Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Ներկայացուի Հայկական Հարցին Վերաբերեալ Հերթական «Անկողմնակալ» Գիրքը

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Յունուար 16-ին Անգարայի մէջ տեղի ունենալիք գիրքի ցուցահանդէսին ժամանակ պիտի ներկայացուի «Haberlermersin» կայքի յօդուածագիր Էրտեմ Աքիւզի հեղինակած «Հայկական հարցը եւ թուրքերը» գիրքը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Գիրքը հիմնուած է անձնական ուսումնասիրութիւններու եւ պատմաբաններու գնահատականներուն վրայ ու չի պարունակեր որեւէ տեսակի «անհիմն» մեղադրանք:

Կը նշուի, որ գիրքը թարգմանուած է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:

Գիրքը նաեւ կը ներառէ պատմական դէպքերուն վերաբերող գծանկարներ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail