Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ուիքիփետիան – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ուիքիփետիան – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

24 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Համացանցի ամենաշատ օգտագործուող բազմալեզու հանրագիտարանին մասին քանի մը առիթներով անդրադարձած էի, վերջինը՝ «Ազդակ»-ի 27 յունիս 2020-ի թիւին մէջ. « «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Ա. Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները» (1) խորագիրով յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի.

1. Սխալ տարբերակը, ուր վերջին տուփիկին մէջ «Չեղեալ յայտարարվեց» գրուած է:
2. Սրբագրած տարբերակս, ուր վերցուցած եմ վերջին սխալ տուփիկը:

«ԻՍԿ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ Է ՈՒԻՔԻՓԵՏԻԱՅԻ ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, քանի որ ընդհանրապէս համացանցին մէջ նիւթի մը որոնումի առաջին արդիւնքը կու գայ Ուիքիփետիայէն, ուր ահաւոր սխալներու կը հանդիպինք: Ինչպէս նշեց դասախօսը, Ուիքիփետիան ունի շատ լաւ՝ աղբիւրները նշուած յօդուածներ, որոնցմէ ինք եւս կ՛օգտուի, սակայն պէտք է ստուգել, թէ յօդուածը մէկէ աւելի աղբիւրներէ օգտուա՞ծ է: Բոլո՛ր յօդուածները, որ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-էն առնուած են, այսինքն գրեթէ բոլո՛ր հայերէն (պատմական) յօդուածները պէտք է վերանայուին»:

Ահա Սեւրի դաշնագիրին էջին մէջ ահռելի սխալներու օրինակը, որ սրբագրելէս ետք յամառօրէն վերստին հինը պահպանուեցաւ, նկար 1, 2, 3 եւ 4: Իսկ հինգերորդ նկարը ցոյց կու տայ Ուիքիփետիայի մասնակիցներու կողմէ յաջորդական փոփոխութիւններու շարքը, ուր կ՛երեւին կատարած սրբագրութիւն՝ փոփոխութիւնս եւ ապա անոր ջնջումը:

    

3. Նոյն սխալին «բացատրութիւնը» կարմիրի մէջ, որ ջնջեցի՝ սրբագրեցի նախնական կերպով, քանի որ արեւելահայերէնի վարժ չեմ, որ լրիւ եղելութիւնը գրէի: Նախապէս արեւելահայերէն յօդուածի մը մէջ, երբ արեւմտահայերէնով ճշդում ըրի, դիտողութիւն ստացայ, իսկ դիտողութիւն ընողը չբարեհաճեցաւ զայն արեւելահայերէնի փոխել, այլ պարզապէս ջնջեց իրաւացի ճշդումս:    

4. Սրբագրուած տարբերակը՝ սխալը ջնջուած:

Որոն՞ք էին նկատած հիմնական սխալները, որ յաճախ ա՛յս եւ ընդհանրապէս դաշնագիրներու հիմնական օրէնքներէն եւ սկզբունքներէն տեղեակ չեղողները առանց իրազեկ ըլլալու, կը պնդեն, եւ Սեւրի դաշնագիրին մասին անտեղի կերպով յոռետեսութիւն կը սփռեն:

Վստահ եմ, որ աւելի՛ մանրակրկիտ քննութիւն մը, յատկապէս Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի, դոկտ. Արմէն Մարուքեանի (2) (3) եւ Արա Պապեանի նման մասնագէտներու կողմէ, որոնց այս նիւթով դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուած եմ՝ շատ աւելի սխալներ պիտի գտնեն: Կոչ կ՝ուղղեմ այս յարգելի պատմաբաններուն եւ դիւանագէտին, որ Սեւրի դաշնագիրի 100 ամեակին առիթով, Ուիքիփետիայի մէջ ապահովեն ճշգրիտ ու հարազատ պատմականը՝ կարելի բոլո՛ր լեզուներով:

Առաջին սխալը հետեւեալն է «…(Սեւրի դաշնագիրը) չեղեալ յայտարարուեց»:

Երկրորդ սխալը՝ « …(փոխարինուեցաւ) 1923 թ. Լոզանի պայմանագրով»:

Երրորդ սխալը՝ « … Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ»։

1.ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻՆ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԳՐԵՐ ՉԵՂԵԱԼ ՉԵՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻՐ, Ո՛Չ ԱԼ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԻՆ: ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՄՆԱՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ Ի ԶՕՐՈՒ, ԵԹԷ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՈՎ ՄԸ ՉԷ ՆՇՈՒԱԾ ԱՒԱՐՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆ… Այս պարագային, աւարտի թուականի յօդուած գոյութիւն չունի, ուրեմն յաւիտեանս ի զօրու է:

5. Այս Ուիքիփետիայի յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւններու հերթական շարքի բաժինն է, ուր կ՛երեւի իմ կատարած փոփոխութիւնս, վերէն երկրորդ կէտ եւ ապա «յետշրջումը»՝ առաջին կէտ, այսինքն կատարած փոփոխութիւնս չէ ընդունած Sigma’am-ը եւ յօդուածին հեղինակը՝ ԱշբոտՏՆՂ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ վերադարձ կատարուած է նախորդ սխալ տարբերակին:

  1. Ինչպէս նշուեցաւ, Սեւրի դաշնագիրը չփոխարինուեցաւ Լոզանի դաշնագիրով, անկախ անկէ, թէ չի փոխարինուիր, այս դաշնագիրին բանակցող կողմերը եւ ստորագրողները Սեւրի դաշնագիրին նոյն կողմերը չէին, եւ ամենակարեւորը՝ Հայաստանը մասնակից չէր Լոզանի դաշնագիրին:
  2. Սեւրի դաշնագիրը ունէր 433 յօդուածներ 13 զանազան տեսակի գլուխներու մէջ, որոնց կարեւոր մասը գործադրուեցաւ, յատկապէս հողային տարածքներու պարագային՝ Օսմանեան կայսրութեան Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բոլո՛ր երկիրները ունեցան իրենց ճշդուած երկիրները՝ բացի Հայաստանէն:

10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած դաշնագիրէն չորս ամիս ետք` 2 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց անկախութիւնը եւ դարձաւ խորհրդային, ԱՅՆՊԷՍ ՈՐ, ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ  ՆՈՐ` ՊՈԼՇԵՒԻԿ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ:       Այս նոր համայնավար իշխանութիւնը, սակայն, բոլորովին անտեսեց Սեւրի դաշնագիրը եւ, ընդհակառակը, հայ արիւնով ազատագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները` Արարատ լեռով եւ Անիով նուիրեց պարտուած Թուրքիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը` նորաստեղծ Ազրպէյճանին, Ախալքալաքն ալ Վրաստանին: ԱՀԱ Ա՛ՅՍ Է ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ ՉԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ, ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

23 յուլիս 2020

————————–

(1) https://www.aztagdaily.com/archives/476310

(2) https://www.aztagdaily.com/archives/468310

(3) https://www.aztagdaily.com/archives/472758

aztagdaily.com/archives/478748

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail