Կ՛ուզենք Ստեղծել Ատրպէյճանին Պատկանող Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Շրջան Մը․ Ռեզայի
03 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ», «Մեհր».- Իրանի Յեղափոխութեան ջոկատներու բարձրաստիճան ղեկավարներէն Մոհսեն Ռեզայի, Իրանի Ղոմ քաղաքին մէջ Արցախի հարցին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Հազարաւոր իրանցիներ նահատակուած են Ատրպէյճանը ցարերու ճիրաններէն ազատագրելու համար: Ատրպէյճան միայն մեր դրացին չէ, մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու երկիրներու մէջ»:
«Դժբախտաբար, հայկական կառավարութիւնը, Ղարաբաղի հայերը պաշտպանելու պատրուակով յարձակեցաւ շրջանին վրայ: Սակայն կառավարութիւնները, որոնք Հայաստանը դրդեցին յարձակելու, Հայաստանը հետագային առանձին ձգեցին: 1990ի պատերազմին, Իրան 43 միլիոն տոլար ծախսեց Ղարաբաղի գաղթականներուն եւ մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն վրայ», յայտնեց ան` ցաւ յայտնելով, որ Հայտար Ալիեւի ժամանակաշրջանին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները որոշ չափով վնասուեցան:
«Մեր գլխաւոր նպատակը ստեղծելն է Ատրպէյճանին պատկանող Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ ինքնավար շրջան մը․ Հայաստան պէտք է նաեւ մնացեալ հողերը յանձնէ», նշեց Ռեզայի:
«Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի հողերու ազատագրման աջակցելու Իրանի կեցուածքը վճռական է», նոյն խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Ապպաս Արաքճի՝ աւելցնելով. «Իրանի մօտ այդ պատերազմին վերաբերեալ մտավախութիւն գոյութիւն ունի. անիկա կրնայ օտար միջամտութիւններու, ահաբեկիչներու ներկայութեան, տագնապներու մագլցումի առաջնորդել, բան մը, որուն դէմ է Թեհրան: Իրան միշտ ունեցած է դիրք մը, որ իրեն կ՛արտօնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար միջնորդութիւն կատարել, եւ տակաւին այդ դերը կը կատարէ, եւ անոր լաւագոյն օրինակը մասնակցութիւնն է Ատրպէյճանի նախապէս բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուած Խոտաֆարին ամբարտակին վերանորոգման, եւ այդ ցուցանիշ էր Հայաստանի կողմէ այդ հողերու բռնագրաւման օրինականութիւն չշնորհելուն»:
asbarez.com/arm/385529/կ՛ուզենք-ստեղծել-ատրպէյճանին-պատկան/