ, ան չի կրնար կանգ առնել հայկական կողմի զինուորական պարտութեամբ ստեղծուած կացութեան վրայ: Զօրաւորին պարտադրանքը ընդունիլ որպէս իրաւունք եւ արդարութիւն մարդկութեան դէմ ոճիր է, անտառի օրէնքին յաղթանակը՝ ընդդէմ գլխագրուած Իրաւունքին եւ ճշմարտութեան: Ֆրանսացի առակագիր Ժան Լա ֆոնթէնի դիպուկ բանաստեղծութիւնը այդ մասին կը վկայէ: Ան «Գայլը եւ գառը» (Le Loup et l’agneau) բանաստեղծութեան մէջ ըսած է. «Զօրաւորին պատճառաբանութիւնը միշտ լաւագոյնն է»:
Զօրաւորին իրաւունքը կրնա՞յ վերջնական ըլլալ, երբ անիրաւուածը գիտակից է եւ ողջ: Երբեմն պէտք է լսել՝ թէ ան ի՞նչ կ’ըսէ:
Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ազատագրական անդառնալի պայքար է, Սումգայիթի ցեղասպանական յոռեգոյն ոճիրներէն ետք, որոնց համար միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ Ռուսիան, երէկ եւ այսօր, ոչինչ ըրին: Խօսուեցաւ եւ կը խօսուի անցեալի եւ մեզի մօտ ժամանակներու ցեղասպանութիւններու մասին, նորերու համար դատուողներ եղան եւ կան: Ո՞վ պիտի բացատրէ, թէ ինչո՞ւ միջազգային մամուլի հոլոված Սումգայիթի ոճիրներուն համար,- զորս կոչեցին pogroms,- դատեր եւ դատուողներ չեղան: Այս վատութեան հետեւանքը եղաւ ազերի-թուրք բիրտ եւ նուաճողական նախայարձակումը, եւ պարտուած Հայաստանը,- եւ Հայութիւնը,- ստորագրեց անձնատուական համաձայնութիւն:
Հայութեան ազատագրական պայքարի մէկ արարին վրայ ջաղացքի քար դրին: Բայց ազատագրական պայքար մը կանգ կ’առնէ՞ տիքթաթով, կամազուրկի վիճակին դատապարտուածի ստորագրած համաձայնութեամբ: Պատմական եւ քաղաքական կացութեան շողանկարը (radiography) այս է: Իրաւարար Մեծ Մանիթուները եւ համաձայնութիւն պարտադրողները հաստատեցի՞ն արդար խաղաղութիւն:
Հայաստան, Հայութիւն, եւ մասնաւորաբար հայ քաղաքական միտքը, պէտք է գործեն ներկայի մութէն դուրս գալու եւ ապագայ կերտելու ուղղութեամբ: Այս ընել ոչ բանաստեղծութիւն է, ոչ գրականութիւն, ոչ ալ սրահ յուզող գեղեցիկ խօսք:
Պէտք է խօսիլ ամուլ միջազգային համայնքի, շահախնդրութեան եւ օրէնքի պաշտպանութեան կեղծիքի մասին, որոնցմով ժողովուրդները օրօրած են մեծ սկզբունքներու մրճահարումներու տակառային աղմուկով:
Արցախի Հանրապետութիւնը ստեղծուած է ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքով: Ինչո՞ւ միջազգային համայնքը չպաշտպանեց Արցախի ժողովուրդին այդ իրաւունքը: Մ.Ա.Կ.-ի անդամ եւ բոլոր միւս երկիրները անտեսեցին Արցախ ինքնորոշուելու իրաւունքը: Անվարան պէտք է ըսել, որ այս վերաբերումը մեղսակցութիւն է նոր ծաւալապաշտական միտումներու: Հայոց պետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը բաւարար ուժ եւ կամք չցուցաբերեցին եւ չունեցան իրաւունքի եւ արդարութեան պահանջը միջազգայնացնելու համար:
Կովկասը դարձած է պետութիւններու տնտեսական-ռազմական ազդեցութիւն ձեռքբերման դաշտ: Անոնց հետ համագործակցելու եւ իսկական դաշնակից դառնալու հնարաւորութիւն չունէր Հայաստան-Արցախը, Ատրպէյճանի նաւթի սրած ախորժակներու եւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ տիրական ներկայութեան պատճառով: Հայաստանի քաղաքական թափահարումները Ռուսիայէն հեռանալու եւ Արեւմուտքի մօտենալու ոչ մէկ օգուտ ունեցան եւ Ռուսիոյ մօտ վերապահութեան ստեղծեցին:
Ակնյայտ է. Ռուս-թրքական դարաւոր մրցակցութիւնը կը շարունակուի: Արեւմուտքի Ռուսիոյ նկատմամբ ունեցած վերապահութիւններէն Թուրքիա կ’օգտուի եւ կը գործէ որպէս Ատլանտեան Ուխտի նպատակներու իրագործման յառաջապահ, մինչդեռ ան կը հետապնդէ մեծպետական եւ կայսերական շահեր, որոնք ոչ մէկ ձեւով նպաստաւոր կրնան ըլլալ նոյնինքն Արեւմուտքին, Ատլանտեան Ուխտին եւ Ռուսիոյ:
9/10 նոյեմբերին Հայաստանի պարտադրուած համաձայնութեամբ, Ռուսիա ձեռք բերաւ ռազմագիտական յաջողութիւն. Կովկասի մէջ ունեցաւ նոր ռազմախարիսխ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ իր ունենալիք ազդեցութեան, անհաւանական չէ որ ան շեշտուի, եւ Հայաստան աւելի սերտօրէն ներառնուի Ռուսիոյ տնտեսական-քաղաքական համակարգին մէջ: Հայաստանի քաղաքական շրջանակները ջատագով են այս մերձեցման, ով որ ալ ըլլայ իշխանութիւնը:
Քաղաքական հետեւանքնե՞րը թուրք-ազերի յաղթանակին: Ատրպէյճան աւելի պիտի հեռանայ Ռուսիայէն եւ կռթնի Թուրքիոյ, ուրեմն՝ Արեւմուտքի: Ռուսիա ինչպէ՞ս պիտի ընդունի այս մարտահրաւէրը: Ան Հայաստանի համար առաւել մը պիտի ըլլա՞յ:
Հայաստանի եւ Ազէրի-թուրք հակամարտութիւնը կանգ առած է, չէ աւարտած: Պիտի շարունակուի, ոչ անպայման հայկական շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ նայիլ անմիջականէն անդին:
Թուրք-Ատրպէյճանական ցեղապաշտական մաքրագործման պատերազմը կը շարունակուի Արցախէն հայութիւնը հեռացնելու եւ անոր հետքերը ջնջելու մեծ ու պզտիկ նախաձեռնութիւններով, որոնք ի վերջոյ պիտի յանգին Ռուսիոյ գերիշխանութեան դէմ քայլերու:
Կնքուած զինադադարը,- 9/10 նոյեմբերի համաձայնութիւնը այդ է,- դաշինք չէ, խնդիրները նոյնքան հրատապ են:
Մինչ այդ, հայ ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, վերջնական պարտութեան չերթալու եւ ապագայ կերտելու համար, թաղային հեղինակութիւններէն վեր, ազգի, պետութեան, երկրի եւ քաղաքականութեան նոր մակարդակով եւ հեռանկարային համագործակցութեամբ, հայրենատիրական ծրագրով պէտք է առաջնորդուի:
Զգացական Եռամիասնութեան (Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք) կարողականութիւնը (potentiel) վերածելով իսկական յարգելի եւ նկատառելի ուժի, պէտք է հետապնդել քաղաքական իրաւունքը, գալիք ժամանակներու տեսիլքով:
Միշտ կրկնել. ոչ թէ անհատները եւ խմբաւորումները, այլ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին: Այս ազգային որակ է:
Որպէսզի 2021-ը, 2022-ը, 2023-ը 2020-ի շարունակութիւն չըլլան:
yerakouyn.com/2021/02/19/9-10-նոյեմբերէն-ի-վեր-եւ-անկէ-ետքի-համար-յ/