
12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Երբ կը խօսինք մարդու անձնային աճի, ինքնազարգացման եւ յաջողութեան հասնելու մասին, կը փորձենք առաջին հերթին շեշտը դնել ոչ թէ մարդու գիտելիքներուն, այլ` անոր սովորութիւններուն եւ բնաւորութեան վրայ: Մարդու սովորութիւնները կը ձեւաւորեն անոր բնաւորութիւնը, իսկ մարդու բնաւորութենէն կախուած է անոր յետագայ ողջ կեանքը: Եթէ կ՝ուզէք ձեր կեանքին մէջ որեւէ բան փոխել, ուրեմն առաջին հերթին փոխեցէք ձեր բնաւորութիւնն ու սովորութիւնները:
Մենք բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ կը սխալինք։ Ոչ ոք կատարեալ է եւ ուզենք, թէ չուզենք, որեւէ պահ մենք կրնանք սխալիլ` որեւէ բան այնպէս չենք ըներ կամ ըսեր եւ որոշ ժամանակ անց անոր համար կը զղջանք: Իսկ թէ այնուհետեւ ինչպէս կը պահենք մեզ, կը տեսնենք հիմա:
Ընդհանրապէս, շատեր կը կարծեն, որ իմաստուն մարդը պէտք է երբեք չսխալի կամ սխալելու պարագային` պէտք է իր սխալները երբեք ցոյց չտայ: Բայց իրականութեան մէջ սխալները թաքցնելու, անոնցմէ խուսափելու եւ ընդունիլ չկարողանալու մէջ չէ մարդու իմաստութիւնը, այլ հակառակը` սեփական սխալները ընդունելու եւ անհրաժեշտ պարագային ներողութիւն խնդրելու: Պէտք է գալ հոգեկան եւ մտաւոր այնպիսի վիճակի, որ առանց լրացուցիչ ջանքերու՝ ի վիճակի ըլլանք գիտակցիլ սեփական սխալները: Ընդհանրապէս, մարդը ունի ինքնապաշտպանական բնազդ եւ այն բացասականը, որ կապուած է իր հետ, ան կ՝ընդունի շատ դժուար: Պէտք է կարենալ յաղթահարել զայն: Եթէ որեւէ սխալ կ՝ընէք, առանց վարանելու ընդունեցէք զայն: Եթէ ոեւէ մէկը վիրաւորած էք կամ վնասած, գիտակցեցէք, որ վատ բան ըրած էք, ընդունեցէք զայն եւ ներողութիւն խնդրեցէք: Մի լռէք եւ մոռացութեան մատնէք, այլ ուղղակի խոստովանեցէք: Անկէ ետք դուք ձեզ շատ աւելի հանգիստ, մաքուր ու վստահ պիտի զգաք: Դիմացինը նոյնպէս աւելի պիտի գնահատէ ատիկա եւ ձեզ աւելի յարգանքով պիտի մօտենայ, քան եթէ դուք ոչինչ ընէիք: Մի ամչնաք սխալներ թոյլ տալէ, ամչցէք զանոնք ընդունիլ չկարենալէն: Երբ դուք ձեռք բերէք սխալները ընդունելու այդ սովորութիւնը, դուք քայլ մը եւս կ՝աճիք ինքնազարգացման եւ յաջողութեան հասնելու ձեր ճանապարհին:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com