Վերջին Ատըեամանցիներ ու անոնց մոռցուած փառքերը – ԼԻՒՍԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ
01 ՄԱՐՏ 2021 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ, ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ, ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
ԼԻՒՍԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ
Երեք տարի առաջ էր, երբ Ատըեամանցի մեր բարեկամ Քենան Ենիճէ իմաց տուաւ Ատըեամանի կենցաղի ու սովորութիւններու մասին բանաւոր պատմութեան ծրագրի մը։ Ոգեւորուած էի։ Քանի որ իմ ծնողները Ատըեամանէն էր եւ ես հոն ծնելով հանդերձ տակաւին չորս տարեկան էի՞ երբ լքեցինք այդ քաղաքը եւ ոչ մէկ յիշողութիւն ունիմ այդ տեղի մասին։ Իսկոյն ձեռնարկեցի աշխատութեան եւ թակեցի իմ համաքաղաքացիներու դռները նախապատուութիւն տալով տարեցներուն։ Զգացի որ անոնք ալ կը բաժնեն իմ յուզումը, քանի պատմեն կը վերակենդանանայ անցեալի վերաբերեալ բազմաթիւ յուշեր։ Ափսոս որ այդ աշխատութիւնը ներհամայնքային կարգ մը խնդիրներու բերմամբ կիսաւար մնաց։
Նախքան պատմեմ կ՚ուզեմ յիշել իմ զրուցակիցներու անունները։ Արշալոյս Պաքըրճը, Մարգրիտ Պըչաքճը, Էլիզ Տեմիրճի, Հայկանոյշ Էվինկիւլիւ, Նաիմէ Գարակէօզ, Վարդանոյշ Գալայճը, Հաթուն Թոփալ, Մերյէմ Մորիփէք, Էլիզ Տեղիրմենճի եւ Այտըն Թիմուրճու։
Ո՞ւր տեղեն ես
Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը նուազեցաւ, կը նուազի եւ դեռ պիտի նուազի։ Երկրի չորս ծագերէն իրենց քաղաքները լքելով արտասահման գաղթողներու կողքին գաւառի բոլոր հայութիւնը Պոլիս հաւաքուեցաւ։ Այդ քաղաքներու յատուկ կենցաղը, բարբառը, սովորոյթները, աւանդութիւնները մնացին անցեալի մէջ։ Հետզհետէ կը վերջանայ ծննդավայրի նկատմամբ պատկանելութիւնը։ Ասկէ ետք ո՞վ պիտի ըսէ «Ատըեամանցի եմ», «Մալաթեացի եմ»,«Այնթապցի եմ», «Սեբաստացի եմ»։ Պոլսոյ մէջ կնքուած խառն ամուսնութիւններով բոլորովին կը ջնջուին այդ հետքերը։ Մինչդեռ ես այս աշխատութիւնով տեսայ որ Ատեամանցիք որքան հարուստ եղած են յիշատակման արժանի օրերու առումով։
Կրօնական աւանդութիւններ
Քրիստոնէական ծնունդը կը կոչուի «Մելեթի Տօն»։ Ամանորը «Կապեցէք» է։ Յիսուսի մկրտութիւնը «Խաչի Տօն»ը։ Սուրբ Սարգիս «Պերկենտեկ» այսինքն Բարեկենդան։ Պահք Եարը, Սուրբ Թորոս, Մեծ Տօն կամ Ձուի Տօն կամ ալ Մեծ Զետիկ, Վերդեվեռ այսինքն Վարդավառ բոլորը օրեր շարունակ պատրաստութիւններով կը դիմաւորուին ու կը տօնուին։
Նարինջի առասպելը
Բոլոր այս տօներու մէջ ինծի ամենահարազատ թուացողները «Կապեցէք»ն էր։ Երեխէք վիզերնին մէյմէկ տոպրակ կախած քառեակներ ըսելով տուները կը շրջին եւ նուէրներ կը ստանան։ Թէ ինչե՞ր են այդ նուէրները նարինջ մը, խնձոր մը, քանի մը ընկոյզ, պաստեղ, հետիկ կամ ափ մը չամիչ։ Այս բոլորին մէջ ամենաարժէքաւորն է նարինջը։ Իսկ պատանիներ երեկոյեան այս նոյն նուէրները կը ստանան ծխնելոյզէն վար իջնող պղնձեայ դոյլի մը միջոցով, որ կը կոչուի սիթիլ։ Մէկ կողմէն ալ կ՚երգեն։ «Կ՚ապեցէք էք։ Կալան լնքուք, ընկոյզ է պիպիիս էյգին հոս է»։ Կ՚ապեցէք բառի ստուգաբանութիւնը տարաբնոյթ է։ Ոմանց համաձայն մանուկներու վիզէն կախուած տոպրակի իմաստով, իսկ ոմանց համար ալ տարիները իրարու շաղկապելու իմաստով։
«Կապեցէք»ի ճաշատեսակն ալ յատուկ է։ Անպայման պիտի ըլլայ կլոր քիւֆթէն այսինքն միջուկով քիւֆթէ։ Հնդկահաւ, Ղաւուրմայով փիլաւ եւ պախլաւա։
Ատըեամանի մէջ հայեր ու ասորիներ միասնաբար կը տօնեն քրիստոնէական տօները։ 24 Դեկտեմբերին եկեղեցւոյ մէջ մեծ սինիի մը վրայ կրակ կը վառեն այդ կրակով կը վառեն նաեւ մոմեր ու եկեղեցւոյ մէջ կը շրջին «Երեք թագաւոր եկան, Երկնքի աստղը տեսան, Յիսուս ծնաւ ըսին, Այսօր Բեթհեղեմի մէջ Մարիամէն հոգի առաւ մելետը վառեցին Յիսուսը տաքցուցին Մելքոն, Գասպար, Պաղտասար Աւետիս։ Աւետիս։ Յունուարի 6-ին կը նշուի Խաչի Տօնը։ Դարձեալ գիշերուայ ժամին կ՚երթան եկեղեցի խաչը կ՚իջեցնեն ջրհորին։ Ներկաներէն մէկը եկեղեցիին նուիրատուութիւն ընելով կը ստանայ կնքահայրի կոչում։ Սուրբ Սարգիսը կիրակիէ չորեքշաբթի եռօրեայ ծոմով կը դիմաւորեն։ Իսկ Սուրբ Թորոսի Տօնակատարութիւնը գետի եզրին դաշտապտոյտ մըն է։ Տակաւին Բեկենդանը, Վարդավառը եւս ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնք ափսոս բոլորն ալ ունին այդ սարքերը եւ մենք կը մնանք մեծ քաղաքի ժխորին մէջ նոյնիսկ առանձ իմանալու թէ ինչերէն զրկուած ենք։
agos.com.tr/am/hvotvadzi/25390/vyerchin-adiyeamantsinyer-u-anvonts-mvortsuadz-parkyeri