Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
01 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յունաստան
Յունական Պատմական Փաստաթուղթ Մը` Փետրուարեան Ապստամբութեան Վերաբերեալ
Վերջերս «Ազատ Օր»-ը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուած փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի Փետրուարեան ապստամբութեան:
18 փետրուար 1921-ին, Հայաստանի մէջ ապստամբութիւնը սկսելէն անմիջապէս ետք, Պոլսոյ մէջ գործող Յունաստանի դիւանագիտական պատուիրակութեան գրասենեակը հեռագիրով կը տեղեկացնէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` ժողովրդային պոռթկումին մասին: «Հայերը, օգտագործելով ռուսական բանակին զբաղուած ըլլալը` վրացիներու դէմ մարտերուն մէջ, տապալեցին պոլշեւիկեան վարչակարգը: Պարոն Վրացեան կազմեց նոր կառավարութիւն եւ յայտարարեց, թէ արտասահմանի հայկական նախկին բոլոր պատուիրակութիւնները կը շարունակեն ներկայացնել նոր կառավարութիւնը»:
Թեհրան
Հայաստանի Դեսպանի Այցելութիւնը «Արտակ Մանուկեան» Թանգարան
4 փետրուարին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան այցելեց «Արտակ Մանուկեան» թանգարան` դիտելու արուեստագէտ Արսէն Յակոբեանի երկաթէ թափօններով պատրաստուած արուեստի նմուշները: Ներկայ էին նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ եւ թանգարանի հետ կապ` Ռաֆիկ Մելիքսէթեանը եւ ցուցահանդէսի հեղինակ մետաղագործ վարպետ` Արսէն Յակոբեանը, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ իր ձեռքով պատրաստուած աշխատանքներու մասին:
Դեսպանը բարձր գնահատեց արուեստագէտին աշխատանքը:
Թեմական Խորհուրդի Եւ Լեհաստանի Դեսպանատան Պատասխանատուներու Հանդիպում
21 փետրուարին Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ եւ ազգային գերեզմանատուներու հետ կապ Ռաֆիկ Մելիքսէթեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան առաջին խորհրդատու Վոյչեխ Օնոլթի եւ երկրորդ քարտուղար եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Քամիլ Վիժպինիսքիի եւ մշակոյթի տարածման եւ մամուլի գործով օգնական Թարանէ Քապոլիի հետ:
Հանդիպումը կայացաւ դեսպանատան խնդրանքով, Տուլապի շրջանին մէջ առկայ գերեզմանատուներու բարեկարգման աշխատանքներու մասին իրազեկուելու նպատակով: Ռաֆիկ Մելիքսէթեան լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ բոլոր հարցումներուն:
Յայտնենք, որ Լեհաստանի դեսպանատունը ներկայացուցիչն է այդ շրջանին մէջ գերեզմանատուն ունեցող երկիրներու:
Նոր Ջուղա
Սպահանի Մարմնամարզութեան Եւ Երիտասարդութեան Գերատեսչութեան Գլխաւոր Տնօրէնին Այցելութիւնը Նոր Ջուղա
7 փետրուարին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութիւն այցելեց Սպահանի մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան գերատեսչութեան գլխաւոր տնօրէն Թապաթապային` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը:
Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Ժորժ Ղազարեան ներկայացուց միութեան պատմականը, զանազան աշխատանքները, նաեւ` մարզիկներուն երկրի եւ արտերկրի մակարդակներով արձանագրած յաջողութիւնները:
«Արարատ» միութեան արտօնատէր Թաթուլ Օհանեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ միութեան կառոյցին եւ զանազան միաւորներու գործունէութեան մասին` որպէս մարզամշակութային աշխատանքներ իրականացնող բաժանմունքներ:
Թապաթապայի գնահատելով նահանգի մարմնամարզական վերելքի ծիրին մէջ «Արարատ» միութեան եւ իր մարզիկներուն կարեւոր դերակատարութիւնը` շեշտեց, որ պատկան գերատեսչութիւնը ըլլալով միութեան կողքին` հարկ է աջակցի մարզական աշխատանքներու զարգացման գործին մէջ, աւելցնելով, որ հայ մարզիկները միշտ յաջողութիւններ ձեռք ձգած են, եւ մաղթեց, որ նոյնպէս շարունակեն:
Հանդիպման աւարտին «Արարատ» միութեան կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ Թապաթապայիին:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր Ծաղկեայ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի հետ:
Սրբազանը ողջոյնի խօսքէն ետք կարեւորեց մարզանքը` որպէս ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ ազատ ժամերը լրացնելու լաւագոյն միջոց: Ան յաջողութիւն մաղթելով այցելուներու գործունէութեան` յոյս յայտնեց, որ իրենց ջանադիր աշխատանքով նահանգի մարզական կեանքը պիտի շարունակէ իր վերելքը:
Թապաթապայի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար` գնահատելով «Արարատ» միութեան գործունէութիւնը` որպէս մարզական եւ մշակութային աշխատանքներու միջեւ գեղեցիկ համադրութիւն: Ան նշեց, որ իրանահայ մարզիկները տարիներէ ի վեր օրինակելի եղած են եւ իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունեցած են երկրի մարմնակրթութեան բարգաւաճման գործին մէջ, յոյս յայտնելով, որ «Արարատ» միութեան բոլոր մարզական խումբերը գտնուին միշտ վերելքի վրայ:
Աւարտին հիւրերուն կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ սրբազան հօր:
Միացեալ Նահանգներ
Գառնիկ Ալաճաճեան Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ին 250 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ` Հիմնելով Կրթաթոշակի Ֆոնտ
Հայ օգնութեան միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Նիւ Եորք նահանգի հայ համայնքին երկարատեւ ծառայութիւն կատարած Գառնիկ Ալաճաճեան նուիրած է 250 հազար տոլար` հիմնելով Ալաճաճեան ընտանիքին անունով կրթաթոշակի ֆոնտ մը:
«Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններու կը հանդիպին ուսանողներ, որոնք կը ձգտին բարձրագոյն ուսումի տիրանալ, այդ հիման վրայ փափաքեցայ հիմնել այս կրթաթոշակը: Իմ կրտսեր քոյրս` Սոնիա Պզտիկեանը, 45 տարիէ ի վեր կը ծառայէ ու անսակարկ կը նուիրաբերէ Հայ օգնութեան միութեան. իր հաւաստիքն ու հաւատարմութիւնը այս կազմակերպութեան հանդէպ խրախուսեց զիս հիմնելու այս ֆոնտը Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ օգնութեան միութեան», նշեց Գառնիկ Ալաճաճեան:
Սոյն ֆոնտը պիտի օգնէ Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած հայ ուսանողներուն, որոնք կը ձգտին ստանալ իրենց բարձրագոյն ուսումը Ամերիկայի համալսարաններուն մէջ: Դիմումնագիրներ պիտի ընդունուին 2022-էն սկսեալ:
«Շրջանային վարչութեան ու աշակերտներու անունով, որոնք պիտի օգտուին այս նպաստէն, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Գառնիկ Ալաճաճեանին», նշեց Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչը: Գառնիկ Ալաճաճեանին տեսլականը` օգնելու ուսանողներուն, նաեւ ներդրում է մեր համայնքի ու հայրենիքի ապագայի համար», յայտնեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Աթթարը:
Հետաքրքրուած ուսանողները կրնան հետեւիլ ՀՕՄ-ի Արեւելեան ԱՄՆ-ի կայքէջին կրթաթոշակի մասին տեղադրուելիք ապագայ յայտարարութիւններուն:
Ալեքս Մանուկեան` Հայ Դատի Երիտասարդական Ծրագիրներու Վարիչ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ դատի արհեստավարժ անձնակազմին միացած է Ալեքս Մանուկեանը, որ պիտի ստանձնէ Հայ դատի յաջորդ ղեկավարները պատրաստելու համար նախատեսուած ծրագիրները համակարգելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս` Լէօ Սարգիսեանի եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան վարժողական ծրագիրները:
Ալեքս Մանուկեան, որ մասնակցած է Հայ դատի վարժողական շարք մը ծրագիրներու, ներկայիս կառավարական գիտութիւններու մարզին մէջ կը մասնագիտանայ մայրաքաղաքի «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ:
Ան ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք` Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան ազգային վարժարանը:
Ան անդամ է Ուաշինկթընի ՀԵԴ-ի «Անի» ուխտին, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, իր յաճախած «Ճորճթաուն» համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ:
Լոյս Տեսաւ Մեծարենցի Քնարական Բանաստեղծութիւններու Հաւաքածոյին Անգլերէնի Թարգմանուած Հատորը
Վերջերս Ֆրեզնոյի մէջ լոյս տեսաւ Միսաք Մեծարենցի քնարական բանաստեղծութիւններու ամբողջական հաւաքածոյին անգլերէնի թարգմանուած հատորը:
«Misak Medzarents: The Complete Lyric Poems» խորագրուած հատորը թարգմանուած է դոկտ. Ճէյմզ Ռասըլի կողմէ եւ կը հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան «Հայկական շարք»-ին 12-րդ հատորը:
Դոկտ. Քերոբ Ճանոյեան Նշանակուեցաւ Լա Վերնի Համալսարանի Տնօրէն Եւ Փոխնախագահ
Վերջերս դոկտ. Քերոփ Ճանոյեան նշանակուեցաւ Լա Վերնի համալսարանի տնօրէն եւ ակադեմական հարցերու պատասխանատու փոխնախագահ:
Քերոբ Ճանոյեան ծնած է Իրաք: Ապրած եւ ուսում ստացած է Բրիտանիոյ, Կիպրոսի եւ Իտալիոյ մէջ, ապա ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ` յաճախելով քաղաքին հանրային վարժարանները: Ան քաղաքացիական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ դոկտորի կոչումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն: Ան Նիւ Եորքի «Քլարքսըն» համալսարանի անձնակազմի անդամներէն եւ դասախօսներէն է:
Քանատա
Քանատայի Խորհրդարանի Նիստի Ընթացքին Կը Յիշատակուի Սումկայիթի Հայոց Ջարդը
19 փետրուարին, Սումկայիթի հայոց ջարդերու 33-րդ տարելիցի նախօրեակին, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խորհրդարանի պատգամաւորական հերթական նիստի ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը:
Մեծն Թորոնթոյի Մարքամ ընտրատարածքի երեսփոխան, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Պապ Սորայա խստօրէն դատապարտելէ ետք 27 փետրուար 1988-ին հայերու դէմ գործադրուած ազրպէյճանական զանգուածային ջարդերը, նշեց, որ անցնող սեպտեմբերին պատմութիւնը կրկնուեցաւ, երբ Ազրպէյճանը սանձազերծեց պատերազմ Արցախի դէմ: Ան յիշեցուց, թէ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ հազարաւոր հայեր փախստական դառնան, եւ կալանքի տակ գտնուող հարիւրաւոր հայ ռազմագերիներ Ազրպէյճանի կողմէ ենթարկուին անմարդկային վերաբերմունքի: Ան իր խօսքը եզրափակեց` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է պատմութենէն դասեր քաղելով` միշտ կանգնիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան կողքին:
Քանատայի Հայոց Թեմը Կը Շարունակէ Արցախահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութեան Ծրագիրը
Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, մարդասիրական օժանդակութիւնները կը շարունակուին տեղահանուած արցախահայութեան բարօր կեանքին համար:
Առ այդ, համագործակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի Շրջանային վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանը մարդասիրական օժանդակութիւն ղրկեց Երեւան, որպէսզի Հայաստանի Հայ օգնութեան միութիւնը փետրուար ամսուն տրամադրէ տեղահանուած արցախահայութեան:
Մարդասիրական պիտոյքներ նուիրեցին Արեգ եւ Քրիստին Մարգարեան, Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլները, Սեդա Մարաշլեան եւ ընտանիքը, տոքթ. Պարոյր Թուխմանեան, Քրիսթին Գանու Մեթզի:
Փարիզ
Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետարանին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով, 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ մեծարանքի առցանց երեկոյթ մը, որուն ընթացքին արտայայտուեցան Փարիզ 10-րդ թաղամասի քաղաքապետուհի Ալեքսանտրա Քորտըպար, Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա, «Հասարակաց երազանք» միութենէն Միշէլ Մարեան, Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինք, Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախկին համանախագահ, ներկայիս բանտարկուած` Սելահէտտին Տեմիրթաշի կինը` Պաշաք Տեմիրթաշ եւ ուրիշներ:
aztagdaily.com/archives/501129