Արեւմուտքի Եւ Արեւելքի Միջեւ Էրտողանի Լարախաղը Կրնայ Շուտով Տապալիլ

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Արեւմուտքի Եւ Արեւելքի Միջեւ Էրտողանի Լարախաղը Կրնայ Շուտով Տապալիլ

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութենէն ի վեր ամբողջ աշխարհին մէջ հրապարակուած են հարիւրաւոր յօդուածներ, որոնք կը վերլուծեն Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ խնդրայարոյց յարաբերութիւնները: Նախագահ Պայտըն չի թաքցներ իր անբարեացակամ, եթէ ոչ՝ թշնամական բացայայտ վերաբերումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդէպ:

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հիմնական տարակարծութիւնները հետեւեալներն են.

1) Ամերիկեան աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ իր քիւրտ դաշնակիցներուն, զորս ահաբեկիչներ կը նկատէ Թուրքիան:

2) Թուրքիոյ կատարած գնումը ռուսական S-400 հրթիռներու, որոնք կրնան բացայայտել ՆԱԹՕի ռազմական արհեստագիտութիւնը Մոսկուայի առջեւ: Հետեւանքը եղաւ այն, որ Միացեալ Նահանգներ չեղեալ յայտարարեց յառաջադէմ F-35 ինքնաթիռներու վաճառքը եւ պատժամիջոցներ կիրարկեց Թուրքիոյ դէմ:

3) Միացեալ Նահանգներու մերժումը` յանձնելու թուրք հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը, որուն դէմ Թուրքիա կեղծ մեղադրանք առաջադրած է՝ 2016ին Էրտողանի դէմ պետական յեղաշրջում հրահրելու յանցանքով:

4) Թուրքիոյ խայտառակ վարկանիշը մարդկային իրաւունքներու ոլորտէն ներս՝ շինծու մեղադրանքներով հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու, լրագրողներու եւ դատաւորներու դէմ իրականացնելով բանտարկութիւններ, զորս նախագահ Պայտըն անընդունելի կը գտնէ:

Էրտողան կը հետեւի Օսմանեան կայսրութեան ռազմավարութեան՝ միմեանց դէմ լարելով եւրոպական մրցակից տէրութիւններ, մէկ կողմէն միւսը անցնելով եւ փոխելով իր գործընկերները: Օրինակ, ան ինքզինք հռչակած է բոլոր մահմետականներուն եւ յատկապէս պաղեստինցիներուն պաշտպանը, միաժամանակ, մինչեւ վերջերս ռազմական համագործակցութեան մէջ գտնուելով Իսրայէլի հետ: Մէկ այլ օրինակ է Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕի արեւմտեան ռազմական դաշինքին՝ միաժամանակ ձեռքբերումը միլիառաւոր տոլար արժող ռուսական ժամանակակից հրթիռներու, որոնք անհամատեղելի են ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու զէնքերուն հետ: Նաեւ, Էրտողան մտերիմ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, մինչ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ան ներգրաւուած է Ռուսիոյ դէմ ռազմական բախումի մէջ: Թուրքիա եւ Ռուսիա, իբրեւ կանոն, հակառակորդ երկու երկիրներ են, բայց յաջողեցան համաձայնութեան եզր մը գտնել արցախեան պատերազմի պարագային:

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումը սկսած է Օպամայի նախագահութեան ժամանակաշրջանէն, երբ Պայտըն կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը: Էրտողան զայրացած էր Օպամայէն՝ սկզբնական ընկերութենէն ետք: Այսուամենայնիւ, Տանըլտ Թրամփ նախագահ ըլլալէ ետք, Թուրքիոյ ղեկավարը առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ զարգացուց Միացեալ Նահանգներու հետ: Տակաւին անհասկնալի է, թէ ի՛նչն էր այդքան անձնական ջերմ համակրանք ստեղծողը երկուքին միջեւ: Արդեօք Թրամփի տնտեսական շահե՞րն էին Թուրքիոյ մէջ, թէ արտասովոր սէրը՝ ամբողջ աշխարհի բռնակալներուն: Գուցէ երբեք չհասկնանք:

Արդարեւ, Պայտըն իր առաջին կրակոցը արձակեց Դեկտեմբեր 2019ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, ուր Էրտողանը անուանեց «բռնապետ» եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աջակցի Թուրքիոյ ընդդիմութեան առաջնորդներուն, «որպէսզի անոնք կարենան յաղթել Էրտողանի եւ տապալել զայն ոչ թէ յեղաշրջումով, այլ՝ ընտրական գործընթացով»:

