Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակ Բ. «Պահանջատիրութեան Պատմաիրաւական Հիմքերը» Նիւթին Մասին Դոկտ. Արմէն Մարուքեանի Դասախօսութիւնը «Ազդակ»-ի 156-րդ Մամլոյ Լսարանին
13 ՄԱՐՏ 2021 – Անդրադարձ
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Սեւրի դաշնագիրին մասին իսկապէս սքանչելի մատուցումի մը ներկայ գտնուեցանք 16 յունուար 2020-ին: Մեծ հետաքրքրութեամբ կարելի եղաւ հետեւիլ արհեստավարժ այս պատմագէտին, որ շուրջ 50 վայրկեան, առանց գրաւոր յուշարարի, առանց նախապաշարումի, կամ զգացական աւելորդաբանութեան, բովանդակալից նիւթը` Սեւրի դաշնագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը ներկայացուց, այնպէս, ինչպէս որ է (1) (2):
Կը յիշեմ համալսարանական օրերուս նոյն նիւթով դասախօսութիւն մը, ուր դասախօսը քմծիծաղով եւ ոչ արհեստավարժ, ծաղրական մօտեցումով, սկիզբէն իսկ անտեղի կերպով բացասական վճիռ արձակեց Սեւրի դաշնագիրին նկատմամբ: Յայտնի էր, որ նիւթը գիտական կերպով չէր ուսումնասիրած ու շատերու նման, առանց համապատասխան գիտութեան, Հայ դատի հանդէպ պարտուողական աւանդական յոռետեսութեամբ լեցուած էր: Մեր մէջ էին նիւթին տեղեակ երկու ուսանողներ, որոնց աւարտական թեզը եղած էր Սեւրի դաշնագիրը: Ուսանողներս պոռթկումներով, բացագանչութիւններով բողոքնիս արտայայտեցինք եւ հազիւ կրցանք զսպել կարգ մը տղաք, որոնք ֆիզիքական պատիժի պիտի ենթարկէին դասախօսը: Տարիներ ետք իմացայ, որ այդ նոյն դասախօսը այլ առիթով մը ֆիզիքական պատիժի ենթարկուեր է:
Այսպիսի իմաստակներ չեն փափաքիր անդրադառնալ, որ արդէն 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած դաշնագիրէն չորս ամիս ետք` 2 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց անկախութիւնը եւ դարձաւ խորհրդային, ԱՅՆՊԷՍ ՈՐ, ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ ՆՈՐ` ՊՈԼՇԵՒԻԿ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ: Այս նոր համայնավար իշխանութիւնը, սակայն, բոլորովին անտեսեց Սեւրի դաշնագիրը եւ, ընդհակառակը, հայ արիւնով ազատագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները` Արարատ լեռով եւ Անիով նուիրեց պարտուած Թուրքիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը` նորաստեղծ Ազրպէյճանին: ԱՀԱ Ա՛ՅՍ Է ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ ՉԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ, ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Տես` Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ իրաւունքի պատմութեան ամպիոնի վարիչ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Շիրինեանի այս մասին զրոյցը (3):
Նաեւ, այսպիսի առիթներուն, անտեղի ու սխալ, շրջուած կերպով Խրիմեան Հայրիկին 1878-ին ակնարկած «Երկաթէ շերեփ»-ը կը մէջբերուի, որ հայ հասարակութեան մէջ Սեւրի դաշնագիրին մասին բոլորովին սխա՛լ տեղեկութիւն եւ տխուր, յուսահատական տպաւորութիւն կը տարածէ:
Իրականութեան մէջ, սակայն, հայութեան զէնքի՛ ուժն էր (երկաթէ շերեփը), որ ազատագրեց պատմական Հայաստանէն փոքր մաս մը եւ 1918-ին հիմնեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ու իբրեւ Դաշնակիցներու հետ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող կողմ` հրաւիրուեցաւ Սեւր, իր ստորագրութիւնը ամրագրելու, իբրեւ յաղթանա՛կ տարած հանրապետութիւն: Ցարդ ի զօրու Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն իրագործումներէն է, իսկ միջազգային իրաւական առումով` կարեւորագոյնը:
Ճիշդ ա՛յս իրականութեան պատճառով, դժբախտաբար, մեր հողերը նուէր տուած պոլշեւիկները եւ անոնցմով հմայուած անոնց ջատագովները, համայն հայութեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նկատելով «ՀՅ Դաշնակցութեան» հանրապետութիւնը եւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող պատուիրակը «դաշնակցական» Աւետիս Ահարոնեան եւ տրուած ըլլալով, որ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանին Իրաւարար վճիռը չգործադրուեցաւ, քանի որ պոլշեւիկը չպահանջեց, այլ դաւադրաբար մեր ունեցած հողերը նոյնիսկ պարտուած թշնամիներուն նուիրեց, ցաւով կը նկատենք, որ այդպիսիները ցարդ անմիտօրէն կ՛անտեսեն ու կը ծիծաղին տակաւին 100 տոկոս ի զօրու Սեւրի դաշնագիրի իրողութեան վրայ…
6 յունիս 2019-ին «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարան թիւ 153-ին, որուն նիւթն էր` «Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ. սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք», նմանապէս, դասախօսը` դոկտ. Արա Սանճեան դիտել տուաւ, որ Սեւրի դաշնագիրի գործադրութիւնը եւ հետապնդումը ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ է` մոռնալով նշելու, որ 2015-ի Համահայկական հռչակագրով ատիկա դարձաւ համահայկակա՛ն օրակարգ (4), (5):
Կը յիշեմ նաեւ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի 1960-ական տարիներու «Ճաֆեթ» գրադարանը, որուն երկրորդ յարկի երկաթէ ճաղերով պատուած բաժինին մէջ կը պահուէին արժէքաւոր` կարեւոր գիրքեր եւ հրատարակութիւններ, որոնք կարելի չէր դուրս հանել, փոխ առնել եւ միայն անդամաքարտ ունեցողներ կրնային այնտեղ յաճախել: Հոն գտայ Սեւրի դաշնագիրը` 1920 թուակիր, առաջին տպագրութիւն, մեծադիր, որքան կը յիշեմ, շուրջ 30-ով 50 սմ լաթակազմ շքեղ հրատարակութիւնը, որուն մէջ էին Վուտրօ Ուիլսընի 22 նոյեմբեր 1920-ին ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող Իրաւարար վճիռի բաւական մեծ ծալուած քարտէսը եւ այլ քարտէսներ, որոնք կը ճշդէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, նաեւ` Հայաստանի ընդհանուր սահմանը: Նման` մասունքի մը հանդէպ ակնածանքի, յաճախ գրադարան կ՛այցելէի եւ այդ գիրքը կը թերթատէի ու քարտէսները կ՛ուսումնասիրէի: Ամիսներ ետք, սակայն, այդ արժէքաւոր փաստաթուղթ-գիրքը խորհրդաւոր պայմաններու տակ անհետացաւ եւ գրադարանապետը այս առնչութեամբ բացատրութիւն չունէր:
Գրադարանի այդ բաժինին մէջ կը գտնուէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու վիճակագրական, պետական զանազան արձանագրութիւններու հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ առեւտրական, արտաքին յարաբերութեան եւ այլ տարեգիրքեր` 1800-ական թուականներէն սկսեալ: Զարմանալի է, որ Թուրքիոյ 19-րդ դարու առեւտուրը, արտածումը բարձր տոկոսով Միացեալ Նահանգներուն հետ էր, յատկապէս` ծխախոտի եւ չորցուած թուզի: Այս մասին` այլ առիթով:
Մարուքեան դասախօսութիւնը սկսաւ այժմէական եւ իրաւական` 29 յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարուած Համահայկական հռչակագիրէն, ուր շեշտը կը դրուէր ոչ թէ մի՛այն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, այլ նաեւ անոր հետեւանքներու յաղթահարումին` հատուցումին: Հռչակագիրին վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած էր` «… Ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցում…»: Ան նշեց, որ այս ոճը դիւանագիտական լեզուով հատուցումի, Հայ դատի պահանջատիրութիւնն է, որ կը նշանակէ իրաւական թղթածրարի նախապատրաստումը` անհատական, համայնքային եւ համազգային խախտուած իրաւունքներու վերականգնումի իբրեւ սկիզբ: Քանի որ ուղղակի հողային հատուցում պահանջելը, քաղաքական լեզուով, պատերազմի յայտարարութեան համազօր կ՛ըլլար:
Յանցագործութիւն պատահած է, սակայն անոր հետեւանքները տակաւին չեն յաղթահարուած, ընդհակառակը, այդ յանցագործութիւնը կը շարունակուի առ նուազն երկու մակարդակով` մշակութային եղեռնը` փճացնելով կամ իւրացնելով մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ երկրորդ` Թուրքիոյ իրերայաջորդ պետական մակարդակով յայտարարուած ժխտողականութիւնը, որ կը նշանակէ յանցագործութեան շարունակութիւնը:
Դասախօսը այս առիթով ներկայացուց 2017-ին ինը մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած մէկ աշխատասիրութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան կորուստներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Ըստ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նշեալ աշխատասիրութեան, հիմնական հինգ խումբերու կը բաժնուին Ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած կորուստները:
Գլխաւոր հետեւանքը հայրենազրկումն էր:
Երկրորդը` մարդկային կորուստը: Նախքան Ցեղասպանութիւնը` կար երկուքուկէսէն երեք միլիոն հայ, եթէ ցեղասպանութիւն տեղի չ՛ունենար, այսօր հայութեան ընդհանուր թիւը աւելի քան քսան միլիոն պիտի հաշուէր:
Երրորդը` հայութեան նիւթական կորուստը, ուր դժբախտաբար նկատի առնուած են միայն Արեւմտահայաստանի վեց նահանգներու կորուստները, մինչ Կիլիկիոյ, յատկապէս Ատանայի եւ Զմիւռնիոյ ջարդերու կորուստները նկատի չեն առնուած: Նաեւ նկատի չեն առնուած Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներուն կրած կորուստները: Այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ պարտադրած «լքեալ գոյքերու» օրէնքը բոլորովին կ՛անտեսէր հայոց հիմնական իրաւունքները:
Չորրորդը մշակութային ժառանգութեան կորուստն է, որ տակաւին կը շարունակուի:
Հինգերորդ կորուստը Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքն է, որ իրերայաջորդ սերունդներուն վրայ խոր ազդեցութիւն կը ձգէ: Մարուքեան բաղդատական մը կատարեց հայերու եւ հրեաներու ցեղասպանութեանց միջեւ` նշելով, որ հրեաներու պարագային հողային կամ հայրենիքի հարց չկար, մինչ հայոց պարագային, հայրենիքն ալ կորսնցուցին:
Մարուքեան ընդգծեց, որ Սեւրի դաշնագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի յօդուածները չափազանց կարեւոր ու անբեկանելի են: Իսկ Սեւրի պայմանագիրի կարգավիճակին մասին ան յայտնեց, որ անկախ թրքական մերժումներէն` Սեւրի դաշնագիրը մասնակիօրէն գործադրուած է, եւ գործնապէս Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուած է: «Սեւրի սինտրոմը» լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ թուրքերուն»: Շարունակելի:
(Շար. 2)
22 փետրուար 2020
———————
(1) https://www.facebook.com/aztagdaily/videos/622970325129429/ տեսանիւթ
(2) https://www.aztagdaily.com/archives/461160 յօդուած
(3) https://www.youtube.com/watch?v=N-DpmbVxsJY
(4) https://www.facebook.com/aztagdaily/videos/vb.194602803895851/311659259760583/?type=2&theater
(5) https://www.aztagdaily.com/archives/440637
Տես նաեւ`
(ա) https://www.aztagdaily.com/archives/412354 «Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան կերտումը եւ իրաւական քարտէսները»:
(բ) https://www.aztagdaily.com/archives/315557 «Սեւրի դաշնագիրը եւ «Հայաստանի հովանաւորութիւնը»:
(գ) https://www.aztagdaily.com/archives/359654 «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Ա.»:
(դ) https://www.aztagdaily.com/archives/359818 «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ» առաքելութիւնները – Բ.»:
(ե) https://www.aztagdaily.com/archives/400768 «Զօրավար Հարպորտի այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (հաղորդագրութիւն` Հայ հեռագրական գործակալութեան)»:
(զ) https://www.aztagdaily.com/archives/404804 «Ակնարկ. Սեւրի դաշնագիրը եւ Ամերիկան»:
(է) https://www.aztagdaily.com/archives/407575 «Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը ինչպէ՞ս կը հասնի Հայաստան եւ` Պոլսոյ համազգային ժողովին ողջոյնը»:
(ը) https://www.aztagdaily.com/archives/463310 «Ամերիկացի ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին մօտ արդէն զարգացած Էր ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը 1895-ին»:
aztagdaily.com/archives/468310