Անդրադարձ – Զգուշացում` Հայաստանի Ղեկավարներուն. Դարձեալ Մի՛ Իյնաք Թրքական Ծուղակը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անդրադարձ – Զգուշացում` Հայաստանի Ղեկավարներուն. Դարձեալ Մի՛ Իյնաք Թրքական Ծուղակը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

08 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ինչպէս Հայաստանի նախկին, այդպէս ալ ներկայ ղեկավարները չեն ունեցած երկիր ղեկավարելու համապատասխան փորձառութիւն, որ կը վերաբերի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան: Այս տհաճ իրավիճակը ուղղելու համար ոմանք առաջարկած են գտնել համապատասխան փորձագէտներ, որոնք խորհուրդներ պէտք էր տային Հայաստանի ղեկավարներուն: Ցաւօք, բոլոր նմանօրինակ ջանքերը ձախողած են այն պարզ պատճառով, որ ղեկավարները իրենք նախ պէտք էր պատրաստակամ ըլլային լսելու փորձագէտներուն խորհուրդները: Հայաստանի ղեկավարներուն հետ յարաբերելու տարիներու փորձս ցոյց կու տայ, որ անոնք կը կարծեն, թէ իրենք ամէն ինչ գիտեն եւ պէտք չունին ուրիշէն սորվելու: Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիներու սխալ կառավարման պատճառներէն մէկն է: Հասկնալի է` պարտադիր չէ՛, որ ղեկավարը ամէն բան գիտնայ: Այս պատճառով ալ ան խորհրդականներ ունի: Բայց երբ խորհրդականները նոյնիսկ աւելի՛ անփորձ են, քան` իրենց ղեկավարը, ինչպիսին է Հայաստանի պարագային, ապա իրավիճակը կը դառնայ անյոյս:

Այս երկար նախաբանը գրեցի ընդգծելու համար, որ բացի շատ բան չգիտնալէն եւ խորհուրդներ չլսելէն` Հայաստանի ղեկավարները նաեւ կը մերժեն դասեր քաղել անցեալի սխալներէն եւ, ցաւօք, կը կրկնեն զանոնք:

Այսպիսի օրինակ մըն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քննարկուող հայ-թրքական սահմանի հաւանական բացումը. անիկա փակուած է 1993-ին, Թուրքիոյ կողմէ: Անցեալ շաբաթ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը խորհրդարանի անդամներուն ըսաւ. «Այլեւս պատճառ չկայ (Թուրքիոյ համար) փակելու Հայաստանի հետ սահմանը: Բազմաթիւ տարիներ Թուրքիա փակած էր Հայաստանի հետ սահմանը` պահանջելով արցախեան հակամարտութեան իրավիճակի փոփոխութիւն. իրավիճակը փոխուեցաւ ուժի կիրարկումով: Այլեւս պատճառ չկայ փակ պահելու Հայաստանի հետ սահմանը»: Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուց, որ ներկայ պահուն որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարուի այս ուղղութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը յաջորդեց Թուրքիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն` Հայաստանի հետ սահմանը բանալու պատրաստակամութեան մասին, եթէ վերջինս բաւարարէ յստակ պայմաններ: Նախապէս Թուրքիոյ սահմանը փակելու պատճառը Հայաստանի մերժողական պատասխանն էր` վերադարձնելու «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»: Ուստի կարելի է կարծել, որ այժմ, երբ Ազրպէյճան բռնի կերպով գրաւած է այդ տարածքներուն մեծ մասը, խնդիրը լուծուած է, հետեւաբար Թուրքիա պիտի բանայ սահմանը: Այնուամենայնիւ, յիշեցնենք, որ սահմանը բանալու համար Թուրքիա Հայաստանի հետ ունէր երկու լրացուցիչ պայմաններ.

1.- Հայաստան պէտք է հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը հետապնդելէ.

2.- Հայաստան պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները եւ պէտք չէ ներկայացնէ տարածքային պահանջներ:

Բոլորս կը յիշենք, որ տակաւին 2009-ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ փոխադարձ սահմանի բացման մասին արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք, Թուրքիա լրացուցիչ պահանջներ առաջադրած էր Հայաստանին: Երբ Հայաստան մերժեց այս նոր պայմանները, թրքական կողմը որոշեց չվաւերացնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւնները` Ազրպէյճանի կողմէ ուժեղ ճնշման ենթարկուելէ ետք:

Այդ օրերուն բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ հայերու կողմէ, որ` արձանագրութիւնները չեն բխիր Հայաստանի շահերէն: Այսուհանդերձ, նախագահ Սերժ Սարգսեան շարունակեց իր սխալ մօտեցումը, մինչեւ որ Թուրքիա հրաժարեցաւ արձանագրութիւններէն` ակամայ պաշտպանելով Հայաստանի շահերը: Արձանագրութիւններուն վնասակար մէկ այլ լուրջ հետեւանքը այն էր, որ անոնք խոչընդոտ հանդիսացան նախագահ Պարաք Օպամայի խոստումին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը 24 ապրիլ 2009-ին:

Արձանագրութիւնները թրքական ճարպիկ հնարք մըն էին` տապալելու Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիոյ ղեկավարները, օրուան պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի գործակցութեամբ, բազմիցս թելադրած էին նախագահ Օպամային` հանդէս չգալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող յայտարարութեամբ, այն պահուն, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա լուրջ բանակցութիւններ կը վարէին` իրենց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Անոնք յաջողեցան համոզել Օպաման, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը պիտի խափանէ բանակցութիւնները: Հետեւանքը այն եղաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը պահելու փոխարէն` նախագահ Օպամա 24 ապրիլ 2009-ին յայտարարեց. «Ես նաեւ վճռականօրէն կ՛աջակցիմ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ջանքերուն: Զուիցերիոյ հովանիին տակ երկու կառավարութիւնները համաձայնած են կարգաւորման շրջանակի եւ ճամբու քարտէսի շուրջ: Ես կ՛ողջունեմ այս յառաջընթացը եւ կը յորդորեմ զիրենք կատարելու իրենց խոստումը»:

Ճիշդ է, որ նախագահ Օպամա չկատարեց իր նախընտրական խոստումը, սակայն նոյնինքն Հայաստանի ղեկավարներն էին, որոնք հիանալի պատրուակ մը ստեղծեցին անոր համար, որպէսզի ան թաքստոց մտնէ արձանագրութիւններու խաղին տակ: Հետեւաբար հայերը կորսնցուցին թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ եւ թէ՛ սահմանի բացումը:

Դժբախտաբար նոյն բեմադրութիւնը կրնայ կրկնուիլ այս տարի եւս: Նախագահ Ճօ Պայտըն նախընտրական խոստում տուած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այժմ շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ նման քայլի մը դիմելը, քանի որ, ինչպէս Ներկայացուցիչներու տունը (գրեթէ միաձայնութեամբ), ծերակոյտը եւս (միաձայնութեամբ) 2019-ին ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թէեւ երաշխիք չկայ, որ նախագահ Պայտըն պիտի կատարէ իր խոստումը, սակայն մենք պէտք չէ պատրուակ ստեղծենք, որ ան չկատարէ զայն:

Անցեալէն դատելով` Թուրքիա այժմ մտադրած է նոյն հնարքը բանեցնել: Մենք գիտենք, որ Պայտընի վարչակազմը շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում ունի Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հանդէպ: Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ կան շարք մը վիճելի հարցեր, զորս դժուար է յաղթահարել: Այս մասին լաւ գիտնալով` Էրտողան վերջին շաբաթներուն սկսած է քայլերու ձեռնարկել Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ, նախագահ Պայտընին հաճոյանալու նպատակով: Էրտողանի առաջարկը` բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, Թուրքիոյ ի գործ դրած ներկայ ընդհանուր ռազմավարութեան մէկ մասն է:

Արցախեան աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի ղեկավարները չեն կրնար իրենք իրենց թոյլ տալ, որ առաւել եւս սխալ հաշուարկներ ընեն: Մինչ Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներուն մեծ մասը արդէն կորսուած է, յոյսով եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի սխալիր` պատրուակ մը ստեղծելով Պայտընի վարչակազմին համար, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առումով: Աւելի կարեւորը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք չէ անընդունելի քայլեր առնեն` խոստանալով չհետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ճանչնալ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները: Նման համաձայնութիւն մը վերջնականապէս կը վնասէ Հայաստանի շահերուն: Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստան համաձայնիլ թրքական նմանօրինակ առաջարկներու` արցախեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ ունեցած դաժան դերակատարութենէն ետք, որուն պատճառով հազարաւոր հայ զինուորներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան, եւ հայկական տարածքները գրաւուեցան: Վէրքերը տակաւին չափազանց թարմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման որեւէ փորձ դիտարկելու համար:

Հայաստանի անփորձ ղեկավարները կրնան գտնուիլ անյարմար վիճակի մէջ, եթէ Թուրքիա որոշէ միակողմանի բանալ իր սահմանը, իսկ Հայաստան մերժէ այդ ընել` գովեստի արժանացնելով Թուրքիան եւ Հայաստանը դարձնելով խոչընդոտող գործօն` միջազգային հանրութեան աչքին: Հայաստանի վիճակը ա՛լ աւելի կը բարդանայ, եթէ Թուրքիա բանայ իր սահմանը, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս վեց ամիսով կամ աւելի երկար ժամանակով արգիլած է թրքական ապրանքներու ներմուծումը: Եթէ սահմանը բացուի, եւ Հայաստան թոյլ տայ թրքական ապրանքներու ներմուծումը, հայկական շուկան պիտի հեղեղուի թրքական աւելի աժան ապրանքներով, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տեղական արտադրողներու վրայ: Կարելի լուծումներէն մէկը կ՛ըլլայ այն, որ Հայաստան, թրքական ապրանքներու ներմուծումը ամբողջովին արգիլելու փոխարէն, անոնց վրայ ներմուծման բարձր տուրքեր դնէ` երկրին մէջ անոնց վաճառքը գործնականապէս անկարելի դարձնելով: Ապրանքներու վրայէն արգելքը վերցնելով` Հայաստան բացասաբար չ՛ընկալուիր աշխարհի աչքին, իսկ Հայաստանի կառավարութեան համար այս մէկը կ՛ապահովէ խիստ անհրաժեշտ եկամուտ` թրքական ապրանք ներածելու պարագային:

Նոյն ժամանակ Հայաստան պէտք է իր պայմանները դնէ Թուրքիոյ առջեւ` նախքան սահման բանալու գծով համաձայնիլը, օրինակ` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայկական կորուստներու հատուցումը: Նման քայլ մը կը հակասէ թէ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումներուն. անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած էին Հայաստանի կողմէ չարաբաստիկ արձանագրութիւններու վաւերացման եւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման` առանց որեւէ նախապայմանի:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

aztagdaily.com/archives/501498

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail