Արցախի Մէջ «Չպայթած» Ռուսական Հրթիռները Քաղաքական Պայթիւն Յառաջացուցին Հայաստանի Մէջ

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Արցախի Մէջ «Չպայթած» Ռուսական Հրթիռները Քաղաքական Պայթիւն Յառաջացուցին Հայաստանի Մէջ

04 ՄԱՐՏ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1227haroutsassounianԲառերը ունին իմաստ եւ հետեւանք, ինչպէս յայտնաբերեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, երբ անցեալ շաբաթ լրագրողի մը ըսաւ, որ ռուսական հզօր «Իսքենտեր» հրթիռները, որոնք ենթադրաբար արձակուած են Հայաստանի կողմէ անցեալ տարուան Նոյեմբերին, արցախեան պատերազմիn ընթացքին, «չեն պայթած կամ պայթած են 10 տոկոսով»: Այս տարօրինակ յայտարարութիւնը հնչեց՝ իբրեւ պատասխան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցին, որուն ընթացքին ան հարցուց, թէ ինչո՛ւ Փաշինեան չէ հրամայած կիրարկել «Իսքենտեր» հրթիռները արցախեան պատերազմի սկզբնական շրջանին:

Վարչապետին խիստ վիճայարոյց յայտարարութենէն քանի մը օր ետք, անոր խօսնակը յայտարարեց, որ Փաշինեանին «ճիշդ չեն զեկուցած ռուսական հրթիռներուն մասին»: Բայց շատ ուշ էր՝ վնասը հասած էր արդէն:

Ոչ ոք կրցած էր կանխատեսել այն անսպասելի իրադարձութիւններու շղթան, որ յաջորդեց Փաշինեանի՝ «Իսքենտեր» հրթիռներու արժանիքները կասկածի տակ դնող խօսքերուն, հռթիռներ, զորս Ռուսիա բացառապէս Հայաստան ուղարկած էր։ Մեծ թիւով ռուս ռազմական փորձագէտներ եւ քաղաքական ղեկավարներ շատ կոշտ արձագանգեցին Փաշինեանի յայտարարութեան՝ զայն համարելով՝ իբրեւ մեծապէս գնահատուած ռուսական հրթիռներու եւ Ռուսիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան հեղինակութեան վարկաբեկում: Սակայն, Հայաստանի մէջ արձագանգը ոչ-պակաս կործանարար էր: Երբ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, հրամանատար Տիրան Խաչատրեանէն խնդրուեցաւ մեկնաբանել «Իսքենտեր» հրթիռներու չպայթելուն մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնը. ան ծիծաղելով պատասխանեց, թէ այդ մէկը անկարելի է եւ լուրջ բան չէ:

Վարչապետ Փաշինեան, լսելով այս արձագանգը՝ անմիջապէս հրամայեց աշխատանքէ հեռացնել Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կարգին հաւանութիւն տուաւ անոր պաշտօնանկութեան՝ Սահմանադրութեան մեջ նախանշուած գործընթացին համաձայն: Վարչապետը, անշուշտ, ծայրայեղ կերպով արձագանգեց Խաչատրեանի մեկնաբանութեան, մանաւանդ որ նոյնինքն Փաշինեանն էր, որ զայն նշանակեց իր պաշտօնին Յունիս 2020ին եւ իրեն շնորհեց հեղինակաւոր «Ազգային հերոս» շքանշանը՝ Արցախի պատերազմին ժամանակ անոր ունեցած նշանակալի դերակատարութեան համար:

Ի պատասխան՝ Հայաստանի քանի մը տասնեակ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներ, 25 Փետրուար 2021ին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ պահանջելով վարչապետին եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը: Յայտարարութիւնը ստորագրած էին Ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանն ու 40 բարձրաստիճան սպաներ, ներառեալ 17 հրամանատարներ եւ բանակային բոլոր հինգ բաժիններու հրամանատարները: Աւելի ուշ, իրենց ստորագրութիւններով գործընթացին միացան զինուորականներու եւ ոստիկաններու ղեկավարներ:

Զինուորականութեան յայտարարութիւնը կ՛արտայայտէր իր «վճռական բողոքը» ընդդէմ Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալին՝ «անհեռատես եւ չհիմնաւորուած» պատճառներով հեռացման՝ «առանց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ պետական շահերը հաշուի առնելու, հիմնուելով միայն անձնական եւ յաւակնոտ զգացումներու վրայ»: Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ «տիրող ծանր պայմաններուն մէջ, երկրին համար նման որոշում մը հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ է: Հայաստանի վարչապետը եւ կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չեն տալու նպաստաւոր որոշումներ՝ հայ ժողովուրդին համար ճգնաժամային եւ ճակատագրական այս իրավիճակին մէջ: Հայաստանի զինուած ուժերը երկար ժամանակ համբերատար կերպով կը հանդուրժէին գործող իշխանութեան կողմէ զինուած ուժերը վարկաբեկելու միտող «գրոհներուն», սակայն՝ ամէն բան ունի իր չափն ու սահմանը…: Գործող իշխանութիւններուն անարդիւնաւէտ կառավարումը եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր ցուցաբերած լրջագոյն սխալները երկիրը հասցուցած են կործանման եզրին: Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի զինուած ուժերը կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը…»: Առ այդ, Փաշինեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ անմիջապէս յայտարարեց Ընդհանուր հրամանատարը գործէ արձակելու մասին: Վարչապետը զինուած ուժերու վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կոչեց «ռազմական յեղաշրջման փորձ»՝ յորդորելով իր համակիրները հաւաքուիլ Հանրապետութեան հրապարակը, ուր նաեւ միացաւ անոնց եւ բարձրախօսը ձեռքին՝ քալեց Երեւանի փողոցները: Ասիկա խիստ անպատասխանատու քայլ մըն էր Փաշինեանի կողմէ, որ յանդգնեցաւ դուրս գալ փողոց, իր իսկ բնութագրումով՝ «ռազմական յեղաշրջման փորձ»ի ատեն, բան մը, որ կրնար յանգեցնել երկրին համար ողբերգական հետեւանքներու, եթէ ոեւէ մէկը վնաս հասցնէր իրեն:

Այնուհետեւ, երբ Փաշինեան հրամայեց պաշտօնէն հեռացնել նաեւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը։ Նախագահ Սարգսեան, խորհրդակցելէ ետք քաղաքական համակարգի բոլոր կողմերուն հետ՝ մերժեց ստորագրել վարչապետին հրամանը՝ այդ մէկը նկատելով հակասահմանադրական: Ապա, վարչապետը այդ առնչութեամբ երկրորդ պահանջ ներկայացուց նախագահին: Եթէ նախագահը երկրորդ անգամ եւս հրաժարի հրամանը ստորագրելէ, հարցը վերջնական որոշումի համար պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարան: Հետաքրքրական է սակայն, թէ ինչո՛ւ նախագահ Սարգսեան հաւանութիւն տուաւ Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալը գործէ արձակելու մասին վարչապետին աւելի կանուխ ներկայացուցած հրամանագիրին, բայց հրաժարեցաւ ստորագրելէ Ընդհանուր հրամանատարը պաշտօնազրկելու մասին հրամանագիրը: Վերջապէս, Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալին «յանցանք»ը՝ վարչապետին՝ ռուսական հրթիռներու մասին կատարած յայտարարութեան վրայ ծիծաղիլ էր, մինչդեռ իր ղեկավարը՝ Ընդհանուր հրամանատարը, կը պահանջէր վարչապետին հրաժարականը:

Ի դէպ, հայ զինուորականները այլ քայլերու չձեռնարկեցին վարչապետի պաշտօնանկութեան կոչէն ետք, զոր վարչապետը սխալմամբ որակեց յեղաշրջման փորձ: Այնուամենայնիւ, անոնց յայտարարութիւնը կրնայ դիտուիլ իբրեւ միջամտութիւն քաղաքական գործերու, ինչ որ սահմանադրութեան խախտում է: Ակնյայտ է, որ զինուորականութիւնը մտադիր է հասնելու վարչապետի հրաժարականին՝ առանց ռազմական որեւէ գործողութեան:

Ինչ կը վերաբերի զինուորականներու յայտարարութեան հակասահմանադրական ըլլալուն, ապա այս փաստարկը ունի հակափաստարկներ եւս: Զինուորականները յայտարարած են, թէ իրենք այլեւս չեն կրնար լուռ մնալ, երբ երկիրը կը գտնուի կործանման եզրին: Հայաստանի ազգային շահը պէտք է ունենայ գերակայ նշանակութիւն: Ի վերջոյ, զինուորականները ազգի անվտանգութեան պահապաններն են: Աւելին, Փաշինեան եւ իր կողմնակիցները չեն կրնար յանկարծ պնդել, թէ իրենք սահմանադրութեան պաշտպաններն են, երբ վերջին երեք տարիներուն նոյն իրենք էին, որ ոտնահարեցին անոր դրոյթներէն շատերը: Վարչապետը բազմիցս ճնշումներ գործադրած է դատարաններու վրայ եւ իր համախոհները տեղաւորած է Սահմանադրական դատարանի կազմին մէջ, կառավարութեան փափաքած դատավճիռները ստանալու համար: Փաշինեան եւ իր պաշտպանները համանման ճնշում գործադրած են նաեւ նախագահ Սարգսեանի վրայ, որպէսզի վերջինս ստորագրէ վարչապետին հրամանը: Ճակատագիրի հեգնանքով, Փաշինեանի կողմէ հաստատուած ժողովրդավարական սկզբունքները մոռացութեան մատնուեցան իշխանութեան գլուխ իր գալէն ետք՝ երկիրը ենթարկելով մէկ անձի իշխանութեան՝ բռնապետութեան: Նկատի ունենալով, որ վարչապետին կողմնակիցները ճնշող մեծամասնութիւն են խորհրդարանին մէջ, մնացած ձայները հիմնականին մէջ լռեցուած են: Իրաւասու փորձագէտներու կառավարութիւն ստեղծելու բոլոր առաջարկները անտեսուած են եւ իբրեւ հետեւանք՝ Փաշինեան մնացած է պաշտօնեաներու եւ խորհրդականներու միջակ ու անիրազեկ շրջանակի մը հետ:

Փաշինեանի միակ կարեւոր յատկութիւնը իր կաշառակեր չըլլալն է, ինչ որ շատ դրական բան է, բայց ոչ բաւարար՝ պետութիւնը նման փոթորկալից վիճակէ դուրս բերելու եւ առջեւ տանելու համար: Ի վերջոյ, հայերը ոչ թէ «սուրբ» կը փնտռեն, այլ իրաւասու ղեկավար մը, որ կրնայ լուծել երկրին առջեւ ծառացած բարդ հարցերը:

Աւելին, Փաշինեան եւ իր հետեւորդները միշտ չէ որ գործած են այնպէս, ինչպէս հիմա կը քարոզեն: Տակաւին 2018ին, երբ Փաշինեանի եւ իր համախոհներուն կողմէ տեղի ունեցան բողոքի համատարած, փողոցային ցոյցեր, մեծ թիւով հայ զինուորներ անօրինական կերպով լքեցին իրենց զօրանոցները եւ քալեցին ցուցարարներուն հետ: Թէեւ ասիկա ռազմական կանոններու խախտում էր եւ միջամտութիւն՝ քաղաքականութեան, սակայն Փաշինեան ոչ մէկ գործողութեան ձեռնարկեց այդ զինուորներուն դէմ: Այսպիսի իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ նաեւ 1998ին, երբ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան այդ օրերու նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ստիպեց հրաժարական տալ: Ոչ ոք բողոքեց՝ ըսելով, թէ այդ հակասահմանադրական քայլ էր:

Հայաստանեան այս նոր ճգնաժամէն կարճ ժամանակ անց, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները հանդէս եկան Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին ինքնահաճոյ յայտարարութիւններով: Իմ կարծիքով, այս երկու երկիրները՝ իրենց բռնապետներուն գլխաւորութեամբ, չեն կրնար մեկնաբանել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, առաւել եւս՝ ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւններ տալ հայերուն: Թող մէյ մը նային հայելիին եւ ապա կտրեն իրենց ձայները:

Արցախեան պատերազմին մեր թշնամիներէն կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք, հայերս չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ, որ յարձակինք իրարու վրայ: Մենք պէտք է ազգային շահը գերադասենք ամէն բանէ առաջ: Կորսնցնելով Արցախի մեծ մասը եւ հազարաւոր զինուորներ՝ մենք չենք կրնար վտանգի ենթարկել եւ կորսնցնել նաեւ Հայաստանը:

«Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդ Փաշինեան նախորդ շաբաթ պէտք չէ ըսեր իր հետեւորդներուն, թէ այլեւս «թաւիշ» պիտի չըլլայ, ինչ որ կրնայ մեկնաբանուիլ՝ իբրեւ սպառնալիք իւրաքանչիւր մարդու դէմ, որ համաձայն չէ Փաշինեանի հետ: Եթէ բանակը եւս ոչ թաւշեայ մօտեցում որդեգրէ, արդիւնքը ողբերգական պիտի ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Լաւագոյն լուծումը այն կ՛ըլլայ, որ տարածքներ եւ հազարաւոր զինուորներ կորսնցուցած վարչապետը հրաժարական ներկայացնէ իր կամքով՝ առանց որեւէ սպառնալիքի կամ բողոքի ցոյցերու: Հակառակ պարագային, ռազմական ղեկավարները, պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը՝ կրնան ուժով հասնիլ իրենց պահանջին, որպէսզի իրենք չձերբակալուին: Նման խմբակային ձերբակալութիւն մը կրնայ զրկել Հայաստանը ռազմական իր ամբողջ ղեկավարութենէն: Իսկ ամիսներ ետք, աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենան մաքուր էջի մը վրայ, յոյսով եմ՝ բացառելով Փաշինեանը եւ միւս նախկին ղեկավարները: Ժողովուրդը իրաւունք ունի ձայներու մեծամասնութեամբ որոշելու, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ իր նոր ղեկավարը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/385638/արցախի-մէջ-չպայթած-ռուսական-հրթիռն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail