Եւրոպայի Խորհուրդին Կողմէ Ատրպէյճանամէտ Բանաձեւի մը Քննարկման Ընդառաջ՝ CCAF-ի Համանախագահներուն Նամակը Եւրոպացի Երեսփոխաններուն

13 ՁՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) Յունուար 12 թուակիր հաղորդագութիւն-նամակով մը ահազանգ կը հնչեցնէ Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ յառաջիկայ օրերուն Արցախի մասին ատրպէյճանամէտ բանաձեւի մը քուէարկութեան հաւանականութեան առթիւ: Այս մասին կը գրէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:

CCAF կ՚ըսէ, թէ եւրոպական այդ կառոյցը թուրքեւատրպէյճանական լոպպիի հզօր ազդեցութեան տակ կը գտնուի եւ մարդկային իրաւունքները մէկդի ձգուած, կը նախընտրուին քարիւղի եւ աշխարհառազմավարական շահերը:

Այս առթիւ CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան նամակ մը պատրաստած են՝ յղելու համար եւրոպացի երեսփոխաններէն իւրաքանչիւրին:

Նամակին մէջ կ՚ըսուի, թէ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Յունուար 26-ի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է բրիտանացի երեսփոխան Ռապըրթ Ուալթըրի բացայայտօրէն կողմնակալ բանաձեւին քննարկումը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին: Կը նշուի, թէ հաւանական է, որ քուէարկութեամբ ընդունուի, ինչ որ աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի ընձեռէ Անգարայի եւ Պաքուի՝ իրենց ուղեգիծին վրայ գտնուող այդ շրջանին մէջ, ատոր ուղղակի եւ անուղղակի բոլոր հետեւանքներով մէկտեղ: Եւ եթէ այդ բանաձեւը ընդունուի, ըստ CCAF-ի մէկ կողմէն լրջօրէն կ՚անհետանան հակամարտութեան լուծումի բոլոր կարելիութիւնները եւ միւս կողմէն ալ լուրջ հարցականի կ՚ենթարկուի անաչառութիւնը եւրոպական այս կառոյցին, որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ տարածել ժողովրդավարական արժէքները:

Ապա, մարդկային իրաւանց բռնաբարման եւ շրջանի խաղաղութեան սպառնացող Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան զանազան արտայայտութիւններու թւումէն ետք, կ՚ըսուի թէ այս բոլորը բնականաբար բացակայ են Տ. Ուալթըրի բանաձեւէն, որ մինչդեռ՝ գէթ մէկ անգամ իսկ ձանձրոյթը չէ ունեցած յիշատակելու «ինքնավարութեան իրաւունք»ը:

CCAF-ի համանախագահները եւրոպացի երեսփոխաններուն կը յիշեցնեն նաեւ որ Տ. Ուալթըր Մեծն Բրիտանիոյ Խորհրդարանին մէջ Ատրպէյճանի հետ բարեկամութեան խումբին անդամ էր, նաեւ Անգարայի կողմէ անցեալ Մայիսին իրեն շնորհուած է Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն:

Նամակին վերջաւորութեան կոչ կ՚ըլլայ Եւրոպայի Խորհուրդի բոլոր երեսփոխաններուն, որ զերծ մնան նման խաղէ մը, որ որքան գռեհիկ, նոյնքան ալ ապաբարոյ է:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail