Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Որքա՞ն Դժուա՛ր Է – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՅԹ – Հասան- Ջալալյանների զինանշանը (Վանք գյուղ, Գանձասար, XIII դ.)

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Որքա՞ն Դժուա՛ր Է – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

01 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Որքա՛ն դժուար է տեսնել Արցախը այս վիճակի մէջ եւ չկքիլ:

Որքա՛ն դժուար է ոգեկոչել Սումկայիթի սպանդի երեսուներեք ամեակը, երբ Արցախը «յանձնեցին» Սումկայիթի ոճրագործներուն:

Որքա՛ն դժուար է տեսնել Ազրպէյճանի դրօշը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարի գմբէթին վրայ:

Որքա՛ն դժուար է տեսնել հարիւրաւոր հայ որբեր, որոնք ի զուր կորսնցուցին իրենց հերոս հայրերը:

Որքա՛ն դժուար է լսել եւ ընդունիլ հայ ծերունիին խոշտանգումը թշնամի զինուորներու կողմէ:

Որքա՛ն դժուար է լսել լրատուական աղբիւրները, երբ թշնամի պետութեան ղեկավարը կը յայտարարէ, թէ արշաւանքին երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Երեւանը:

Որքա՛ն դժուար է ընկերային ցանցերու վրայ տեսնել գերի հայ զինուորին ողբալի վիճակը:

Որքա՛ն դժուա՛ր է օտար մամուլին մէջ կարդալ, թէ հայերը Ազրպէյճանին յանձնեցին անցեալին անարդարօրէն իրենց գրաւած հողերը:

Որքա՛ն դժուար է լսել, թէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանի ժողովի բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ Շուշին պատմականօրէն երբեք չէ եղած հայկական:

Որքա՛ն դժուար է տեսնել, թէ նոյն անձը` Ն. Փաշինեան, ափսո՛ս, թէ ինչ նենգամտութեամբ կը փորձէ երկփեղկում յառաջացնել ժողովուրդին մէջ, որ ինք իր աթոռին մնայ:

Որքա՛ն դժուար է մոռնալ Ալբերդը, Վահէն, Գէորգն ու Աշոտը եւ հինգ հազար այլ հերոսներ, որոնք զոհաբերուեցան Արցախի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար, բայց ի զուր, որ իրենց զուլալ արիւնը անիմաստօրէն թափեցաւ մեր սուրբ պապենական հողերուն վրայ, որովհետեւ դաւադրաբա՛ր Արցախը թշնամիին յանձնուեցաւ:

Որքա՛ն դժուար է իբրեւ հպարտ հայ հայր, նայիլ զաւակներուդ աչքերուն եւ փորձել բացատրել, թէ Արցախը կորսնցուցինք ներքին դաւադրութեամբ. չէ՞ որ սորվեցուցած ենք անոնց, որ հայը երբեք չի դաւաճաներ, եւ որ հայրենիքը պէ՛տք է դասել ամէն բանէ վեր: Որքա՛ն դժուար է այս ներկայ ողբալի պայմաններուն մէջ լսել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին անպիտան կամ անտեղի յայտարարութիւնը, թէ` այլեւս Թուրքիան պատճառ չունի Հայաստանի հետ սահմանները փակ պահելու:

Որքա՛ն դժուար է տեսնել, թէ Հայաստան, քաղաքական իմաստով, մանկլաւիկ մը դարձած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ձեռքերուն մէջ` իբրեւ հետեւանք իր խեղճ եւ տկար քաղաքական խաղարկութեան: Ի վերջոյ որքա՛ն դժուար է սփիւռքի մէջ այլեւս ճակատը բաց, հպարտօրէն ապրիլ, անտեսելով այս ազգային աղէտը` պատմական դաւադրութիւնը, որ ոտնակոխեց մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Այո՛, շատ դժուար է ներկայ վիճակը, եւ անկասկած թէ նիւթը դիպուկ է ճակատագրի անողոք հարուածներու պատճառով անցեալին հայութիւնը հեռացաւ հայրենիքէն եւ կազմեց սփիւռք: Սփիւռքի մէջ հայ մնացինք ծով զոհողութեամբ: Հայրենի հողին համբոյրէն զրկուած մեր ոտքերը եւ անկախ հայրենիք տեսնելու ու ստեղծելու յախուռն պահանջը մեզ դարձուցին հաւատարիմ եւ ուխտեալ ժառանգորդներ մեր սուրբ Դատին: Միւս կողմէն, աւելի քան եօթանասուն տարի համայնավար վարչակարգին տակ ապրող եւ տանջուող հայրենի մեր եղբայրներուն սրտերը ստոյգ կերպով սեւցան համայնավար մուրէն, եւ դժբախտաբար հայրենասիրական վառ ոգին չէ թափանցած անոնց էութիւնը:

Երկու բեւեռներու մէջ տուայտուող հայութեան հատուածները, տագնապի եւ անորոշութեան ալիքներու մէջ երերող վիճակի մատնուած, պէտք է շեփորեն անկախ, հզօր հայրենիքի գաղափարը: Արդարեւ, այս վճռադրոշմ պահուն պէտք է դառնալ ջատագովը մեր միասնականութեան:

Վարդանը մահուամբ մահը կոխեց. մեզի կը մնայ շարունակել Վարդանի օրինակով, որպէսզի ալեւոր Արարատը յաւիտեանս շարունակէ հպարտօրէն ցցել իր կատարը ամպերուն, եւ որպէսզի ազգի նահատակները յաւիտեան կարենան հանգիստ ու խաղաղ ննջել:

ՄՇԱԿՈՅԹ – Մելիք-Բեգլարյանների տուն-ապարանքի դարպասի բարավորը (Ղարաչինար գյուղ)

www.aztagdaily.com/archives/500832

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail