Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Գիւմրիի Մէջ Ճարտարագիտթեան Դասընթացք Հաստատեց
22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնին միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը՝ ՀԱՊՀ-ի (Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարան) հովանիին տակ գործող Գիւմրիի երկրորդական վարժարանին մէջ ճարտարագիտութեան անվճար կրթական ծրագիր մը իրականացնելու վերաբերեալ:
««Ճարտարագիտութեան մասնագիտացում աւագ դպրոցում» խորագիրը կրող արդիական եւ գործնական դասընթացքին կրնան մասնակիցլ Հայաստանի Շիրակի մարզի 11-րդ դասարանի այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին ձեռք բերել հիմնարար գիտելիքներ եւ փորձառութիւն»,- կը յայտնէ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնի վարիչ Ամալիա Եղոյեան՝ աւելցնելով «Ներկայ պայմաններուն մէջ, մեր բոլորին նպատակը պէտք է Հայաստանի զարգացումը ըլլայ։ Կը կարծենք, որ աշակերտներուն մօտ ճարատագիտութեան խթանումը կրնայ ըլլալ այդ զարգացման կարեւոր գործիքներէն մէկը»:
Դիմումները պիտի ընդունին մինչեւ 28 Փետրուար, իսկ դասընթացները պիտի սկսին Մարտ 9-ին:
Ծրագիրը ունի հետեւեալ բաժինները.
– Համակարգիչներու ծրագրային ճարտարագիտութիւն / Software Engineering
– Մեքենաշինութիւն / Mechanical Engineering
– Ելեկտրական ճարտարագիտութիւն / Electrical Engineering
– Արտադրանքի մշակում / Soft Skillset:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու դիմել aef@aefweb.org ե-նամակի հասցէին։
yerakouyn.com/2021/02/22/հայ-կրթական-հիմնարկութիւնը-գիւմրիի-մ/