Տեղահանուած Խումբ Մը Արցախցիներ Ցոյցեր Իրականացուցած են ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

Տեղահանուած Խումբ Մը Արցախցիներ Ցոյցեր Իրականացուցած են ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Առջեւ

04 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Երեւանի մէջ, խումբ մը հադրութցիներ եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերէ տեղահանուած բնակիչներ, Մարտ 4-ին՝ Հադրութը վերադարձնելու պահանջով ցոյց իրականացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան առջեւ: Ցոյցը, «Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով, կազմակերպած է «Յանուն Հադրութի» հասարակական կազմակերպութիւնը։

«Մենք կը խնդրենք եւ կը պահանջենք բոլոր դեսպանատուներէն մեզի վերադարձնել մեր հայրենի հող՝ Հադրութ: Մեր հաւաքին նպատակը համապատասխան բովանդակութեամբ նամակ յանձնելն է ՌԴ  դեսպանատան ներկայացուցիչներուն: Այս ցույցերն ու շարժումները մենք պիտի իրականացնենք շարունակական՝ մինչեւ հասնինք մեր նպատակին: Այստեղ հաւաքուած ենք տեղահանուածներ Հադրութէն, Շուշիէն, Քաշաթաղէն։ Խնդիրներ շատ ունինք, բայց պահանջը յատկապէս այն է, որ մեզի վերադարձնեն մեր հայրենի հող, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի կազմին մէջ: Մինչ այժմ՝ քանի մը անգամ նամակներ յանձնած ենք դեսպաններուն, սակայն առայժմ ոչ մէկ արձագանգ չկայ։ Այս անգամ նամակով մենք պահանջած ենք հանդիպում դեսպանի հետ, որպեսզի ներկայացնենք մեր գլխաւոր պահանջը»,- նշած է «Յանուն Հադրութի» ՀԿ վարչութեան անդամ Իրա Թամրազեան:

ՌԴ դեսպանատունէն հադրութցիները շարժած են Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր անոնց յայտնած են, որ չեն կրնար ընդունիլ, քանի որ հանդիպում նախապէս չէ ծրագրուած: Դեսպանատունէն նաեւ տեղեկացուցած են, որ իրենց շարունակ Հադրութի ներկայացուցիչներ կ՝այցելեն եւ բազմաթիւ նամակներ ստացած են: Ըստ Լեւոն Հայրիյեանի՝ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ ականատես եղած են նոյն անտարբերութեան, ինչ Ռուսիոյ Դաշնութեան: Այդուհանդերձ, դեսպանատունէն տեղեկացուցած են, որ նամակը ընդունուած է եւ դեսպանին կողմէ յառաջիկային պատասախան պիտի ըլլայ: Հադրութցիներուն ԱՄՆ դեսպանատունէն յայտնած են, որ «քորոնա» ժահր համավարակին պատճառով՝ ընդունելութիւն չ՝իրականացուիր: Դեսպանատունէն հադրութցիներուն փոխանցած են տուեալները՝ ելեկտրոնային եղանակով դիմելու համար:Վան Նովիկով

yerakouyn.com/2021/03/04/տեղահանուած-խումբ-մը-արցախցիներ-ցոյց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail