«Ղարաբաղը Վէճի Առարկայ», Ժողով-Դասախօսութիւն 20 Հոկտեմբեր 1920-ին – Յարութ Չէքիճեան
02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com
Հայաստանի Հանրապետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918, Արցախ
Շատ հաւատք պէտք չէ ընծայել յանկերգներուն, սակայն պատմութիւնը ի՛սկապէս ինքզինք կը կրկնէ: ««Ղարաբաղը Վէճի Առարկայ» Ժողով Դասախօսութիւն» այս է խորագիրը ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 26 հոկտեմբեր 1920-ի, X-ի մը կողմէ թղթակցութեան, որ ստորեւ՝ արեւմտահայերէնի կը վերածեմ (1). «20 Հոկտեմբեր 1920-ի երեկոյեան, խորհրդարանի դահլիճին մէջ, Հայաստանի Սոցեալ դեմոկրատ բանուորական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ Դ. (Դաւիթ*) Անանուն եւ Ա. (Աշոտ*) Մելիք-Յովսէփեան (մենշեւիկ*) դասախօսեցին «Ղարաբաղը վէճի առարկայ» նիւթին մասին:
«Առաջին դասախօսն էր Անանունը (Դաւիթ Յովհաննէս Տէր-Դանիէլեան, Սոցեալ դեմոկրատ բանուորական կուսակցութիւն, (2)*), որ պարզելով Ղարաբաղը վէճի առարկայ դարձնողներուն իսկական նպատակը, պերճախօս փաստերով ապացուցեց վերջիններուն կողմէ հրապարակ բերուած պատճառաբանութեանց անհիմն ու արհեստական ըլլալը եւ պատմական, ազգագրական աշխարհագրական, նաեւ տնտեսական տեսակէտներու վրայ կանգ առնելով՝ հաստատեց, որ Ղարաբաղը կապուած է Հայաստանին անխախտ եւ ամուր կապերով:
«Ղարաբաղը վէճի առարկայ դարձած է հայերու ձեռքով, ըսաւ ան, որովհետեւ հայ հասարակական միտքը մեծ դժուարութեամբ ու դանդաղ ընթացքով կանգնած է (նո՛յնիսկ*) Հայաստանի անկախութեան գաղափարին վրայ: Մեր օրերուն Ղարաբաղին հարուած տուողները եղան Հայ ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամները, Սոցիալ-յեղափոխականները եւ Սոցեալ դեմոկրատ ինթերնասիոնալիստները, որոնք դիմակաւորուած պոլշեւիկներ են:
«Մեր ձեռքը անցաւ «Ժիզն Նացիոնալնոստէյ» (կարելի չեղաւ ստուգել օտար լեզուով ռուսակա՞ն անունը*) թերթի 20 յունիս 1920-ի համարը, ուր զետեղուած է Ղարաբաղի հետ, նոյնիսկ ծագումով առնչութիւն չունեցող՝ սակայն Ղարաբաղի հայրենակցական միութեան անունով ինքնակոչ կերպով Մոսկուա մեկնած Սոցիալ դեմոկրատ միջազգայնական Արամայիս Երզնկեանի եւ Ս. Փիրումեանի զեկուցումը: Վերջինս լեցուն է անպատկառ սուտերով՝ – «Թաթարները զէնք մատակարարած են հայերուն», «Թաթարները տաճկական արշաւանքին դէմ եղած են», «Ղարաբաղի համագումարները գերադասած են միանալ Խորհրդային Ռուսիոյ եւ միայն, յոռեգոյն պարագային Հայաստանին միանալու որոշում տուած են», «Ղարաբաղի մէջ սկսած շարժումը տեղի ունեցած է միայն պոլշեւիկներուն զէնքի յաջողութեան համար», եւ այսպիսի այլ անամօթ յերիւրանքներով լեցուցած են իրենց զեկուցումը՝ հայ ժողովուրդը վաճառքի հանող այդ դաւաճանները: «Բնորոշ է նոյն թերթի խմբագիր Միխայէլ Պաւլովիչի ծանօթագրութիւնը, որ դրուած է զեկուցումին տակ, ուր ան կը յայտնէ, թէ Մոսկուա եկած (այս) անձերը եւ Սոցիալ դեմոկրատ ինթերնասիոնալիստներու կազմակերպութիւնը սերտ յարաբերութեան մէջ են պոլշեւիկներու անդրկովկասեան մարմիններուն հետ եւ Անդրկովկասի ու մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող պոլշեւիկեան խռովութիւններուն մասնակից են:
«Ինչո՞ւ վէճի առարկայ դարձուցին Ղարաբաղը, այսօր բոլորին յայտնի է ու մեզի համար հետաքրքրական՝ իմանալու, թէ ի՞նչ պատճառով նոյն ուղեգիծը բռնած են որոշ տեսակի հայեր եւ կազմակերպութիւններ:
«Իշխանութեան տենչ – ահա պատճառ մը. այդ մարդուկները իշխելու մոլուցքով լեցուած, ջղային դրութեան մէջ կը փնտռեն տեղ մը, անկիւն մը, ուր կը կարենային իշխանաբար հրամայել ու իշխելու իրենց ծարաւը յագեցնել:
«Ի հարկէ, այդ մոլի ցանկութիւնը ծածկելու համար անոնք մեզի պիտի ներկայացնեն զանազան շինծու փաստեր, հաստատելու, որ Ղարաբաղը Հայաստանին չէ. անոնք ի՞նչ կ՛ըսեն. «Ղարաբաղը տնտեսապէս կապուած է Ազրպէյճանին», ահա այս պատճառաբանութեամբ կը խօսին ամէն օր եւ ամէն տեղ այդ հոգեկան հիւանդները:
«Անոնք որոնք ծանօթ չեն Ղարաբաղին ու անոր պատմութեան, պէտք է այսօր գիտնան, որ սխալ է անոնց յայտարարութիւնը, իսկ անոնք որոնք քաջածանօթ են Ղարաբաղին, պէտք է հասկնան, որ անոնց ըսածը սուտ է:
2. Հայաստանը եւ Արցախը 1994-2011:
«Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած պայքարը հին է ու երկարատեւ: Դարերու ընթացքին հայերու եւ աղուաններու, ապա հայերու եւ թաթարներու միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքը եղած է այն, որ (երբեմն*) նուաճուած է միայն Ղարաբաղի տափարակը, իսկ լեռնային մասը պահպանած է իր գոյութիւնը, ինքնամփոփ տնտեսութեամբ: Այս երեւոյթը (նաեւ*) շարունակուեցաւ այն օրերուն, երբ ռուսերը տիրացան Ղարաբաղին. մէկ երկրամասին երկու կտորները՝ բարձունքն ու դաշտը մնացին անջատ, նոյնիսկ տարբեր՝ իրենց տնտեսութիւնով:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տնտեսութեան որոշ ճիւղեր (պետական) լապիտալիստական բնոյթ ստացած են, ինչպէս օրինակ մետաքսագործութիւնը, պղինձի հանքերուն մշակումը եւ այլն, երեւոյթ մը, որ բոլորովին չի նկատուիր աղիւսակի վրայ:
«Տնտեսական կապը ցոյց տալու համար, դաշտը գրաւած թաթարներուն միակ ու գլխաւոր պատճառաբանութիւնը արօտավայրերն են: Այդ պատճառաբանութիւնն ալ կը վերանայ, եթէ ուշադրութիւն դարձնենք հետեւեալին.
«Նախ՝ որքա՞ն ճամբայ պէտք է կտրեն քոչուոր թաթարները արօտավայրեր բարձրանալու համար, 200-250, մինչեւ 300 վերստ (վերստ=1067 մեթր*). միթէ սա կը նշանակէ՞ տնտեսապէս կապուած ըլլալ որեւէ երկրամասի հետ:
«Զանգիբասար (Մասիս*) մը, Շարուր (Վայոց ձոր*) մը իրենց միատեղ աննպաստ կլիմայով հանդերձ, անխոնջ աշխատանքով դրախտի վերածուած են. Ղարաբաղի տափարակը, որ Զանգիբասարի եւ այլ տեղերու համեմատութեամբ աւելի նպաստաւոր կլիմայական պայմաններ ունի, պէտք չէ՞ ի վերջոյ մշակուի եւ միթէ կարելի չէ՞ թաթարը ապրի այդ տափարակին վրայ հրաժարելով թափառիկ կեանքէն:
«Մեր պատմագիրները կը նշեն, թէ ի՛նչ նախանձելի վիճակ ունեցած է երբեմն Քուռի (Կուր գետ) հովիտը, որքա՛ն արգաւանդ, որքա՛ն բարեբեր: Ի՛նչ պատահած է այժմ, որովհետեւ թափառաշրջիկ ու աւազակաբարոյ, ծոյլ եւ թալանչի տարրը կը գերադասէ Ղարաբաղի լեռներուն մէջ աւազակութեամբ զբաղիլ, քան թէ դաշտի վրայ հողագործութիւն կատարել:
«Արօտավայրերու պատճառաբանութիւնը, ուրեմն անհիմն ու դատարկ խօսք է, որ յօրինուած է այլ նպատակներով եւ, իրապէս, այդ խնդիրը Ազրպէյճանի համար երբե՛ք տնտեսական նշանակութիւն չունի: Անոր նպատակն է ճզմել Հայաստանի հանրապետութիւնը, իսկ այդ նպատակին հասնելու ամենէն թիւրին միջոցը Ղարաբաղի գրաւումն է:
«Այնուհետեւ դասախօսը կանգ առնելով ռուս կառավարութեան Ղարաբաղի շրջանին մէջ վարած քաղաքականութեան վրայ, պարզելով այդ քաղաքականութեան արհեստական բնոյթն ու ստեղծած արհեստական կապերը, կ՛եզրակացնէ, որ Ղարաբաղի միակ բնական կապը եղած է ու կը մնայ Հայաստանի հետ:
«Ղարաբաղի հայութիւնը կը ձգտի դէպի Հայաստան, որովհետեւ եթէ Ազրպէյճանի մէջ մուսաւաթականները իշխանութեան գլուխ անցնին, հայերը կ՛ապրին գերութեան մէջ, տաժանելի վիճակի մէջ: Եթէ պոլշեւիկները տէր դառնան, դրութիւնը նոյնը կը մնայ: Ամփոփուելով ինքն իր մէջ, Ղարաբաղը կը հարկադրուի ելք մը գտնել լոյս աշխարհ դուրս գալու համար: Այդ միակ ելքը Հայաստանն է, որ Սեւ ծովի իր նաւահանգիստներուն միջոցով Ղարաբաղը պիտի միացնէ Եւրոպային:
«Երկրորդ դասախօս, Աշոտ Մելիք-Յովսէփեանը կը ծանրանայ Ղարաբաղի ներկայ քաղաքական վիճակին վրայ, ցոյց տալով, թէ ինչպէս օգոստոս 10-ի պայմանագիրին համաձայն, Ղարաբաղը դարձնելով չէզոք գօտի ու իրենց զօրքերով գրաւելով, պոլշեւիկները կ՛օգտագործեն զայն իրենց շահերուն համար՝ ոտքի տակ առնելով ամեն իրաւական ու բարոյական օրէնք՝ ինչպէս անոնք աննախընթաց վայրագութեանց, ոճրագործութեանց, թալանի ու կողոպուտի զոհ դարձուցին Ղարաբաղը իր բնակչութեամբ:
«Այնուհետեւ բանախօսը վերյիշելով Ղարաբաղի մօտիկ անցեալը՝ տաճկական տիրապետութիւնը, անգլիացիներուն գալուստն ու անոնց վարած քաղաքականութիւնը, համեմատելով այդ անցեալը ներկայ վիճակին հետ ըսաւ. Մարդ կը գիտնայ այդ ամէնը, երբ կը յիշէ, որ այժմ Ղարաբաղը պոլշեւիկներու տիրապետութեան տակ կը գտնուի: Այդ «չէզոք գօտիի» կորովի հայութիւնը պոլշեւիկեան բռնութեան տակ կը տառապի:
«Ազատատենչ ու հայրենաբաղձ Ղարաբաղը, որ պատմութեան ընթացքին անձնուիրութեան փայլուն օրինակներ տուած է, անգամ մը եւս ինքզինք զոհեց Հայաստանի համար, – բռնադատուեցաւ իր կամքը, ականատես եղաւ իր ինչքերու թալանին, զսպեց իր ցասումը բռնութեանց հանդէպ:
«Ղարաբաղի ազատագրումը մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ»: Վերջ դասախօսութեան:
100 տարի առաջ ալ Արցախը օտարին յանձնող եւ իրենց այդ արարքը արդարացնող դաւաճաներ գտնուած են, ինչպէս այսօր: Սակայն այժմ, ի տարբերութիւն 1920-ի՝ Հայաստանի վարչապետն ու իր իշխանութեան վրայ գտնուող խումբն է դաւաճանողը:
Շատ զարմանալի ու անընդունելի կը գտնեմ ոմանց կողմէ դաւաճաններուն «դաւաճան» որակումը մեղմացնող, նո՛յնիսկ արդարացնող, փոխարէնը ուրիշներուն՝ «հիներուն» անհամեմատելի յանցանքներուն մասին անդադար յիշեցնող նողկալի ճիգերն ու մարմաջը: Անոնք կը համեմեն ու կը ծածկեն այս դաւաճաններուն վարքագիծը «միասնութիւն», «համերաշխութիւն», «եղբայրասիրութիւն» եւ նման սին, անտեղի ու անիմաստ՝ անհամապատասխան լոզունգներով:
Այնքան ժամանակ, որ բանը իր անունով չենք կոչեր, եւ պատմութենէն դասեր չենք քաղեր, ու դաւաճանները չենք պատժեր՝ մեր ազգին գլխուն փորձանքները պիտի չպակսին, քանի որ մեր թշնամիներն ու աշխարհի քաղաքականութիւնը վարողները անդադար դաւադիր գործի մէջ են:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
2 փետրուար 2021
* Ընդգծումներն ու լուսաբանութիւնները իմս:
(1) «Յառաջ», 26 հոկտեմբեր 1920, թիւ 233, էջ 3, Երեւան:
(2) https://hy.wikipedia.org/wiki/Դավիթ_Անանուն
haroutchekijian.wordpress.com/2021/02/02/ղարաբաղը-վէճի-առարկայ-ժողով-դասախօ/