Յաջորդ անյարմար իրավիճակը ստեղծուեցաւ այն պահուն, երբ Էրտողան Նոյեմբերի ընտրութիւններէն քանի մը օր անց շնորհաւորեց Պայտընը, իսկ Պայտըն, ահաւասիկ չորս ամիսէ ի վեր, տակաւին չէ կապուած Էրտողանին հետ, թէեւ հեռաձայնած է աշխարհի շատ ուրիշ ղեկավարներու: Մեր կարծիքով, Էրտողան պէտք է խորապէս վիրաւորուած զգայ դիւանագիտական այս արհամարհանքէն:

Թուրքիոյ նկատմամբ Պայտընի վարչակազմին կոշտ քաղաքականութեան առաջին նշանը ակնյայտ դարձաւ 19 Յունուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի պաշտօնին համար առաջադրուած Էնթընի Պլինքընի հետ՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կատարած լսումներուն ընթացքին, երբ ան բացայայտօրէն Թուրքիան անուանեց՝ «այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկեր» եւ բարձրացուց այդ երկրին նկատմամբ աւելի մեծ պատժամիջոցներ կիրարկելու հնարաւորութիւնը: «Այն գաղափարը, որ մեր ռազմավարական, այսպէս կոչուած ռազմավարական գործընկերը, համահունչ է Ռուսիոյ մէջ մեր ռազմավարական ամէնէն մեծ մրցակիցներէն մէկուն՝ անընդունելի է», ըսաւ Պլինքըն: «Կը կարծեմ, որ պէտք է տեսնել, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցած են ներկայ պատժամիջոցները եւ ապա պարզել, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է ընել աւելին»:

Թուրքիոյ մասին Պլինքընի քննադատական մեկնաբանութիւնը հետագային վերահաստատեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան, որ Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «դաշնակից, որ շատ առումներով… չի գործեր իբրեւ դաշնակից, եւ ասիկա շա՜տ, շա՜տ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար, իսկ մենք ոչ մէկ պատրանք ունինք այդ առումով»: Սալիւան Թուրքիան տեղադրեց Չինաստանի հետ միեւնոյն դասակարգի վրայ:

5 Փետրուար 2021ին, Փենթակոնը հաստատեց, որ Պայտընի վարչակազմը մտադիր չէ ջնջելու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները՝ ռուսական հրթիռները գնելուն համար: «S-400 գնելու Թուրքիոյ որոշումը անհամատեղելի է վերջինիս՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի դաշնակիցի պարտաւորութիւններուն հետ», ըսաւ Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քիրպի: «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած… Մենք կը յորդորենք Թուրքիան չպահել S-400 համակարգը… Վերջին տասնամեակին Թուրքիա բազմաթիւ կարելիութիւններ ունեցաւ՝ Միացեալ Նահանգներէն «Փեթրիըթ» պաշտպանական համակարգը գնելու, սակայն նախընտրեց գնել S-400ը, որ Ռուսիոյ կ՛ապահովէ եկամուտ, հասանելիութիւն եւ ազդեցութիւն», ըսաւ Քիրպի:

Իրավիճակը աւելի սրելով, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու Փետրուարի սկիզբը կրկնեց այն անհիմն մեղադրանքը, թէ 2016ին թրքական ձախողած յեղաշրջման հեղինակը Միացեալ Նահանգներն էր: Այս առթիւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նէտ Փրայս հանդէս եկաւ խիստ յանդիմանութեամբ՝ թուրք նախարարին պնդումները «ամբողջովին սուտ» որակելով: «Ասոնք անհամատեղելի են Թուրքիոյ՝ իբրեւ ՆԱԹՕի դաշնակիցի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերոջ կարգավիճակին հետ», աւելցուց Փրայս:

Մէկ այլ վիճելի հարց է 2016ի յեղաշրջման օժանդակելու կեղծ մեղադրանքներով «Լիհայ» համալսարանի ամերիկացի փրոֆեսէօր Հենրի Պարքիի հեռակայ կարգով թրքական դատավարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն նկատած է փրոֆ. Պարքիի առաջադրուած մեղադրանքները:

