Արցախի Երիտասարդները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայոց Բանակին (լուսանկարներ)
25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Այսօր՝ Փետրուար 25-ին, Արցախի երիտասարդները ցոյց կազմակերպած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ իբրեւ աջակցութիւն հայոց բանակին:
«Ապառաժ»ի տեղեկութիւններով՝ երիտասարդները պահանջած են դաւաճաններուն հեռացումը:
Անոնց ձեռքին եղած պաստառներուն վրայ նշուած են հետեւեալ կարգախօսները՝ «Ազգադաւներ հեռու հայոց բանակէն», «Զինուորին դաւաճանողը ազգի դաւաճան է», «Ոչ դաւաճաններուն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Դաւաճաններ հեռացէք»:
yerakouyn.com/2021/02/25/արցախի-երիտասարդները-իրենց-աջակցութ/