Հայոց Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութեան` Փաշինեանի Եւ Անոր Կառավարութեան Հրաժարականը Պահանջող Յայտարարութիւնը Բուռն Արձագանգներու Կ՛արժանանայ
26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով 24 փետրուարին Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանի պաշտօնազրկումը բուռն արձագանգներու արժանացաւ: 25 փետրուարին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը` պահանջելով Հայաստանի վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը: Փաշինեան ատիկա նկատեց զինուորական յեղաշրջման փորձ, ինչպէս նաեւ ուղիղ եթերով ըսաւ, թէ որոշում տուած է զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեանը զերծ կացուցել իր պաշտօնէն: Հանրապետութեան եւ Ազատութեան հրապարակներուն վրայ զուգահեռաբար տեղի ունեցան Նիկոլ Փաշինեանի աջակիցներու եւ ընդդիմութեան հաւաքները:
Երէկ` 25 փետրուարին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ հրաւիրած էր հաւաքի` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով:
Նիկոլ Փաշինեան Զինուած ուժերու բոլոր զինուորներուն, սպաներուն, հրամանատարներուն հրամայեց զբաղիլ իրենց գործով` Հայաստանի սահմաններու եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով` շեշտելով, որ բանակը չի կրնար ներքաշուիլ քաղաքական գործընթացին մէջ:
Ան նաեւ բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու բոլոր ցոյցերը, անհնազանդութեան դրսեւորումները եւ խորհրդակցութիւններու սկսելու իրավիճակը հանգուցալուծելու վերաբերեալ:
Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին ընթացքին աւելցուց. «Ուրեմն` վերջ թաւիշին: Ես կ՛ուզեմ բոլորէդ ներողութիւն խնդրել, որ այդ ակնկալիքը չեմ իրականացուցած, որ անընդհատ կ՛ըսենք` վերջ թաւիշին, վերջ թաւիշին, եւ չենք կատարեր: Բայց այսօրուան մեր նախաձեռնութիւնը եկաւ-հասաւ այդտեղ: Ուրեմն հիմա վերջ թաւիշին, այսօրուընէ` վերջ թաւիշին»:
Հայոց բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնազրկումի հարցին անդրադարձաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստան կանգնած է ծայրայեղ պայթիւնավտանգ իրավիճակի մէջ, «որ յղի է մեր պետութեան եւ պետականութեան համար անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ կրնայ յանգեցնել անդառնալի կորուստներու: Երկրին մէջ ռազմական դրութիւն է»:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին` պետական մարմիններուն, ուժային կառոյցներուն, քաղաքական ուժերուն, բոլոր քաղաքացիներուն` դրսեւորելու զսպուածութիւն եւ ողջախոհութիւն, չտարուելու սադրանքներով եւ ձեռնպահ մնալու ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան կոչերէն: Նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Անգամ մը եւս հաստատելով նախագահական հիմնարկի` իբրեւ հաւասարակշռող կառոյցի դերը` հրատապ կը նախաձեռնեմ քայլերու լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու նպատակով: Երկիրը ցնցումներու տանիլը անարգանք պիտի ըլլայ պատերազմին զոհուած մեր հազարաւոր զաւակներու յիշատակին: Բոլորիդ զգաստութեան, սթափութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղեմ», եզրափակեց նախագահը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, «Արցախի Արդարութիւն» կուսակցութիւնը եւ «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը Ստեփանակերտէն հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ողջունեցին զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականին պահանջով:
Երէկ Հայաստանի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հաւաքը, որուն նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել հայկական զինուած ուժերուն, հայոց բանակին եւ աւարտին հասցնելու հայրենադաւ կառավարութեան ու Փաշինեանի հեռացման գործը:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան հաւաքուածներուն կոչ ուղղեց իրենց ընտանիքներուն, հարազատներուն, ընկերներուն հրաւիրելու Ազատութեան հրապարակ:
Վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ հոգեվարքի մէջ եղող իշխանութիւնը կը փորձէ ժողովուրդը ուղղել բանակին դէմ: Ան ողջունեց բանակը` 25 փետրուարը նկատելով բանակի եւ ժողովուրդի միասնութեան օրը: «Մենք միշտ միասին ենք, բայց այսօր աւելի եւս ընդգծուեցաւ ատիկա: Ասիկա յեղաշրջում չէ. բանակը ունի սահմանադրական իրաւունք նշելու ամէնէն կարեւոր թշնամին, որ կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, եւ ան նշեց: Այսինքն` մեր անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիքը այդ մարդն է, որ պէտք է հեռացուի եւ երթայ: Ես կոչ կ՛ուղղեմ ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ), միւս պետական կառոյցներուն, որ միանան բանակին, ընեն նման յայտարարութիւն: Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներուն, որոնց մէկ մասը ինկած է ծուղակի մէջ` դուրս եկէք այդ ծուղակէն, դուրս եկէք այդ խմբակցութենէն, մի՛ վերցնէք այդ սեւ բիծը ձեր վրայ: Միեւնոյն է, Նիկոլ Փաշինեանի վրայ պիտի մնայ սեւ բիծ, մարդ մը, որ ջարդեց մեր երկիրը եւ ամէն օր կը շարունակէ ատիկա ընել»:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց ԱԱԾ-ին, ոստիկանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան միանալու բանակին, միասնական յայտարարութիւն կատարելու եւ ըլլալու ժողովուրդի կողքին: Ան ընդգծեց, որ պայքարը կրնայ երկար տեւել, սակայն պէտք է միասնաբար շարունակել` կոչ ուղղելով հեռու մնալու բախում պատճառելու եւ պառակտում սերմանելու փորձերէն:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքին միացաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նախկին քարտուղար, Հայաստանի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով:
Խաչատուրով, դիմելով Ազատութեան հրապարակի ցուցարարներուն, ըսաւ, որ նախապէս ցոյցերուն չէ մասնակցած, որովհետեւ ինքզինք անհանգիստ զգացած է բանակի կրաւորականութեան պատճառով, սակայն այսօր ան երջանիկ է, այսօր բանակը արթնցած ու որոշում տուած է:
Խօսք առաւ նաեւ զօրավար-գնդապետ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, որ հաստատեց. «Մեր նպատակը մէկ է, մեր նպատակը մեծ է, ռազմավարական է, եւ մենք, քայլ առ քայլ ճամբուն վրայ ամէն ինչ հարթեցնելով, կ՛երթանք դէպի յաղթանակ: Այնտեղ, ուր ժողովուրդն ու բանակը միասնական են, անոնք անպարտելի են»:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան Բաղրամեան պողոտային վրայ` Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ յայտարարեց. «Առաջին օրուընէ մեր ժողովուրդը այնքան բարձր գտնուեցաւ, որ թթու խօսք չըսաւ Հայոց բանակի հասցէին` յաղթական բանակի հասցէին, որովհետեւ այդ բանակը միշտ յաղթած էր, նորէն պիտի ըսենք, որ նորէն յաղթած է»:
Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան Ազգային ժողովի շէնք, ուր, անդրադառնալով վարչապետին այն յայտարարութեան, թէ պատրաստ են խորհրդակցութիւններ կատարել նաեւ իշխանութեան հասցէին ամենասուր քննադատութիւն ուղղող քաղաքական ուժերուն հետ, Վազգէն Մանուկեան շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ խօսելու մէկ բան ունին` քննարկել, թէ ինչպէ՛ս պիտի լքէ իշխանութիւնը:
«Իշխանութեան հարցը պիտի լուծուի Ազգային ժողովին մէջ: Մեր շտապը այստեղ է: Կը մնանք այստեղ, թող ինք գայ` թելադրենք, թէ ի՛նչ պահանջներ ունինք, ինչպէ՛ս պէտք է ինք հեռանայ: Ժողովուրդ, պատմական պահ է, եղէ՛ք տոկուն, խիզախ, համբերատար: Կը փակենք այս փողոցը: Պիտի սպասենք, Ազգային ժողովի պատգամաւորները գան, որ քուէարկեն վարչապետի հրաժարման օգտին: Պատրաստուեցէ՛ք, ամբողջ գիշերը այստեղ պիտի մնանք», յայտարարեց ան:
Այսպիսով, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները փակեցին Բաղրամեան պողոտան եւ տեղադրեցին վրաններ` շեշտելով, որ հոն պիտի մնան մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
aztagdaily.com/archives/500536