10 Փետրուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ Թուրքիոյ՝ բանտէն անյապաղ ազատ արձակելու թուրք բարերար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կը գտնուի բանտարկութեան մէջ, առանց դատապարտումի: Կեղծ մեղադրանք առաջադրուած էր Քաւալայի դէմ՝ 2016ին ձախողութեան մատնուած յեղաշրջման ընթացքին իբրեւ թէ փրոֆ. Պարքիի հետ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձին համար: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յորդորեց Թուրքիան Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 2019ի վերջաւորութեան տրուած վճիռը գործադրել՝ Քաւալան ազատ արձակելով:

Իսկ 15 Փետրուար 2021ին, երբ Պլինքըն վերջապէս հեռաձայնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, ան յորդորեց Թուրքիան, որ չպահէ ռուսական S-400 ցամաք-օդ հրթիռային համակարգը:

Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, երբ Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ կիրարկեց Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական հրթիռներ գնելուն համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լկտիաբար հետեւեալ նախազգուշացումը ըրաւ. «Թուրքիա անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ այս որոշման դէմ, բան մը, որ բացասաբար պիտի անդրադառնայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ, եւ պատասխան քայլերու պիտի դիմէ այն եղանակով եւ այն ժամանակ, զորս նպատակայարմար կը գտնէ»:

Թուրքիա դեռ կը փորձէ միջոցներ գտնել ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու համար: 1 Փետրուար 2021ին, ան վարձեց Ուաշինկթընի մէջ գործող Arnold & Porter ամերիկեան լոպիիստական մեծ ընկերութիւնը՝ լուծելու համար ռուսական հրթիռներու շուրջ ամերիկեան կառավարութեան հետ վէճը: Պայմանագիրը կնքուած է Անգարայի պաշտպանական արդիւնաբերութեան հիմնական մարմինին՝ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախագահութեան պատկանող եւ Անգարա գտնուող SSTEK Defense Industry Technologies-ի հետ: SSTEK-ը համաձայնած է վեց ամսուան ընթացքին Arnold & Porter-ին վճարել 750 հազար տոլար՝ Թուրքիոյ տրամադրելու համար «ռազմավարական խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն»:

Շատ կասկածելի է, որ Թուրքիա իր վարձած լոպիինկի ընկերութեան միջոցով կարենայ լուծել ռուսական հրթիռներուն վերաբերող վէճը: Հետաքրքրական է, որ SSTEK-ի հետ պայմանագիրին մէջ նշուած է, որ Arnold & Porter-ը «որեւէ խոստում կամ երաշխիք չի տար» արդիւնքին վերաբերեալ: «Եթէ որեւէ պատճառով գործը յաջողութեամբ չպսակուի, տակաւին SSTEK պատասխանատու կը նկատուի ընկերութեան կողմէ այս պայմանագիրի պայմաններուն համապատասխան բոլոր վճարումներուն եւ գանձումներուն»: Յատկանշական է, որ այն պահուն, երբ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կործանման եզրին է, եւ թուրք ժողովուրդը ֆինանսական ծանր դրութեան մէջ կը գտնուի, Էրտողան թուրք հարկատուներէն 750 հազար տոլար կը ծախսէ անօգուտ լոպիինկի մը համար:

Կը մնայ տեսնել, թէ Թուրքիա պիտի յաջողի՞ իր լարախաղաց հմտութիւններով թէ՛ պահել ռուսական հրթիռները, թէ՛ խուսափիլ ամերիկեան պատժամիջոցներէն: Եթէ Թուրքիան ստիպեն հրաժարիլ հրթիռներէն, ան ստիպուած պիտի ըլլայ բախելու Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ խախտում յառաջացնելու հետեւանքներուն: Ուրեմն, Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ ընտրելու կա՛մ Արեւելքը, կա՛մ Արեւմուտքը: Ան այլեւս չի կրնար խաբել երկու կողմերը: Պայտըն եւ Պլինքըն չափազանց փորձառու են՝ Էրտողանի հնարքներուն կուլ չերթալու համար:

Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վիճակը լաւագոյնս կը նկարագրէ լրագրող Նիքըլըս Մորկընի վերջերս հրապարակուած յօդուածին վերնագիրը՝ «Արդեօք Թուրքիա Դժոխքէ՞ն Դաշնակից Է Պայտընի»: Շուտով կը յստականայ այս մէկը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/385286/արեւմուտքի-եւ-արեւելքի-միջեւ-էրտողան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail