Առարկայական Ու Ենթակայական Ազդակներու Փոխազդեցութիւնը. Տիգրան Ճինպաշեան
22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր, տարակուսանքի ենթակայ է, թէ ինչո՞ւ կը յամենայ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը: Դեկտեմբեր 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեան փայլուն յաղթանակ արձանագրեց եւ տիրացաւ աննախընթաց բացարձակ մեծամասնութեան: Այդ մեծամասնութիւնը իրեն հնարաւորութիւն կու տար միանձնեայ որոշումներ կայացնել, շրջանցելով կարեւոր որոշումները, յատկապէս նշանակումները ընդդիմութեան հետ համադրելու սահմանադրական պահանջները: Նիկոլ Փաշինեան աներեր օգտուեցաւ այդ հնարաւորութենէն: Կառավարութեան կազմութենէն եւ առաջին օրինակարգումներէն հազիւ քանի մը ամիս անցած, Փաշինեանի ի նպաստ քուէարկած շատ մը քաղաքացիներ յուսախաբ դարձած էին, սակայն կը մտածէին, որ պէտք է յարգել ժողովրդային քուէով ստեղծուած դրութիւնը եւ համբերութեամբ սպասել, որ նախընտրական խոստումները իրականանան:
Այդ խոստումները ոչ միայն չիրականացան, այլ հետզհետէ անհասանելի երազներու վերածուեցան: Չկատարուած խոստումներուն դառն պսակը հանդիսացաւ 44-օրեայ պատերազմը, պարտութիւնն ու անձնատուական յայտարարութիւնը: Պատերազմը դադրեցնելու համար կատարուած զիջումներուն վրայ եկան աւելնալու յետպատերազմեան խուսանաւումները, նահանջները, անպատասխանատու յայտարարութիւնները եւ արարքները: Սխալներու շարքը երկարեցաւ ու տակաւին կը շարունակուի:
Բոլոր պայմանները առկայ են, որպէսզի ժողովուրդը պահանջէ կառավարութեան հրաժարականը: Իրերու դրութիւնը գրեթէ երեք տարիներէ ի վեր կը վատթարանայ, փոփոխութիւնը անհրաժեշտ դարձնող առարկայական ազդակները ակներեւ են, տեսանելի ու զգալի բոլորին կողմէ, սակայն փոփոխութեան պահանջը ժողովրդային լայն զանգուածներու կողմէ չ՛որդեգրուիր:
Փոփոխութեան պահանջը չ՛որդեգրուիր, թէ՞ չէր որդեգրուեր: Ժողովրդային պահանջին համայնացումը կարելի չէր, որովհետեւ պարտութեան յաջորդած հասկնալի տեղատուութեան պայմաններուն մէջ, մտքերու հոլովոյթը իր հասունացման ուղին չէր գտած: Առարկայական ժխտական պայմաններուն ենթակայ, պարտութեան ու կորուստի հոգեբանական անկումէն շշմած բազմութիւնները փնտռտուքի մէջ էին, անկարող կողմնորոշուելու: Ժամանակ պէտք էր մտքերը պարզելու, դէպքերը սթափ վերլուծելու համար: Ենթակայական ազդակները եւս պէտք է պարզուէին, իրենց բնական հոլովոյթը ապրէին, որպէսզի ժողովուրդը ի վերջոյ սթափուէր ու մերժէր ինչ որ ժամանակ առաջ բնական կը համարէր:
20 փետրուարի հաւաքը ցոյց տուաւ, որ առարկայական ու ենթակայական ազդակներու փոխազդեցութիւնը վերջապէս ընթացք առած է: Վատը հանդուրժելու վիճակէն դուրս գալով, բանականութեան գերակայութեան դրսեւորման փաստը ցուցադրեց բազմահազարանոց բազմութիւնը: Ստեղծուած առարկայական վատթար պայմաններուն ենթագիտակցական մղումով մերժումը պիտի առաջնորդէ ցանկալի փոփոխութեան:
Առարկայական ու ենթակայական ազդակներու փոխազդեցութիւնն ու համադրումը պիտի առաջնորդեն, անտարակոյս, համաժողովրդական պոռթկումի, որուն նախանշանները տեսանելի դարձան փետրուարի ժողովրդային հաւաքին:
yerakouyn.com/2021/02/22/առարկայական-ու-ենթակայական-ազդակներ/