Վիտալի Բալասանեանն ու Արցախի Ազգանուէր Հատուածը Կանգնած են Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման եւ Բանակի Կողքին. Յայտարարութիւն
27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Երբ 2018-ին, Արցախի հերոս, զօրավար Վիտալի Բալասանեանը կ՝ահազանգէր, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած են ազգադաւ ուժեր եւ անհրաժեշտ է պայքարիլ, բոլորը կարծես թերհաւատութեամբ կը նայէին զօրավարի խօսքերուն: Այս մասին նշուած է Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Սակայն ազգադաւ ուժերը, շատ լաւ հասկնալով, թէ ինչի մասին կ՝ահազանգէ Վ. Բալասանեանը, կը փորձէին ամէն կերպ մեկուսացնել զինք: Պատահական չէ, որ այդ օրերուն անօրէն հեռացուցին զինք Արցախի Հանրապետութեան ԱԽ քարտուղարի պաշտօնէն: 2020-ի 44 օրեայ պատերազմը, ցաւօք, հաստատեց զօրավար խօսքերը եւ մտահոգութիւնները: Այսօր ազգադաւ Նիկոլ Փաշինեանը դեռ իշխանութեան ղեկին է եւ բնական է, որ կը շարունակէ պայքարիլ առաջինը իր ազգադաւ ծրագիրը բացայայտող հերոս զօրավարին դէմ: Երէկ լրատուականի մը մէջ տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ իբր Վ. Բալասանեանը նոյնպէս լծուած է ՀՀ ՊՆ ԳՇ պետ Օննիկ Գասպարեանը «համոզելու» ազգակործան գործընթացին: Նոյն կեդրոնի նոյն ձեռագիրը:
Սակայն շատ լաւ ճանչնալով Վ. Բալասանեանը, կրնանք փաստել, որ 90-ականներուն յաղթանակ տարած զօրավարը, որ 2016 Ապրիլին վերահաստատեց իր փառայեղ ռազմաքաղաքական գործիչ ըլլալու հանգամանքը, չէր կրնար Օննիկ Գասպարեանը «համոզել» ազգակործան գործընթացին մասնակցելու: Իսկ, եթէ նոյնիսկ հանդիպած է Գասպարեանի հետ, ուստի միայն անոր զօրակցելու եւ յայտնելու, որ ե՛ւ ինքը, ե՛ւ Արցախի ազգանուէր հատուածը կանգնած են Հայրենիքի փրկութեան շարժման եւ Հայոց բանակի կողքին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
yerakouyn.com/2021/02/27/վիտալի-բալասանեանն-ու-արցախի-ազգանու/